Ամեակներու առիթով՝ սփիւռքացած-սփիւռքացող հայու մասին

31 de diciembre de 2017

Hagop-Balian-2Քանի կը հեռանանք Հայաստաններէ եւ հայրենամերձ շրջաններէ, այնքան մենք մեզի եւ մեր միտքին կը հագցնենք ինքնադրժումի եւ ինքնախաբէութեան շապիկ: Տարբերութիւնը կը դառնայ օտարում:

Երբ կը թաթխուիք Հայաստաններէ հեռու հայկական կոչուած համայնքներու մէջ, դուք ձեզ կը մաքրէք զբօսաշրջիկի թեթեւսոլիկութենէ, զուարճասիրութենէ, նիւթապաշտութեան եւ ապահովութեան պատեանը կը ջարդէք, կրնաք թերեւս գտնել դեռ ձեր մէջ ապրող մարդը եւ հայը, դրան առջեւ ձգելով հռետորութեան մղող ամեակներու պերճ շատախօսութիւնը:

Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի արժանացած անգլիագիր Ճոն Մաքսուէլ Քէօթզէ, ծնած 1940ին Հարաւային Ափրիկէ, այժմ Աւստրալիոյ քաղաքացի, իր «Դանդաղած Մարդը»ը գիրքին մէջ, այնքա՜ն տպաւորիչ, ցնցող եւ մտածելու մղող էջեր ունի: Պահ մը մտածեցի, որ անոնք գրուած էին գաղթականութիւնը երկրորդ բնութեան վերածած եւ վերածող հայերուն համար (J. M. Coetzee, «L’homme Ralenti», Seuil, 2006):

Յաջորդաբար, այդ գիրքէն երկու հատուածներ պիտի թարգմանեմ:

– Դուք ձեր տունը դարձաք:

– Տունս… Ի՞նչ կը նշանակէ այդ:  Ձեզի ըսի թէ ինչ կը մտածէի  ինծի յատուկ տան մը մասին: Աղաւնի մը գիտէ թէ ո՛ւր է իր յատուկ տունը, մեղու մը գիտէ թէ ուր ինք տան մէջ է: Անգլիացին՝ home հաւանօրէն: Ես բնակարան մը ունիմ, բնակելու վայր մը: Հոս բնակավայր մը ունիմ: Այս յարկաբաժինը: Այս քաղաքը: Այս երկիրը: Home, ինծի համար շատ խորհրդաւոր գաղափար մըն է:

– Բայց դուք աւստրալիացի էք, ոչ ֆրանսացի: Նոյնիսկ ես կը տեսնեմ այդ:

– Ես չեմ կրնար Աւստրալիացի համարուիլ: Չեմ կրնար Ֆրանսացի համարուիլ: Ինչ կը վերաբերի ինծի, ատոր մէջ կը կայանայ ազգային ինքնութեան այդ ամբողջ պատմութիւնը Խօսելով լեզուի մասին, անգլերէնը երբեք իմ լեզուն չէ եղած, ինչպէս որ այդ քու լեզուն է: Ոչ մէկ կապ կայ սահուն խօսելու հետ: Կատարելապէս սահուն կը խօսիմ, ինչպէս որ կրնաս դատել: Բայց անգլերէնը ինծի եկած է շատ ուշ: Այդ չեմ սորված ստինքէ: Արդարեւ, անիկա ինծի երբեք չէ եկած: Ներաշխարհիս մէջ միշտ որովայնախօս ըլլալու տպաւորութիւնը ունեցած եմ: Ես չեմ որ կը խօսիմ լեզուն, այլ լեզուն է որ կը խօսի իմ մէջէն: Անիկա չի գար իմ խորքէն, իմ սիրտէն  (էջ 202-203):

– Գիտէք, այն պահէն սկսեալ, որ ինծի յիշեցուցիք ձեր ֆրանսական անցեալը, ականջ կը դնեմ երբ կը խօսիք: Եւ, այո, իրաւունք ունիք, անգլերէն կը խօսիք, հաւանօրէն անգլերէնով կը մտածէք, կրնայ ըլլալ որ նոյնիսկ անգլերէնով կ՛երազէք, այսուհանդերձ անգլերէնը ձեր իրաւ լեզուն չէ: Կրնամ նոյնիսկ ըսել, որ անգլերէնը ձեզի համար ծպտում մըն է, կամ դիմակ մը, այդ մաս կը կազմէ ձեր կրեայի պատեանին: Այն եղանակով որ կը խօսիք, ձեզ կը վստահեցնեմ որ բառերը ընտրուած են, մէկը միւսէն ետք, առնուած բառերու տուփէ մը, զոր քարշ կու տաք ձեզի հետ, եւ տեղադրուած: Այդպէս չի խօսիր իրաւ բնիկ մը, մէկը որ ծնած է լեզուին մէջ:

– Եւ ինչպէ՞ս կը խօսի բնիկ մը:

– Սրտով: Բառերը իր մէջէն կը բարձրանան եւ ինք կ՛երգէ, ինք անոնց կ՛ընկերանայ իր երգով: Այսպէս ըսած: (էջ 235-236)

Յօդուածի մը քանի մը էջէրուն մէջ նման երկար մէջբերում ընել անբնական կը թուի: Բայց նկատի ունենալով, որ մեր ականջները սովորութիւն ունինք միշտ աւելի լաւ բանալու օտարի գաղափարին եւ խօսքին, մանաւանդ երբ անիկա լուսապսակ ունի, լաւ է լսել ինչ որ գրողը կ՛ըսէ:

Ի՞նչ կ՛ըսէ այս մեծ գրողը:

Սփիւռքի եւ սփիւռքացող հայերը կորսնցուցա՞ծ են, կամ կ՛ուզե՞ն կորսնցնել Տան գաղափարը, այնքա՜ն ծանօթ անգլիական home-ը: Կը մտածե՞նք բնաւ, որ մեր հայու բնակարանները, վարձու թէ սեփական, մոլորակի տարբեր երկինքներուն տակ, ի՞նչ են ի վերջոյ, եթէ նուազագոյն չափով արմատներու գիտակցութիւն ունինք եւ այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ սփիւռք-կացութիւնը անբնական է, ինչ որ ունինք մեր գլխուն վրայ Տուն չէ, բնակարան է, այդ իսկ պատճառով կրնանք թափառիլ, նոր բնակարան ունենալ նոր երկինքի տակ: Հեղինակը բաղդատութիւն կ՛ընէ, կը խօսի աղաւնիի եւ մեղուի մասին, անոնք գիտեն, թէ ո՛ւր իրենք իրենց տան մէջ են: Անցեալին վաչկատունները այդպէս էին, վրանները իրենց շարժական տուներն էին: Սփիւռքացած եւ սփիւռքացող հայերուն բնակարանները կրնա՞ն Տուն ըլլալ, եթէ կը հաւատան, որ իրենց արմատները այլ տեղ են: Հեղինակը կ՛ընէ ճշդումը. Տունը խորհրդաւոր գաղափար մըն է, բաղդատած բնակարանի: Այդ կ՛առնչուի էութիւնը պարուրող հարազատին, որ հաւանօրէն կը տեւէ սփիւռքացած եւ սփիւռքացող հայուն մէջ, զոր վերաշխուժացնելով ծագումով հայերը պէտք է մօտեցնել ազգին, որ լեզու է, հող է, պատմութիւն, մշակոյթ:

Տունէն վերջ՝ լեզուն: Լեզուին կատարելապէս տիրապետել այլ բան է ժառանգութիւն լեզուէն: Հեղինակը կ՛ըսէ.  «…Անգլերէնը ինծի եկած է շատ ուշ: Այդ չեմ սորված ստինքէ: Արդարեւ, անիկա ինծի երբեք չէ եկած: Ներաշխարհիս մէջ միշտ որովայնախօս ըլլալու տպաւորութիւնը ունեցած եմ: Ես չեմ որ կը խօսիմ լեզուն, այլ լեզուն է որ կը խօսի իմ մէջէս: Անիկա չի գար իմ խորքէն, իմ սիրտէն: Օտարախօսութիւն եւ օտարագրութիւն այս ըմբռնման ընդմէջէն պէտք է տեսնել: Դիպուկ է որովայնախօս  ըլլալու զգացումը, կամ լարուած ձայնագիր մեքենան: Հարկ է խօսիլ մայրենի լեզուի եւ ինքնութեան կերտման ուժի մասին, միւս լեզուները ըլլալով հաղորդակցական միջոց, Տան եւ վարձու սենեակի տարբերութեան մասին մտածելով:

Ինչպէ՞ս կը լսէ եւ կը դատէ լեզուին բնիկը այն միւսը, որ կատարելապէս լաւ խօսելով հանդերձ՝ տարբեր է: Կ՛ըսէ. «Այսուհանդերձ անգլերէնը ձեր իրաւ լեզուն չէ: Կրնամ նոյնիսկ ըսել որ անգերէնը ձեզի համար ծպտում մըն է, կամ դիմակ մը, այդ մաս կը կազմէ ձեր կրեայի պատեանին»: Հարկ է առանձնացնել բառերը եւ խորհրդածել, մենք մեզ առնելով լուսարձակի տակ. ծպտում, դիմակ, կրեայի պատեան: Օտարաբարբառ եւ օտարագիր հայը քաջութիւնը կ՛ունենա՞յ այս մտածման լոյսին տակ ինքզինք տեսնելու եւ դատելու, ինքզինք վերականգնելու համար որպէս մարդ-ինքնութիւն:

Մայրենի լեզուէն անդին, ուրիշ լեզու մը կատարելապէս լաւ խօսիլ, ընտրուած բառերով, որքան որ ալ յաջողութիւն համարուի, տեղ մը, բան մը պիտի պակսի անոր: Հետեւինք հեղինակի մտածման ընթացքին.  «Այն եղանակով որ կը խօսիք, ձեզ կը վստահեցնեմ որ բառերը ընտրուած են, մէկը միւսէն ետք, առնուած բառերու տուփէ մը, զոր քարշ կու տաք ձեզի հետ, եւ տեղադրուած: Այդպէս չի խօսիր իրաւ բնիկ մը, մէկը որ ծնած է լեզուին մէջ»:

Սփիւռքացող եւ սփիւռքացած հայը, սոսկ ծագումով հայ չըլլալու համար, ինչպէ՞ս պիտի ծնի իր լեզուին մէջ, պիտի ըլլայ իրաւ բնիկի պէս, եթէ չունենայ իր գոյութենական վախճանական նպատակը: Իսկ ի՞նչ է այդ նպատակը եթէ ոչ պարզագոյն ձեւով ըսուած հայրենադարձութիւնը:

Միշտ յիշելով մեր պատմահայր Խորենացին, որ կ՛ըսէր, թէ Հայաստանի սահմանները կը տարածուին մինչեւ հոն, ուր հայերէն կը խօսուի:

Հետեւութեամբ աւելցնենք՝ հայութիւնը կը տեւէ մինչեւ հոն ուր հայերէն կը խօսուի:

Կարդալ եւ կրկին կարդալ Ճոն Մաքսուէլ Կէօթցէի զոյգ պարբերութիւնները, եւ մտածել՝ որ անոնք կրնա՞ն մեզի համար ըսուած ըլլալ:

Ապա խօսինք, ոչ միայն անցեալի, այլ իրաւ շարունակութիւն ըլլալու բազմատեսակ ռազմավարութիւններու եւ մարտավարութիւններու մասին՝ որ չըլլան սոսկ տօնական խօսքեր, այլ՝ իրականացում:

Իսկ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ իրաւ շարունակութիւնը: Հարկ է պատեանները ջարդել եւ նուաճել հարազատը: