Սաու Փաուլոյի Հ Յ Դաշնակցութեան կոմիտէն կատարեց իր նոր գրասենեակի բացումը ընկեր “Յովհաննէս Գիլէյճեան”ի անունով

15 de mayo de 2022

Սաու Փաուլոյի Հ Յ Դաշնակցութեան կոմիտէն Մայիսի 1 ին կատարեց իր նոր գրասենեակի բացումը, որ կը կրէր հանգուցեալ ընկեր Յովհաննէս Գիլէյճեան ի անունը, ՀՕՄ ի նստավայրի մէջ։

Բացմանը ներկայ էր թեմի առաջնորդ Նարեկ Եպս. Պերպերեան Քահանայ հայրեր, կազպակերպութեան ներկայացուցիչներ, ոմանք իրենց ներկայութեամբ եւ ոմանք նախօրոք շնորհաւորանքներ ուղարկելով, ինչպէս` Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւոյ հիւպատոսուհի Տիկ. Հիլտա Պուրմաեան, հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գործադիր վարչութեան ատենապետ Տօք. Տիգրան Գիւլծեան, հայ Աւետարանական կեդրոնական եկեղեցւոյ եւ հայ եղբայրական Աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէն։

Ներկայ էին հանգուցեալ ընկերոջ ընտանիքը , որի զաւակը Յովհաննէս Գիլէյճեանը բարերարն էր գրասենեակի վերանորոգման, ներքին կահաւորումը եղաւ կոմիտէիս ընկերներու աջակցութեամբ։

Բացման խօսքը արտասանեց կոմիտէիս հերթապահ ընկերուհի Անահիտ Պոկեածեան, ուր շնորհաւոր եց կոմիտէութեան եւ կարեւորեց Գրասենեակ մը ունենալը կոմիտէի աշխատանքներուն համար , կուսակցութեան ընդհանուր գործունէութեան որը արդեն ունի 132 տարուան պատմութեան փորձ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հանգուցեաի զավակին, որ ընդառաջեց կոմիտէի առաջարկին եւ ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ։

Ետքէն ընկեր Կարօ Յովհաննէսեան կարճ խօսք արաւ, նշեց բացման օրուայ կարեւորութիւնը որը կը հանդիպէր Մայիսի 1 բանւորներու օրին եւ Դաշնակցութեան համար շատ բան կը նշանակէ այն օրը , ուր կուսակցութեան քայլերգի մէջ շատ յստակ բացատրուած է, երբ կըսենք "մշակ Բանւոր, ռենչպէր աղբեր ….."եւ նաեւ  հանգուցեալ ընկեր `Յովհաննէս Գալայճեանի անունը չէր պատահական, որով ընկերը ինչպէս իր խօսքերովը "կուսակցութեան զինւորն եմ" կըսէր, եւ այսպիսով մենք կառժեւորենք այդ զինւորի կերպարը , համեստ ծառայողի,  ուր եւ երբ ըլլայ։

Դուստրը Լիա Գիլէյճեան կարդաց հանգուցեալ հոր կենսագրականը , հուզմունքը իր եւ բոլոր ներկաներուն աջքերուն։

Թեմիս առաջնորդ օրհնեց գրասենեակը եւ իր բարեմաղթանքները յայտնեց կոմիտէութեանս իր ապագայ աշխատանքներուն մէջ։ Ջերմ մթնոլորտով մեր համակիրները եւ ընկերները երկար ընդմիջումէ մը ետք Գովիտի պատճառաւ,  քով քովի եկած մտերմիկ ժամանակ մը անցուցին։

Կարեւորէ յիշենք նաեւ, օրուայ հիւրասիրութիւնը ստանձնած էր համազգայինի վարչութիւնը, եւ մեր գույր Միւթիւնը իրեն բաժին հասած պարտականութիւնը լիովին տեղի բերաւ։Անսահման շնորհակալութիւն մեր համազգայինի վարչութեան։