Ամերիկայի դեսպանը՝ աղմկայարոյց քրէական գործերուն մասին

10 de agosto de 2018

richard-millsԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Կարեւոր է ներկայիս կառավարութեան կողմէ իրաւունքի գերակայութեան եւ պատշաճ գործընթացներու հաւասար ու անկախ կիրառման ապահովումը», յայտնեց Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ՝ մեկնաբանելով վերջին շրջանի աղմկայարոյց քրէական գործերը:

«Նախկին պաշտօնեաներու դէմ յարուցուած գործերուն առընչութեամբ էապէս կարեւոր է ներկայիս, կառավարութեան կողմէ իրաւունքի գերակայութեան եւ պատշաճ գործընթացներու հաւասար ու անկախ կիրառման ապահովումը», ըսաւ դեսպան Միլզ:

Հարցումին, թէ որն է դատական համակարգին մէջ զեղծարարութեան դէմ պայքարի ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը՝ դեսպանը յայտնեց, որ ոգեւորուած է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու եւ թափանցիկութիւնը խթանելու նոր կառավարութեան ջանքերով:

«Կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու եւ թափանցիկութիւնը խթանելու նոր կառավարութեան ջանքերը կ՛ոգեւորեն մեզ: Մենք երկար ատեն աջակցած ենք դատաիրաւական բարեփոխումներուն՝ նպատակ ունենալով ապահովել դատական անկախութիւն, որպէսզի ամրապնդուի իրաւունքի գերակայութիւնը եւ ապահովուի խաղի հաւասար պայմաններ բոլորին համար: Հայաստանի գրաւչութիւնը օտարերկրեայ ներդրումներու տեսանկիւնէն գնահատելով՝ ամերիկացի ներդրողները նաեւ ուշադրութեամբ կը հետեւին, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ինչպէս կը վերաբերի օտարերկրեայ ընկերութիւններուն, որոն շարքին՝ «Լիտիան»ին: Կը հաւատանք, որ կառավարութիւնը հաւատարիմ կը մնայ արդար մրցակցութեան սկզբունքներուն», ըսաւ դեսպանը: