Նախագահ Սերժ Սարգսեան

“Ան, որ կը կարծէ, թէ ‘Իսքանտեր’-ը միայն բարոյական կամ հոգեբանական նշանակութիւն ունի, ան չի հասկնար` ի՛նչ է ‘Իսքանտեր’”-ը

18 de julio de 2017

iskander«Ռէվոլիւցիա» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է արցախեան տագնապին` հաստատելով, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ի վերուստ տրուած  իրաւունք է, միջազգային կառոյցներու կանոնադրութեամբ նախատեսուած իրաւունք է, միջազգային իրաւունքին կողմէ ընդունուած սկզբունք է, ուստի անիկա պէտք է յարգուի եւ գործադրուի:

Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապի լուծման թիւ մէկ եւ ամէնէն վստահելի երաշխիքը մարտունակ զինուած ուժերն են: «Հայաստան ունի բաւարար սպառազինութիւն, որպէսզի կարենանք մեր զօրքի մարտական ունակութիւններուն միջոցով չէզոքացնել այն վտանգը, որ կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի կամ Հայաստանի բնակչութեան», հաստատած է նախագահը:

Հայաստանի նախագահը խօսած է նաեւ «Իսքանտեր»  զինատեսակին մասին: «Ան, որ կը կարծէ, թէ «Իսքանտեր»-ը միայն բարոյական կամ հոգեբանական նշանակութիւն ունի, ան չի հասկնար` ի՛նչ է «Իսկանտեր»-ը, երբ գիտնան, կը հասկնան, թէ ինչպիսի՛ կործանարար ուժ ունի», յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 յուլիսին մասնակցած է «Դիտակէտ», «Պատիւ ունեմ», «Ես եմ» ծրագիրներու հանրային քննարկումներու ամփոփման նիստին, որուն ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի զինուած ուժերու զարգացման եւ ամրապնդման քաղաքականութեան կարեւորութեան` դիտել տալով, որ վերոյիշեալ ծրագիրները կոչուած են ստեղծագործաբար լուծելու առկայ խնդիրները, որոնք նոր չեն, սակայն անոնց համար լուծումներ գտնելու ճիգը նոր է ու տեղին:

«Մեզմէ շատեր բազմիցս ըսած են, որ Հայաստանի բանակը ժողովրդական բանակ է, եւ որ` մեր բանակը, իրօք, մեր ժողովուրդին բանակն է: Պաշտպանութեան նախարարին առաջարկած ծրագիրները կու գան ամրագրելու այս իրողութիւնը: Այս առումով յատկապէս կարեւոր կը նկատենք այն հանգամանքը, որ խրախուսման եւ պաշտպանուածութեան յաւելեալ կարելիութիւններ կը ստեղծուին մեր զինուորներուն համար», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ ասոնց միջոցով բանակը շարունակաբար կ’ամրապնդուի` իբրեւ մեր հասարակութեան ընկերային շարժունակութեան կարեւոր խթան:

Artsaj-Serge-1Ըստ նախագահին, «Ես եմ» եւ «Պատիւ ունեմ» ծրագիրները նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն մեր երիտասարդութեան համար: «Առաջարկուած լուծումները ճկուն են եւ երկարաժամկէտ, իսկ անոնց նպատակներն են` երիտասարդներուն համար լաւագոյն պայմանները ստեղծել, անոնց կրթական աճը խրախուսել եւ անոնց ապագան Հայաստանին կապել», ըսած է նախագահը` հաստատելով, որ առաջարկուած լուծումները շատ արագ ու դրական արդիւնքներ պիտի տան, եւ հեռու պիտի չըլլայ այն օրը, երբ երիտասարդ ընտանիքներ պիտի կարենան իրենց սեփական օճախները ստեղծել ինքնին այս ծրագիրներուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նոր փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններ պիտի ստեղծուին այս ճամբով:

Անդրադառնալով սահմանագիծ տուած այցելութեան` նախագահը նշած է, որ այդ ընթացքին հանդիպում ունեցած է բազմաթիւ երիտասարդ զինուորներու ու սպաներու հետ: «Փա՛ռք մեր ժողովուրդին, որ այդպիսի զաւակներ ունի, ուղղակի փայլուն տղաներ են: Ի հարկէ, նաեւ փա՛ռք մեր ժողովուրդին, որ, իր բերնէն կտրելով, այս փայլուն սերունդին համար ամէն բան կը փորձէ ապահովել», ըսած է ան:

Նախագահը յայտնեց, որ բանակի հարցերուն կապուած թիւրիմացութիւններուն առաջքը առնելու համար որոշած են որդեգրել բոլոր հարցերը բարձրաձայնելու եւ անկեղծօրէն քննարկելու քաղաքականութիւնը: «Այս ոճը ամբողջութեամբ կ’արտացոլացնէ մեր ժողովուրդին ազատութեան ոգին, եւ վստահ եմ, որ այդ ոգին եւ համարձակութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան նպաստող ամէնէն կարեւոր խթաններն են», աւելցուցած է ան:

Անոր համաձայն, երեք ծրագիրներն ալ կը միաւորէ հանգամանք մը` մարդու հանգամանքը. երեքն ալ խարսխուած են մարդուն վրայ` զինուորին, սպային, որոնք ապահոված են ու կ’ապահովեն մեր երկրի անվտանգութիւնը:

«Ի հարկէ, որեւէ կասկած չկայ, որ մեր բանակը օր-օրին աւելի ուժեղ կը դառնայ, ձեռք կը բերէ  նոր զէնքեր, նոր զինատեսակներ: Այսօր մեր զինուած ուժերուն յագեցուածութիւնը, կահաւորումն ու հանդերձանքը բաւարար մակարդակի վրայ են, եւ բաւարար են լուծելու բոլոր այն զինուորական խնդիրները, որոնք դրուած են մեր բանակին առջեւ … Այսօր մեր բանակը ունի ոչ թէ ամէնէն  ժամանակակից զինատեսակները, այլ ունի բաւարար զինատեսակներ, բաւարար զէնք եւ զինամթերք, որպէսզի լուծէ իր առջեւ դրուած խնդիրները:

Նախագահը վեր առած է կռուի դաշտին վրայ հայ ռազմիկին մասնագիտական պատրաստուածութիւնը, խելամտութիւնն ու խիզախութիւնը: «Բազմիցս շատ մարդիկ ըսած են, եւ հիմա ալ ես կը կրկնեմ, որ բոլոր այն ճակատամարտերուն ու պատերազմներուն, ուր մենք յաղթած ենք կամ յաջողութիւն արձանագրած, նախ եւ առաջ յաղթած ենք մարդկային գործօնին շնորհիւ: Այստեղ ալ կան մարդիկ, որոնք իրենց փորձառութեամբ կրնան ասիկա հաստատել», շեշտած է ան:

«Բաւականաչափ քանակի եւ որակի զէնք ու զինամթերք, գումարած խելացի ու աննահանջ մարտիկներ. ահա յաջողութեան գրաւականը, որուն նկատմամբ ոչ մէկ կասկած ունիմ», եզրափակած է նախագահը: