Վիրթուալ Դամբանական

17 de junio de 2020

Երբ վերելակը կանգ կ՛առնէր հինգերորդ հարկը եւ թը՜ռ-թը՜ռ կը լսուէր կարի մեքենաներու ձայնը, գիտէինք, որ ընկհ. Ամանտան եւ ընկհ. Մարի Պազարեանն էին կարի սենեակը նստած, մեքենաներուն կեանք կու տային հագուստներ, տաբատներ ձեւաւորելով: Ապա երկար ժամեր կը տրամադրէին հանդերձարանը դասաւորելու իրենց ընկերուհիներուն հետ:

Այսօր ամէնքն ալ ոչ եւս են եւ մեքենաները լո՜ւռ:

Ընկհ. Ամանտա Մահսերեճեանը վերջին զօրականն էր Աշխէն Սերակոբեաններու, Մարի Մերտինեաններու եւ Ռաքէլ Քիրքոսներու փաղանգին, որու սրտին մէջ եզակի տեղ գրաւած էր Հ.Օ.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Պուէնոս Այրէսի Օ. Պօտուրեան-Օ. Տիարպէքիրեան Հանգստեան Տունը:

Պարտաճանաչ հօմուհի էր ընկերուհին, հաւատարիմ՝ Հ.Օ.Մ.ի առաքելութեան: Սակայն իր ծառայութեան առանցքը կը կազմէր խնամածութիւնը: Այդ համոզումով ան 4 տասնամեակներէ աւելի մաս կազմած էր Հանգստեան տան Խնամակալ Յանձնախումբին եւ մինչեւ թագաժահրի յայտնաբերումը վերջին ամիսներուն, գործօն ներկայութիւն էր մեր Հանգստեան Տունէն ներս:

Մեզի համար ան ընկհ. Ամանտա էր, իսկ համայնքին մէջ ծերանոցին Ամանտան: Ան կնքուած էր Հանգստեան Տունով:

Մեր մամիկ-պապիկները պիտի կարօտնան իր հոգատարութիւնը, ժպտուն դէմքը, խօսքերը եւ երբեմնի զուարճութեամբ յանդիմանութիւնը:

Սիրելի ընկհ. Ամանտա,
Այս անիծեալ համաճարակի պատճառով կարելի չեղաւ պարզել Հ.Օ.Մ.ի դրօշը կրծքիդ վրայ: Բայց անկասկած՝ քու խնամատարական դրոշմդ պիտի մնայ Հարաւամերիկայի հօմուհիներուն եւ յատկապէս մեր Հանգստեան Տան մէջ:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները ընտանեկան պարագաներուն:

Յիշատակդ վառ, հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկերուհի:

Վստահ ենք, որ հո՛ն, վերը պիտի միանաս սիրելի ընկերուհիներուդ եւ միասնաբար պիտի լուսաւորէք մեր ճամբան, ի մասնաւորի ձեր սիրելի տունը՝ Հ.Օ.Մ.ի Հանգստեան Տունը: