Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու երիտասարդական քաղաքական կազմակերպութիւնները՝ հայ ժողովուրդի հատուցման կոչ կ՝ուղղեն Թուրքիոյ

19 de agosto de 2020

 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութեան հարիւր ամեակին առիթով` նախաձեռնեց դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու՝ ընկերվար երիտասարդական միութիւններու հետ համատեղ յայտարարութեան հրապարակման, որ ստորեւ կը նեկայացնենք.

 

Միացեալ յայտարարութիւն նուիրուած՝ Սեւրի դաշնագիրի հարիւր ամեակին

Սեւրի դաշնագիրը կը հանդիսանայ իրաւական միջազգային միակ փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցումը: Դաշնագիրը ստորագրուած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն յետոյ՝ 1920-ին, Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովի ընթացքին՝ Դաշնակից ուժերու և Թուրքիոյ միջեւ:

Հիմք ընդունելով այն բանաձեւը, որ միաձայնութեամբ ընդունուած է Երևանի մէջ՝ Ընկերվարական Երիտասարդական Միջազգային Միութեան (ԸԵՄՄ/IUSY) համաշխարհային խորհուրդի ժողովին (2015), որ կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը.

Մենք՝ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրներու կամ անոնց իրաւայաջորդ պետութիւններու ընկերվարական և ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական կազմակերպութիւններ, կը վերահաստատենք Սեւրի պայմանագիրի կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ՝ ձեռնարկել Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման քայլեր եւ սկսիլ հայ ազգի իրաւունքներու վերականգման գործընթացին:

Մենք համոզուած ենք, որ այս մէկը երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ փոխվստահութիւն նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միակ միջոցն է:

Յայտարարութիւնը ստորագրուած է հետեւեալ երիտասարդական կազմակերպութիւններու կողմէն.

Պելճիքա – Երիտասարդ Ընկերվարներ
Պելճիքա – Ընկերվար Երիտասարդներու Շարժում
Թուրքիա– Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Երիտասարդական
Իտալիա – Երիտասարդ ժողովրդավարներ
Լեհաստան – Երիտասարդ Ընկերվար Ժողովրդավարներու Միութիւն
Քրուաթիա – Քրուաթական Ընկերվար Ժողովրդավարական Երիտասարդներ
Գանատա – Գանատայի Նոր Ժողովրդավար Երիտասարդներ
Հայաստան– Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական- Հ.Յ.Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութիւն
Յունաստան – Համայունական Ընկերվարական Շարժում- ՊԱՍՈԿ Երիտասարդական
Հնդկաստան – Երիտասարդ Քուէարկողներու Կուսակցութիւն
Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն– Մակեդոնիոյ Ընկերվար Ժողովրդավար Երիտասարդներ
Նոր Զելանտիա – Նոր Զելանտիոյ Երիտասարդ Աշխատաւորականներ
Չեխիա – Երիտասարդ Ընկերվար Ժողովրդավարականներ
Փորթուկալ – Երիտասարդ Ընկերվարականներ
Սերպիա – Ազատութիւն Եւ Արդարութիւն Կուսակցութեան Երիտասարդներ
Սլովենիա – Ընկերվար Ժողովրդավարականներու Երիտասարդական Ֆորում
Ֆրանսա – Ընկերվար Երիտասարդներու Շարժում