Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել Հանդիպումէն Առաջ. Փաշինեան-Միշել Առանձին Հանդիպում` Պրիւքսելի Մէջ

08 de abril de 2022

6 ապրիլին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում մը` Փաշինեանի եւ Միշելի միջեւ:

Կողմերը անդրադարձան նախատեսուած եռակողմանի հանդիպումին եւ կարեւոր նկատեցին երկխօսութեան շարունակականութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններուն պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդկային խնդիրներն ու ընդգծեց միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:

Ն. Փաշինեան եւ Շարլ Միշել միտքեր փոխանակեցին նախորդ տարուան 14 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալ` յոյս յայտնելով, որ եռակողմանի բանակցութիւնները կ՛ըլլան արդիւնաւէտ, ինչ որ պիտի նպաստէ կայունութեան ու խնդիրներու համապարփակ լուծման:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշել քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար` միութեան կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2,6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի իրագործման ընթացքը: