Հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու հա­նդի­պում

“­Հա­յաս­տա՛­նը իմ տունս է”

09 de febrero de 2017

retornoՓետ­րո­ւար 2ին, «­Հայ­րե­նա­դարձ­նե­րը` տուն դար­ձած­նե­րը» շաբ­թո­ւան ծի­րէն ներս, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում՝ ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու հետ:

Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը` Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան նշեց.- «­Դահ­լի­ճին մէջ ներ­կայ են հայ­րե­նի­քի մէջ հաս­տա­տո­ւած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէ: ­Հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րե­լու ո­րո­շու­մով՝ դուք աշ­խար­հին ու Հա­յաս­տա­նին ցոյց տո­ւած էք ձեր մարդ­կա­յին բնու­թա­գի­րը: Եւ մեր այս հա­ւա­քը կու գայ փաս­տե­լու, որ ­Հա­յաս­տան նաեւ կը վե­րա­դառ­նա՛ն: ­Դուք ե­կած էք, որ մաս­նա­կից ըլ­լաք հայ­րե­նի­քի շէ­նաց­ման գոր­ծին, ձեր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լու մեր հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման։ Ե­կած էք, որ­պէս­զի ձեր հո­ղին, ձեր ջու­րին, ձեր ինք­նու­թեան, ձեր ար­մա­տին ա­ւե­լիով կառ­չած մնաք։ ­Մենք մեր երկ­րին մէջ պար­տա­ւոր ենք պահ­պա­նե­լու լա­ւը, իսկ վա­տը շտկե­լու` մշտա­պէս ա­ռաջ մղե­լով «­Հա­յաս­տա՛նն է իմ տու­նը» կար­գա­խօ­սը: ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, վեր­ջին 4-5 տա­րի­նե­րուն, հաս­տա­տո­ւե­ցան նաեւ 22 հա­զար սու­րիա­հա­յեր, եւ ես ու­րախ եմ, որ ի­րենց հետ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը բե­րին ապ­րե­լու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու նոր մշա­կոյթ եւ նոր մօ­տե­ցում­ներ»:

Նա­խա­րա­րը՝ տե­սա­նիւ­թի մի­ջո­ցով՝ յի­շե­ցուց յայտ­նի բա­րե­րար­ներ ­Քըրք Քր­քո­րեա­նը, Է­տո­ւար­տօ Էռ­նե­կեա­նը, ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեա­նը, ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեա­նը, ­Վա­չէ Մա­նու­կեա­նը, ­Սեմ ­Սի­մո­նեա­նը, ­Ճե­րարտ ­Գա­ֆէս­ճեա­նը, ­Վա­հագն ­Յով­նա­նեա­նը, ­Սեր­գէյ Համ­բար­ձու­մեա­նը, ­Լե­ւոն ­Հայ­րա­պե­տեա­նը, ­Սեր­գէյ եւ ­Նի­քո­լայ ­Սար­գի­սով եղ­բայր­նե­րը ու շատ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք ի­րենց կա­տա­րած մեծ բա­րե­րա­րու­թեամբ ու ներդ­րում­նե­րով՝ նպաս­տած են հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման գոր­ծին։

Ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին տե­սա­նիւթ, ուր բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­դարձ­ներ նե­ր­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց հայ­րե­նա­դարձ­ման շար­ժա­ռիթ­նե­րը:

Ա­պա խօսք ա­ռին շատ մը հա­յրե­նա­դարձ­ներ՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ի­րենց ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւե­լու ո­րո­շու­մին եւ հոս ու­նե­ցած ի­րենց կեան­քի փո­փո­խու­թեան ու ո­րա­կին։