Ամերիկացի քոնկրեսականները միացած են Արցախին եւ Հայաստանին 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն յատկացնելու օրինագիծին

30 de marzo de 2019

Congresales EEUUԱւելի քան 35 ամերիկացի քոնկրեսականներ միացած են Արցախին եւ Հայաստանին 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ օրինագիծին, որ ներկայացուցած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը:

Անոնք կոչ ուղղած են Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու եւ պետական արտասահմանեան գործառնութիւններու հարցերով ենթայանձնախումբին` համաձայնութիւն տալու Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուող աջակցութեան թղթածրարին, որ նախատեսուած է 2020 ելեւմտական տարուան համար:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Այսպէս` կ՛առաջարկուի Արցախին տրամադրել 6 միլիոն տոլար` ականազերծման աշխատանքները եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու վերականգնման ուղղուած աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար, նաեւ` 4 միլիոն տոլար Ռոյս-Էնկելի առաջարկներուն միջոցով խաղաղութեան նպաստելու համար, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի կողմէ վերահսկուող` հրազէնային կրակի յայտնաբերման յառաջադէմ համակարգերու տեղադրման նպատակով:

Հայաստանին կ՛առաջարկուի տրամադրել 60 միլիոն տոլար տնտեսական զարգացման համար, 10 միլիոն տոլար` իբրեւ զինուորական օգնութիւն,  20 միլիոն տոլար` Միջին Արեւելքէն գաղթականներուն աջակցելու համար:

Քոնկրեսականները նաեւ կը պահանջեն կասեցնել Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը եւ զօրացնել Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ լրացման կիրարկումը: