Սեդօ Պոյաճեան

Ազատ Արցախը Հայաստանի անվտանգութեան թիկունքն է

10 de septiembre de 2018

ArtsajԻնչպէս Սօս Սարգսեան ըսած է, «Ձեզի համար Ղարաբաղը հողատարածք է, մեզի համար հայրենիք է։» Պատմական ճշմարտութիւն եւ քաղաքական տրամաբանութիւն կայ այս հաստատումին մէջ։

Եւ կայ աւելին։ Աշխարհաքաղաքական ու հայրենիքի անվտանգութեան ճիշդ ռազմավարութեան հրամայականին թելադրանք է։ Որովհետեւ, ազատ Արցախը, իր բոլոր ազատագրուած տարածքներով, թիկունքն է Հայաստանին։ Առանց Արցախի խոցելի է Հայաստանը, ինչպէս առանց Սիւնիքի անպաշտպանելի է հայրենիքը։

Այսօր, բանակցային ու այլ միջոցներով ճնշումներ կը բանեցուին հայրենի պետութեան վրայ, որպէսզի Արցախեան հարցին «բարւոք լուծման» համար հայութիւնը զիջումներ կատարէ Արցախի հաշւոյն։

Ներկայ քաղաքական միջավայրը այն կացութիւնն է, որ ազգային առաջնորդը կը զանազանէ միամիտ ղեկավարէն, եւ յանդուգն ղեկավարը՝ կորաքամակ քաղաքական գործիչէն։

Քաղաքական, ապահովական եւ ռազմավարական մերկ ճշմարտութիւնը այն է, որ հարցի խաղաղ հանգուցալուծման կողմնակից ըլլալով հանդերձ, նպատակը խաղաղութիւնը չէ, այլ՝ Հայաստանի անվտանգութիւնն է։ Մեր պետական այրերը իրաւունք չունին խաղաղութեան սիրոյն վտանգեն հայրենիքը եւ զիջին ի վնաս արդարութեան։

Ժամանակն է կրկին ականջալուր ըլլանք, ու առաջին հերթին ականջալուր ըլլան հայրենի պետական այրերը, Ռուբէն Տէր Մինասեանի աշխարհաքաղաքական հետեւեալ ակնարկութեան- «Հակառակ ժողովրդեան կամքին՝ այսօր Զանգեզուրի մէկ մասը Քիւրդ Կռայ անուան տակ, Ղարաբաղը եւ Գանձակը միացուցած են Ադրբեջանին։ Այս գաւառները բռնի խլած են Հայաստանէն եւ զանոնք վերածած դիակի մը՝ ինկած Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ ոտքերուն տակ։

«Այսօրուան այս ողորմելի իրողութիւնը նախատեսելով էր, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ զէնքի դիմելու եւ պատերազմելու։ Ան իր կռիւներով կրցաւ միայն շատէն քիչը փրկել՝ իր ձեռքին պահելով Դիլիջանն ու Զանգեզուրը։ …» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱԴՐԲԵՋԱՆ», «Հայրենիք» ամսագիր, 1927, 8րդ համար։)

Որեւէ բանակցութիւն պէտք է մեկնի հայրենիքի անվտանգութեան նկատառումներէն, եւ ոչ թէ «խաղաղութեան» սկզբունքներէն։

Ի վերջոյ, նաեւ յիշենք թէ մենք յաղթեցինք, Ատրպէյճանը պարտուեցաւ։ Յաղթող կողմը կը պարտադրէ իր պայմանները, պարտուող կողմը կը կատարէ զիջումները։