Պոլիս. Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թաներ Աքչամի Թրքերէնով Նոր Հատորը

11 de mayo de 2021

Եղեռնի 106-րդ տարելիցի սեմին «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց «Հայոց ցեղասպանութեան ամփոփ պատմութիւնը» գործը, որուն հեղինակն է Թաներ Աքչամ: Գիրքին խմբագիրներն են` Օնուր Քոչիղիթ եւ Ռոպեր Քոփթաշ:

Գործը Թաներ Աքչամի ցարդ հեղինակած գիրքերու շարքէն որոշ չափով կ՛առանձնանայ, որովհետեւ ան փորձած է նիւթը համառօտ եւ մատչելի ձեւով մատուցել` ընթերցողները մտածումներու մղելու նպատակով: Աքչամ իրադարձութիւնները կը դիտարկէ պաշտօնական տեսակէտներու ազդեցութենէն զերծ մնալով:

Հրատարակիչները կը մատնանշեն, որ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կարգ մը առումներով յստակօրէն կը տարանջատուին, ունին սուր ճամբաբաժաններ, սակայն նոյն ժամանակ կարգ մը առումներով ալ ունին հետեւողականութիւն եւ շփում: Այս ոլորտներուն վերաբերեալ իրադարձութիւնները, հասկացողութիւնները եւ վէճերը վերջին տարիներուն պատմաբաններու առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դառնան: Կայսրութենէն հանրապետութիւն անցումի ամէնէն սուր ու ողբերգական անկիւնադարձերէն մէկուն վրայ ի յայտ կու գայ Հայկական հարցը:

Աքչամ, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր իբրեւ պատմաբան խոշորացոյցի տակ առած է այս նիւթը, ներկայ գիրքին մէջ թէեւ ամփոփում մը կը մատուցէ, սակայն ընդհանուր շրջանակ մըն ալ կը գծէ` բիւրեղացնելու համար 1878-1923 ժամանակաշրջանին վերաբերեալ ընկալումները: Օսմանեան կայսրութեան մէջ գրեթէ չորս բնակիչներէն մին քրիստոնեայ էր: Այսպիսի ժողովրդագրական իրականութենէ մը ետք, ըստ հրատարակիչներուն, Ցեղասպանութիւնը հայոց հետ սահմանափակ չէ մնացած, եւ գործընթացը այնպիսի հետեւանքներու ծնունդ տուած է, որ քրիստոնեայ տարրերը ընկերային եւ մշակութային առումով ոչնչացուած են: Հանրապետական շրջանի քաղաքականութիւններով այս գործընթացը տեւականացուած է զանազան միջոցներով: Առ այդ, մերօրեայ Թուրքիոյ ընկալման տեսանկիւնէն ալ այս բոլորը ունին բանալիի նշանակութիւն:

Աքչամի այս գիրքը օսմանեան պետութեան քրիստոնեայ բնակչութեան` համակեցութենէն դէպի ոչնչացում տարուիլը կը բացատրէ, որոշումներ տուած ենթականերով հանդերձ: Հրատարակիչները կը մատնանշեն, որ փորձառու պատմաբանը այս բոլորը մատչելի կառուցուածքով մը ընթերցողին կը ներկայացնէ իր հարուստ պաշարով:

Ազդակ