Վարչա­պետ Փա­շի­նեա­նի շնորհաւո­րա­կան ուղերձը

07 de enero de 2020

Հա­յաստա­նի վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն ա­ռի­թով, Հանրա­պե­տութեան հրա­պա­րա­կին վրայ հաւա­քուածնե­րուն ուղղեց շնորհաւո­րա­կան խօսք մը:

Վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան յայտա­րա­րեց, որ ներկա­յիս Հա­յաստան կը գտնուի աղքա­տութեան ա­մէ­նէն ցած մա­կարդա­կին վրայ, Հա­յաստա­նի մէջ մի­ջազգա­յին պա­հեստնե­րը հա­սած են աննա­խա­դէպ ծաւալնե­րու` գե­րա­զանցե­լով 2,8 մի­լիառ տո­լա­րը, իսկ 2019-ի պե­տա­կան պիւտճէի հարկա­յին ե­կա­մուտնե­րը գե­րա­կա­տա­րուած են աւե­լի քան 100 մի­լիառ դրա­մով: Հա­յաստա­նի կա­ռա­վա­րութիւնը կ՛ի­րա­կա­նացնէ բազմա­թիւ ծրա­գիրներ, ո­րոնց մի­ջո­ցով հա­զա­րաւոր ընտա­նիքնե­րու կ՛ա­ջակցի` աշխա­տանքով յաղթա­հա­րե­լու աղքա­տութիւնը եւ կա­ռուցե­լու բա­րե­կե­ցութիւն: Ըստ վարչա­պե­տին, մա­յիս 2018-էն սկսեալ ստեղծուած են շուրջ 84.000 նոր աշխա­տա­տե­ղեր եւ նուա­զած է անգործնե­րուն թիւը:

“2020 թուա­կա­նը պի­տի դառնայ հա­մազգա­յին տրա­մադրութեան, ինքնավստա­հութեան ու հաւա­տի անհա­տա­կա­նացման տա­րի: Նոր տա­րուան ընթացքին սե­փա­կան ուժե­րու եւ ա­պա­գա­յի նկատմամբ հաւատքով ու ե­ռանդով պի­տի հա­մա­կուին նոյնիսկ թե­րա­հաւատնե­րը, եւ մենք իւրա­քանչիւր քա­ղա­քա­ցիի պէտք է ուժ տանք, վստա­հութիւն, քա­ջա­լե­րանք, որ ինք կրնայ, ինք ունակ է, ինք ի վի­ճա­կի է ունե­նա­լու յա­ջո­ղութիւններ` կրթութեան, ասպա­րէ­զին մէջ, ձեռնե­րէ­ցութեան, արդար, ստեղծա­գործ, գրա­գէտ աշխա­տանքով արդիւնք ստեղծե­լու, հարստա­նա­լու եւ սե­փա­կան երկի­րը հարստացնե­լու գործին մէջ”:
Հա­յաստա­նի վարչա­պե­տը խոստա­ցաւ, որ 2020-ը պի­տի ըլլայ “թե­րա­հաւատնե­րու յուսա­վա­ռուե­լու եւ հաւա­տաւորնե­րու թռիչքի տա­րի”