Դաւիթ Իշխանեան. “Մենք կողմնակից ենք դանդաղ եւ կայուն քայլերով առաջնորդուելուն”

11 de julio de 2018

Davit-Ishkhanyan-630x420ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան չի կարծեր, թէ ճիշդ ժամանակն է Արցախի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու սկսելու, թէեւ, ըստ անոր, այդ առնչութեամբ որոշ տրամադրութիւններ նկատելի են, եւ վաղ թէ ուշ գործընթացը պիտի սկսի:

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ տարբեր շերտերու կողմէ տարբեր պահանջներ կը դրուին` մինչեւ իսկ նախագահի հրաժարականի պահանջը:

«Բնականաբար, իմ կարծիքովս, չկայ նման ընդհանուր պահանջ, եւ չեն հասունցած հանրային տրամադրութիւններ` նախագահի հրաժարականը պահանջելու: Բայց, բնականաբար, քատրային փոփոխութիւններու եւ բարեփոխումներու մասին յայտարարուած է երկրի նախագահին կողմէ: Յունիսի սկիզբները ականատես եղաք ուժային ղեկավարներու հրաժարականի պահանջին, եւ հրաժարականները եղան, նաեւ նախագահին կողմէ ցուցաբերուած նախաձեռնութեամբ փոփոխութիւններ եղան: Այդուհանդերձ, կը կարծեմ, թէ ինչպէս հրապարակային ներկայացուցած ենք, քանի մը փուլով այդ բարեփոխումները տեղի կ՛ունենան, եւ կը կարծեմ` առաջին փուլը արդէն իսկ յաղթահարած ենք», ըսած է ան:

Ըստ Դաւիթ Իշխանեանին, ընդհանուր առմամբ առաջին փուլին տեղի ունեցած են քատրային փոփոխութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք նաեւ ակնկալութիւն կայ համակարգային եւ որոշ գործելաոճի փոփոխութեան: «Ատոր համար ժամանակի կարիք կայ, եւ ժամանակը կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ, բայց ինչ կը վերաբերի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, այդ առնչութեամբ քննարկումներ չկան», հաստատած է ան:

Միեւնոյն ատեն, Դաւիթ Իշխանեան յիշեցուցած է ՀՅԴ-ի տեսակէտը, որ տակաւին 2017-ին, Արցախի Սահմանադրութեան փոփոխութեան քուէարկութեան նախօրեակին դրսեւորուած է. ՀՅԴ-ի Արցախի կառոյցը դէմ եղած էր գործող Սահմանադրութեան` զայն դիտարկելով իբրեւ ժողովրդավարական սկզբունքներն եւ նպատակները որոշ չափով արգելակող Սահմանադրութիւն: Ան հաստատած է, որ Դաշնակցութիւնը կողմնակից էր խորհրդարանական համակարգին:

«Այդուհանդերձ, մենք ականատես եղանք, որ Սահմանադրութիւնը դարձաւ իրականութիւն, եւ մենք ստիպուած էինք համակերպիլ անոր հետ` բնականաբար ակնկալելով որոշակի փոփոխութիւններ, նաեւ նախաձեռնութիւններու ցուցաբերում: Կը կարծեմ` ատիկա տեղի կ՛ունենայ, եւ այդ ամէնը նոյնպէս ժամանակի խնդիր է, բայց այսօր ուղղակիօրէն նախաձեռնել սահմանադրական փոփոխութիւններու եւ ակնկալել, որ մենք անմիջապէս կը յաջողինք, տակաւին հասունցած չէ այդ քաղաքական պահանջը, բայց, ըստ իս,  այս զարգացումները հոն կ՛առաջնորդեն, եւ տրամաբանական աւարտը պիտի ըլլայ Սահմանադրական փոփոխութիւնները, եւ, գուցէ, նաեւ յաջողինք կառավարման համակարգի փոփոխութիւն կատարել: Այս իսկ առումով մենք կ՛ունենանք, վերջապէս, նոր մօտեցումներ եւ ինչու չէ նաեւ Հայաստանի հետ քաղաքական մէկ մակարդակի վրայ կը գտնուինք», ըսած է Իշխանեան:

Ան դիտել տուած է, որ խորհրդակցութիւնները կրնան որեւէ պահու սկսիլ: «Այդ առումով կը կարծեմ, թէ արգելակող հանգամանքներ չկան, միակ արգելակող հանգամանքը վերջին մէկուկէս, 2 ամսուան ընթացքին Արցախի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակն է, որուն լոյսին տակ ստեղծուած պայմանները մեզ տակաւին զերծ կը պահեն այդ կարգի քայլերու ձեռնարկելէ, քանի որ ատիկա կրնայ այլ ձեւով ընկալուիլ եւ հանրութեան մօտ ստեղծել ներքին քաղաքական նոր զարգացումներու հիմք, իսկ մենք ընդհանրապէս կողմնակից ենք դանդաղ եւ կայուն քայլերով առաջնորդուելուն», եզրափակած է Դաւիթ Իշխանեան: