Արցախի մէջ բողոքի ցոյցեր. Զսպուածութեան եւ երկխօսութեան կոչեր` հարցին շուտափոյթ լուծումը գտնելու

04 de junio de 2018

Sdepanakert_protestas1 յունիսին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծուըռտուքի դէպքին իբրեւ հակազդեցութիւն, 2 յունիսին խումբ մը երիտասարդներ Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ ցոյց կատարած են` փակելով փողոցի երթեւեկելի հատուածը:

Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը քրէական գործ  յարուցած է 1 յունիսին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծուըռտուքի դէպքին առիթով:

Այս առիթով դատախազութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 1 յունիս 2018-ին, մօտաւորապէս երեկոյեան ժամը 7:15-ին, Ստեփանակերտ քաղաքի  Բաղրամեան-2բ  հասցէին դիմաց վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է` մէկ կողմէ, Դաւիթ Յարութիւնեանի եւ Ալպերթ Աւետիսեանի, միւս կողմէ, Մհեր Մուսայէլեանի (ԱԱԾ աշխատող), Մխիթար Մուսայէլեանի, Սերկէյ Մուսայէլեանի, Գուրգէն Հայրապետեանի եւ Վարդան Ղարամեանի (ԱԱԾ աշխատող) միջեւ: Վիճաբանութեան ընթացքին կողմերը հարուածած են զիրար` պատճառելով մարմնական վնասուածքներ:

2 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան յատուկ քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` Արցախի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 269-րդ յօդուածի  3-րդ մասի Ա. եւ Բ. կէտերով: Կան ձերբակալուածներ: Կը կատարուի  նախաքննութիւն: Նկատի առնելով հանրութեան հետաքրքրութիւնը դէպքին վերաբերեալ, Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը նպատակայարմար  գտած է հրապարակել քրէական գործին մէջ առկայ տեսանիւթի` ծեծուըռտուքի հատուածը:

Այս ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յունիսին ընդունած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցի խումբ մը ներկայացուցիչներ: Քննարկուած են նախօրէին մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկրի ղեկավարը ներկաներուն վստահեցուցած է, որ պիտի իրականացուի մանրակրկիտ ու անաչառ հետաքննութիւն, եւ մեղաւորները պատասխանատուութիւն պիտի կրեն օրէնքով սահմանուած կարգով:

Մինչ այդ, նախագահը նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներու հետ, որոնց հետ քննարկած է երկրի ներքին կեանքին առնչուող շարք մը հարցեր, յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած դէպքին:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուած է հանրային հնչեղութիւն ստացած հարցերու ուսումնասիրման քննիչ յանձնախումբ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս այս առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակած է եւ նշած. «Նկատի ունենալով սահմանագիծէն ոչ այնքան հեռու գտնուող վայրի մէջ տեղի ունեցող որեւէ իրադարձութիւն, որ կրնայ թէկուզ փոքր տոկոսով սպառնալ ժողովուրդին անվտանգութեան եւ անդրադարձ ունենալ սահմանային իրադրութեան վրայ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին մտահոգութիւն կը յայտնէ այդ եւ անոր յաջորդած դէպքերուն զարգացման վերաբերեալ»: Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ, թէեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի սահմանադրական իրաւունքը ունի դատապարտելու բռնութեան որեւէ դրսեւորում, բայց եւ այնպէս Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յորդորէ զերծ մնալ արդէն իսկ արտաքին սպառնալիքներու տակ գտնուող մեր երկրի ներքաղաքական իրավիճակը արհեստականօրէն սրելու վտանգաւոր քայլերէ եւ հարցի հանգուցալուծումը դիտարկել բացառապէս իրաւական հարթութեան վրայ:

Միւս կողմէ, ցուցարարները պահանջած են ուժային կառոյցներու համապատասխան ղեկավարներու հրաժարականը: Ցոյցին նախաձեռնող Դաւիթ Սիմոնեան «Արցախփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ իրենք տուեալ անձերու հրաժարականը կը պահանջեն, որովհետեւ անընդունելի է համազգեստով ծառայողներու մասնակցութեամբ մայրաքաղաքին մէջ ծեծուըռտուք կազմակերպելը: «Բոլոր պատասխանատուները պէտք է հեռացուին իրենց աշխատանքէն եւ պատասխանատուութեան ենթարկուին», ըսած է Դ. Սիմոնեան:

Ցուցարարներուն պահանջը լսելու նպատակով դէպքի վայր եկած են Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Վիթալի Բալասանեան, Ազատամարտիկներու միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Հայկ Խանումեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Աւելի ուշ բողոքի մասնակիցներուն իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Վահան Բադասեանը:

Իշխանութեան ներկայացուցիչները հաստատած են, որ առաջադրուած խնդիրները պիտի լուծուին օրէնքի ծիրին մէջ, եւ բոլոր մեղաւորները պատասխանատուութիւն պիտի կրեն, սակայն նախաձեռնութեան հեղինակ Դաւիթ Սիմոնեան յայտարարած է, որ մինչեւ չկատարուի ցուցարարներուն պահանջը, իրենք պիտի շարունակեն ցոյցը:

3 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:00-էն, Ստեփանակերտի մէջ քաղաքացիները կրկին փակած են Ազատամարտիկներու փողոցը եւ բողոքի ցոյց կատարած են` պահանջելով ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն հրաժարականները:

«Երկիր Մետիա»-ի համաձայն, Արցախի ազատամարտիկներու միութիւնը կը պատրաստուի ցոյց կազմակերպելու` ընդդէմ կատարուող ցոյցերուն:

Տէր Պետրոսեան. «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցածը Անթոյլատրելի Է Կատարել Ղարաբաղի Մէջ»

Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին յայտարարութիւն կատարած է Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը անթոյլատրելի է կատարել Արցախի մէջ` բողոքի գործողութիւններ եւ ճնշումները Արցախի իշխանութիւններուն վրայ: Անոր համաձայն, պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող պետութեան համար անոնք կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ: Լ. Տէր Պետրոսեան հաստատած է, որ պէտք է յանցաւորները պատժուին, սակայն ուժային կառոյցներու` ԱԱԾ-ի եւ ոստիկանութեան ղեկավարներու հրաժարականի պահանջի կատարումը ծանր հարուած պիտի ըլլայ իշխանական համակարգին համար, որմէ անյապաղ պիտի օգտուին մեր հակառակորդները: Ան շեշտած է, որ նախագահ Բակօ Սահակեանը պէտք չէ մինակ ձգել այս պայմաններուն մէջ: