“Գորշ Գայլեր”-ու սպառնալիքը: “Մենք ալ Կարսի պողոտաներուն վրայ հայեր որսալո՞ւ ելլենք”

25 de junio de 2015

Ocaklar Zorros grisesԿարսի «Գորշ Գայլեր»ու անդամները ձեռքերնին պարզած գայլակերպ իրենց խորհրդանշանով

Նոր Մարմարա – Ճազ երաժշտութեան նշանաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեանի կողմէ Անիի աւերակներուն մէջ սարքուած համերգը կը շարունակէ նշաւակ դառնալ Կարսի պաշտօնական իշխանութիւններու խիստ բողոքներուն։ Յայտնի է որ այս համերգը շատ վատ տպաւորութիւն գործած է իշխանութիւններու վրայ, որոնք այժմ հայկական ոտնձգութիւն եւ յետին նպատակ կը տեսնեն այս արարքին մէջ։

Մասնաւոր դժգոհութիւն պատճառող ազդակներէն մէկն ալ այն է որ թէ՛ Համասեան, թէ՛ երգչախումբի անդամները հագած էին կրօնաւորներու տարազին նմանող տարազներ որոնց վրայ կը տեսնուէր մեծահասակ խաչի պատկեր։ Կարսի Քաղաքապետ Գարաչանթայ no3nphs քննադատած էր այս համերգը։

Յունիս 25-ին, թրքական մամուլը արձագանգ կը հանդիսանայ թրքական ազգայնամոլ «Իւլքիւ օճախ»ներ կազմակերպութեան Կարսի մասնաճիւղի Նախագահ Թոլկա Ատըկիւզէլի խիստ բողոքին։ Նշենք, որ «Իւլքիւ օճախ»ներ Թուրքիոյ մէջ կը ճանչցուին նաեւ «Գորշ Գայլեր» անունով եւ ամենէն ծայրայեղ հայատեաց թրքական կազմակերպութիւնն է: Ատըկիւզէլ ծանր լեզուով բողոքած է Տիգրան Համասեանի կազմակերպած համերգին դէմ։ Դիտել տալով որ այս համերգին մասնակից դաշնակահարն ու երգչախումբի անդամները քահանայի հագուստ կը կրէին, Ատըկիւզէլ յիշեցուց որ Կարսի բոլոր հողամասերուն վրայ նահատակաց արիւն կայ։ 

Ան յայտարարեց. «1915 թուականի պատահարներու ընթացքին հարիւրհազարաւոր մահմետական թուրքեր այս հայերուն կողմէ ցեղասպանութեան ու սպանդի զոհ չգացի՞ն։ Շատ չէ, տակաւին 23 տարի առաջ հայերը չէի՞ն որ Ատրպէյճանի Ղարապաղեան շրջանի խոճալու գիւղին մէջ հարիւրաւոր մեր ցեղակիցներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործեցին։ Այս համերգով հիմա ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն անոնք։ Ներսը որո՞նք են անոնց օգնականները։ Մամուլի ո՞ր վարձկան լրագրողները ասոնց հետ նոյն գծով կը գործեն։ Ամէն մարդ իր չափը պիտի գիտնայ եւ այս ժամէն վերջ ատոր համաձայն պիտի առնէ իր քայլը։ Ներսէն ու դուրսէն ծախուած դաւաճան ուղեղներ հիմա մեր համբերութիւնը զօրե՞լ կ՚ուզեն։ Թէ ոչ մենք ալ Կարսի պողոտաներուն վրայ հայեր որսալու ելլենք»։