Ալեքսանտր Լափշին: Եթէ Հայաստանի կեցուածքներուն թուլացման հետեւանքով կորսնցնէք Արցախը, գիտցէ՛ք, որ անոնք ձեզ կը մորթեն”

19 de septiembre de 2017

lapshin aԻս­րա­յէ­լի եւ ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­ցի՝ պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շին, որ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ նե­րում ստա­նա­լով օ­դա­նա­ւով տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Թել Ա­ւիւ, իր է­ջին վրայ անդ­րա­դար­ձած է Ար­ցա­խի տագ­նա­պին նկատ­մամբ իր դիր­քո­րոշ­ման, Ատր­պէյ­ճա­նի իս­կա­կան պատ­կե­րին, ինչ­պէս նաեւ՝ բան­տին մէջ իր կրած չար­չա­րանք­նե­րուն:

«Կ­՛ամչ­նամ խոս­տո­վա­նե­լու, որ Ատր­պէյ­ճա­նի բանտ մտնե­լէս ա­ռաջ կը հա­ւա­տա­յի, թէ Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պը, որ շատ վի­ճե­լի հարց է, պի­տի լու­ծո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին սահ­ման­նե­րը յար­գե­լու մի­ջո­ցով: Ի՜նչ յի­մար էի ես: Ատր­պէյ­ճան տա­կա­ւին 1988 թո­ւա­կա­նին ա­հա­բեկ­չու­թիւն կա­տա­րած է հա­յե­րուն նկատ­մամբ` ­Պա­քո­ւի, Սում­կա­յի­թի եւ ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ:

«Ին­ծի վե­րա­բե­րող մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան մէջ, զոր ստո­րագ­րած էր Ատր­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր դա­տա­խա­զը, բա­ռա­ցիօ­րէն գրո­ւած էր հե­տե­ւեա­լը.- «­Մե­ղադ­րեալ ­Լափ­շի­նը բռնագ­րա­ւեալ ­Ղա­րա­բա­ղի շրջա­նը ա­նո­ւա­նած է «Ար­ցախ»:

«­Գի­շեր-ցե­րեկ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան մա­սին խօ­սող Ատր­պէյ­ճա­նը ­Ղա­րա­բա­ղի հայ­կա­կան ա­նո­ւան­ման` «Ար­ցախ»ի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կը նկա­տէ ա­նօ­րի­նա­կան: Այ­սինքն՝ հա­յոց լե­զուն օ­րէն­քէ դուրս է: Այս կը նշա­նա­կէ, որ հա­յե­րը պէտք չէ խօ­սին հա­յոց լե­զո­ւով, պէտք չէ ու­նե­նան ի­րենց կրօ­նը, քա­նի որ, ըստ հե­տա­խոյզ ­Թա­լի­պո­վի, «հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մտա­ցա­ծին է, ե­թէ թուր­քե­րը զա­նոնք մոր­թած ըլ­լա­յին, մենք ա­ւե­լի քիչ խնդիր­ներ կ­՛ու­նե­նա­յինք»:

«­Կե­պելս ջղա­յին կը ծխէր…

«­Հա­յե՛ր, դուք կը դի­մա­նաք: Այդ մար­դիկ կը փա­փա­քին ձեզ մե­ռած տես­նել եւ վեր­ջա­կէտ: Եւ ե­թէ դուք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն կամ ­Հա­յաս­տա­նի կե­ցո­ւածք­նե­րու թու­լաց­ման հե­տե­ւան­քով կորսնց­նէք ­Ղա­րա­բա­ղը, գիտ­ցէ՛ք, որ ա­նոնք պի­տի գան եւ ձեզ պի­տի մոր­թեն այն­պէս, ինչ­պէս վա­րո­ւած են թուր­քե­րը 100 տա­րի ա­ռաջ: Ա­նոնց գա­զա­նա­ցու­մը ան­ցած է բո­լոր սահ­ման­նե­րը»,- գրած է ­Լափ­շին:

Լափ­շին իր գրա­ռու­մը ա­ւար­տած է հեշ­թե­կով` «Ա­զե­րո­մա­րազմ»:

Այլ գրա­ռու­մով մը՝ ­Լափ­շին նաեւ հեր­քած է այն լու­րե­րը, ո­րոնց հա­մա­ձայն՝ նե­րում ստա­նա­լէ ետք ինք ան­մի­ջա­պէս նա­մակ գրած է Իլ­համ Ա­լիե­ւին` յայտ­նե­լով.- «Այժմ ես ստա­ցած եմ ան­վի­ճե­լի ա­պա­ցոյց­ներ այն մա­սին, որ ­Ղա­րա­բա­ղը կայ եւ պի­տի ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղը: ­Յոյ­սով եմ, որ ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը կը լու­ծո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբուն­քով»: Ան զար­ման­քով կար­դա­ցած է այս նա­մա­կին մա­սին եւ նշած, որ ա­նի­կա ոչ մէկ ձե­ւով կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ի­րա­կա­նու­թեան, այլ բա­ցա­յայտ կեղ­ծիք է, ո­րով­հե­տեւ ինք հի­ւան­դա­նո­ցի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մուն­քին մէջ պառ­կած չէր կրնար նման նա­մակ գրել ու զղջալ:

Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շին նաեւ հեր­քած է այն լու­րե­րը, ըստ ո­րոնց՝ բան­տին մէջ փոր­ձած է ինք­նաս­պան ըլ­լալ: Պ­լո­կը­րը յայտ­նած է, թէ բան­տին մէջ, ուր կը պա­հո­ւէր, իր վրայ յար­ձա­կած են բան­տար­կեալ­ներ: Ան դի­տել տո­ւած է, որ խոր­քին մէջ ի­րեն նե­րում շնոր­հե­լու Ա­լիե­ւի քայ­լը` ի­րեն նկատ­մամբ գոր­ծո­ւած ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թիւն­նե­րէն ետք, Պա­քո­ւի կող­մէ երկ­րի հե­ղի­նա­կու­թեան բարձ­րաց­ման մի­տող քայլ էր:

«Ես անձ­նաս­պա­նու­թեան փորձ չեմ կա­տա­րած: ­Պա­քո­ւի բանտ դրո­ւե­լուս ա­ռա­ջին օ­րե­րէն իսկ այլ բան­տար­կեալ­նե­րէ սպառ­նա­լիք­ներ ստա­ցած եմ: ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­նոնք զիս մե­կու­սա­ցո­ւած կը պա­հէին, կա­րե­լի չէր խու­սա­փիլ միւս­նե­րուն հետ ճամ­բան հան­դի­պե­լէ:

«­Զիս հար­ցաքն­նած են ­Ռու­սիոյ անվ­տան­գու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի հե­տա­խու­զա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հետ` հա­կա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան թշնա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցով: Ա­տի­կա բա­ցար­ձակ ան­հե­թե­թու­թիւն էր, սա­կայն ճիշդ այդ կը հե­տաքրք­րէր զի­րենք»,- ը­սած է պլո­կը­րը:

Ան պատ­մած է, որ օ­րեր ա­ռաջ ա­նոր բան­տա­խու­ցը տե­ղա­փո­խած են այլ անձ մը: «Եր­կու օր ետք ես արթն­ցայ ­Պա­քո­ւի հի­ւան­դա­նո­ցի բժշկա­կան շտապ օգ­նու­թեան սե­նեա­կին մէջ` վնա­սո­ւած պա­րա­նո­ցով, պա­րա­նո­ցիս վրայ խեղ­դե­լու հետ­քե­րով, կոտ­րո­ւած ա­տամ­նե­րով: Այդ մի­ջա­դէ­պէն ան­մի­ջա­պէս ետք ին­ծի նե­րում շնոր­հո­ւե­ցաւ»,- նշած է Լափ­շին:

Պ­լո­կը­րը գրած է, որ հի­ւանդ է ու կը բու­ժո­ւի: Ատրպէյ­ճա­նա­կան բան­տին մէջ զայն այն­քան ծե­ծած են, կո­կոր­դը սեղ­մած, որ չէ կրցած ջուր կամ կե­րա­կուր կուլ տալ:

«Բ­նա­կա­նա­բար, երբ քեզ կը խեղ­դեն, կը ծե­ծեն` ջար­դե­լով ա­տամ­ներդ, կո­ղոսկր­ներդ, ա­տի­կա մէկ օ­րէն չ­՛անց­նիր: Իմ ա­ռող­ջա­կան վի­ճակս կը նկա­տո­ւի մի­ջին ծան­րու­թեան: Բայց մեր­ժե­ցի հի­ւան­դա­նոց եր­թալ, եւ ճիշդ ը­րի, քիչ-քիչ ար­դէն ա­ռան­ձինս ջուր կը խմեմ եւ կ­՛ու­տեմ»:

Ան նաեւ ա­ւել­ցու­ցած է.- «Ինչ­պէ՞ս գիտ­նա­յի, թէ այս պատ­մու­թիւ­նը մին­չեւ ո՛ւր պի­տի հաս­նի: ­Կայ կար­ծիք, որ կա­րե­լի չէ նե­րել Ատր­պէյ­ճա­նին` զիս չսպան­նե­լուն հա­մար, ուս­տի պէտք է խո­հեմ կեր­պով շար­ժիլ` մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մի­ջո­ցով: ­Կը հա­ւա­տամ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի փոր­ձա­գէտ­նե­րուն, կը հա­ւա­քեմ փաս­տա­թուղ­թեր:

Հե­տա­գայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին կը տե­ղե­կաց­նեմ»,- եզ­րա­փա­կած է Ար­ցախ այ­ցե­լե­լուն հա­մար ատր­պէյ­ճա­նա­կան «սեւ ցանկ»ին վրայ յայտ­նո­ւած եւ բա­զում տագ­նապ­նե­րէ ան­ցած ­Լափ­շին: