«Ազրպէյճանը պէտք է պատժուի» կ՛ըսէ պատգամաւորԱղուան Վարդանեան

21 de noviembre de 2014

10_VardanyanԱզրպէյճանի կողմէ ուղղաթիռի կործանումը նոր իրավիճակ կը ստեղծէ յարաբերութիւններուն մէջ. մէկ բան յստակ է` Ազրպէյճանը զերօ մակարդակի հասցուց երկար ընդմիջումէ մը ետք այս տարի նախագահներու մակարդակով տեղի ունեցած երեք հանդիպումները: Կը կարծեմ, որ Հայաստանը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը, որովհետեւ մենք կորսնցուցինք մեր ուղղաթիռի անձնակազմը` հրաշալի տղաքը, եւ ակնյայտ է, որ այս ընթացքը շարունակելը ուղղակի յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:

Այս մասին 14 նոյեմբերին խորհրդարանական զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Պատգամաւորին խօսքով` Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն կ՛ապացուցէ, որ պիտի շարունակէ սադրանքներու լեզուով խօսիլ, այնպէս որ ուղղաթիռի կործանումը պէտք է ստիպէ մեզ մտածել այն մասին, որ Ազրպէյճանը պէտք է պատժուի, յատուկ թիրախային գործողութիւններ պէտք է իրականացուին: «Որովհետեւ մինչեւ Ազրպէյճանը չպատժուի` այս ձեւը պիտի շարունակուի: Եւ երկրորդ` մենք պէտք է կարենանք Հայաստանը դարձնել մարդու երկիր եւ ոչ թէ մեր դրացիին նման տոհմական անասուններու երկիր», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղաթիռով Լեռնային Ղարաբաղ մեկնելու փաստին, որ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օդային տարածքը փակ յայտարարելու փաստին իբրեւ հակազդեցութիւն, Վարդանեան նշեց. «Առաջին քայլը կարելի է նկատել նախագահի ուղղաթիռով այցելութիւնը Ղարաբաղ: Բայց ասիկա միայն խորհրդանշական նշանակութիւն ունի, իսկ խորհրդանշական քայլերով սահմանափակուիլ կարելի չէ: Մենք երեք տարի է, որ կը խօսինք Ստեփանակերտի օդակայանի մասին, եւ ահա հիմա Ազրպէյճանը կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օդային տարածքը փակելու մասին: Այս իմաստով շատ ընելիք ունի մեր քիչ գործունեայ արտաքին գործոց նախարարութիւնը»: