Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ հիմնուեցաւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ

10 de diciembre de 2014

ԱՊԱՌԱԺ.– Դեկտեմբեր 6-ին, Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ 10 անդամներով հիմնուեցաւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ։  ARS-Askeran

Ողջունելով կազմակերպութեան նոր անդամներուն` ՀՕՄ-ի  Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի  Արմինէ Յարութիւնեանը նշած է, որ շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր  ՀՕՄ-ը կը գործէ Արցախի մէջ եւ կ՚իրականացնէ տարբեր ծրագրեր:  Ան յոյս յայտնեց, որ Ասկերանի մասնաճիւղը նոյնպէս աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ  քաղաքին մէջ եւ իր ներդրումը կ՚ունենայ ընկերային եւ կրթական տարբեր ծրագրեր իրականացնելու քաղաքին մէջ:

Արարողութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսիա Բեջանեանը,

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամ Դիանա Յովսէփեանը, Ասկերանի քաղաքապետ, Արցախի ՀՅԴ ԿԿ անդամ Ալիոշա Գաբրիէլեանը եւ ՀՕՄ-ի Արցախի Մեկուսի վարչության անդամներ:

Երդման արարողութենէն ետք ընտրուեցաւ ՀՕՄ-ի  Արցախի Ասկերանի մասնաճիւղի վարչութիւնը: