Գերմանիոյ մէջ արգիլուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ եղող թուրք պայքըրներու ակումբի գործունէութիւնը

12 de julio de 2018

Turcos AlemaniaԳերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլած է գործունէութիւնը «Օսմանեն Ճերմանիա» թուրք ազգայնական պայքըրներու, որոնց շուրջ կասկածներ կան կազմակերպուած յանցաւոր գործունէութիւն ծաւալելու մէջ:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Հորսթ Զեհոֆեր երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ պայքըրներու գործունէութիւնը կը հակասէ օրէնքին եւ հասարակութեան համար սպառնալիք կը ներկայացնէ:

Կ՛ենթադրուի, որ «Օսմանեն Ճերմանիա» պայքըրներու եւ բռնցքամարտի ակումբը գումար եւ հրահանգներ ստացած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վստահուած անձ եղող Մեթին Քիւլիւնքէն` Գերմանիոյ քիւրտերը եւ Էրտողանի հակառակորդները հետապնդելու համար:

Յայտնի է, որ 2016 թուականին «Օսմանեն Ճերմանիա» ակումբի անդամները Մեթին Քիւլիւնքի հրամանով մասնակցած են Պունտըսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ կատարուած բողոքի ցոյցերուն: