Ակնարկ

Արցախի Պետութիւնն ու հասարակութիւնը համակողմանիօրէն կը լուծեն բոլոր խնդիրները

06 de junio de 2018

Shahan KandaharianՍտեփանակերտի մէջ անվտանգութեան ծառայողներու եւ քաղաքացիներու միջեւ ծագած կենցաղային վէճը, որ աւարտած է ծեծուըռտուքով, գրաւեց ինչպէս հայրենական, այնպէս ալ սփիւռքեան հասարակութեան ուշադրութիւնը:

Միջադէպը այնքան ուշագրաւ չէր, որքան անոր` իբրեւ բողոքի հակազդեցութիւն կազմակերպուած բողոքի ցոյցը, որ իր հերթին առիթ տուաւ հակացոյցի: Հետեւողներուն ենթագիտակցութեան մէջ ձեւաւորուեցաւ այն համոզումը, որ նման միջադէպեր նախապէս ալ տեղի կ՛ունենային, սակայն անոնք տեղի չէին տար բողոքի ժողովրդային դրսեւորումներու, մտածել տալով, որ շարժառիթը այս բոլորին ձեւաւորման մէջ վերջին իրադարձութիւններու մանրանկարային նմանակներ ստեղծելու ճիգին մէջ կը կայանայ:

Հասարակութիւն-իշխանութիւն կապը այս պարագային գործեց արագ, եւ կարելի է ըսել` նաեւ անմիջական, ու որոշակի առումով` նաեւ արդիւնաւէտ: Բողոքառուներու հանդիպումը պետքարտուղարին հետ եւ ապա զիրենք ներկայացնող պատուիարկութեան հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ նախանշեց, որ խնդիրները համակողմանիօրէն քննարկելու եւ մեղաւորները օրէնքի դիմաց կանգնեցնելու վճռակամութիւն կը ցուցաբերուի:

Կարելի է ըսել, որ բոլորովին անտեղի չէին այն զգուշացումները, որ ներքին կայունութեան խնդրոյ առարկայ դառնալը կը սրէ հակառակորդին ախորժակները, եւ պէտք է բացառել ցոյցերու համաժողովրդայնացումը: Միաժամանակ, սակայն, որեւէ բողոքի օրինական դրսեւորում բացառելը նոյն նպատակով կրնար մեկնաբանուիլ անարդար քայլերու դէմ հրապարակային բողոքելու իրաւունքի արգելակումով:

Անվտանգութեան ուժային կառոյցներու պատասխանատուներու հրաժարականներու պահանջները ցուցարաներուն կողմէ`  առաւելապաշտ ըլլալու տպաւորութիւնը ձգցին: Ի վերջոյ պետական բարձրագոյն դիրքերէ հնչեց բոլոր օրինախախտները, ընդ որում` պետական պաշտօնեաները, համապատասխան տուժերու ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Անտեղին, այս պարագային, պաշտօնական Երեւանը նման միջադէպերով ստեղծուած իրավիճակը կայունացնելու նպատակով ներքաշելու ուղղակի կամ անուղղակի ակնկալութիւններն են:

Որքան նախանձախնդիր պէտք է ըլլալ, որ նման միջադէպեր բացառուին, կանխարգիլուին եւ չահագնանան` սպառնալով երկրի կայունութեան, նոյնքան նաեւ, այս պարագային, ոչ միայն մարդու իրաւունքի, բռնութեան բացառման կամ օրէնքի գերակայութեան առաջադրանքներով, այլ նաեւ զուտ քաղաքական մօտեցումի գերակշռումով միջամտութեան ակնկալութիւններուն կամ ահազանգներուն չափազանցումներուն տեղի պէտք չէ տալ:

Արցախը աշխարհին ներկայացած է իբրեւ իրողապէս անկախ երկիր ու պետութիւն, որ ինքնուրոյն իր երկիրն ու հասարակութիւնը կառավարելու բոլոր նախադրեալները ունի, որ ունի իշխանութիւն, իրաւապահ մարմիններ, որոնք յարգելով իրենց քաղաքացիներու իրաւունքները` ի վիճակի են վերահսկել իրավիճակը եւ հարցերուն տալ բարւոք, օրինական լուծումներ:

Հետեւաբար, կոչ ընել միջամտելու եւ նախկին օրինակներու յիշեցումով ընդգծել միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը` քաղաքական իմաստով նաեւ ոչ միայն ժամանակավրէպ է, այլ նաեւ ոչ օգտակար` դէպի իրաւական ճանաչումի ճամբայ անցած իրողապէս անկախ Արցախի Հանրապետութեան:

Մինչ այժմ դրսեւորուած մօտեցումները, իշխանութիւններու բաց, անմիջական հաղորդակցիլը ցուցարարներու պատուիրակութեան հետ, բանակցութիւնները եւ համակողմանիօրէն օրինական ճանապարհով հարցերը լուծելու սկզբունքային մօտեցումները կը համոզեն, որ իրօք Արցախի Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է եւ կամքն ու միջոցները ունի ներարցախեան խնդիրները լուծելու:

Արցախը, բոլորէն աւելի, թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ՛ իբրեւ հասարակութիւն, գիտակից է մէկ կողմէ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը գերադասելու, միւս կողմէ` քաղաքացիներու դէմ բռնութիւն կիրարկածները  կամ ընդհանրապէս բոլոր օրինախախտները պատասխանատուութեան կանչելու:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ նոյնիսկ Երեւանի միջամտութիւնը, այս պարագային, Հայաստանի Հանրապետութենէն նեղ կախեալութեան համազօր արարք է, ինչը չի նպաստեր Արցախի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչման աշխատանքներուն: Այս պարագային եւս Ստեփանակերտը կը փաստէ, որ ժողովրդավար հիմունքներով կառավարուող երկրի մասին է խօսքը:

Շահան Գանտահարեան