Արծուիկ Մինասեան. “Տնտեսական քաղաքականութեան չգոյութիւնը անկարելի է”

04 de septiembre de 2018

Ardzvig_MinassyanՏնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան երէկ իր պաշտօնավարման 100-րդ օրուան առիթով հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին անդրադարձաւ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, թէ նոր կառավարութիւնը տնտեսական քաղաքականութիւն չունի:

«Տնտեսական քաղաքականութիւն անշուշտ կայ: Այլ բան է, որ մենք կը խօսինք տնտեսական ընդհանուր համակարգումի, ընդլայնումի ու միասնականացումի մասին, որուն աշխատանքները ներկայիս կ՛իրականացուին», ընդգծեց նախարարը:

Ա. Մինասեան շեշտեց, որ տնտեսական քաղաքականութեան չգոյութիւնը անկարելի է:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռոպերթ Քոչարեանի դէպի տնտեսական մարզ վերադառնալու անհրաժեշտութեան, Մինասեան ըսաւ. «Վերադառնալ կը նշանակէ քաղաքական գործունէութիւն իրականացնել եւ  ընտրութիւններուն մասնակցիլ: Ես` իբրեւ երկրին սահմանադրութեան կարեւոր պաշտպան, կը նկատեմ, որ ոեւէ անհատ իրաւունք ունի քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու, որովհետեւ օրէնքով սահմանուած կարգը չի սահմանափակեր այդ իրաւունքը»: