“Դուք ­պի­տի չ­­յա­ջո­ղիք”. Ֆ­րանք Էն­կել պա­տաս­խա­նած է Ատր­պէյ­ճա­նին՝

20 de marzo de 2017

Engel-Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ան­դամ եւ Ար­ցա­խի հետ բա­րե­կա­մու­թեան խմբա­կի ղե­կա­վար Ֆ­րանք Էն­կել նա­մա­կով մը դի­մած է Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­րա­նի Ար­տա­քին եւ միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­­Սա­մետ Սէ­յի­տո­վին, «Եու­րո­նեսթ»ի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար ­­Ֆո­ւատ Մու­րա­տո­վին եւ Եւ­րո­միու­թիւն-Ատր­պէյ­ճան խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ ­­Ճա­ւան­շիր ­­Ֆե­զիե­ւին, ո­րոնք Ար­ցախ այ­ցե­լած Էն­կե­լին եւ այլ եւ­րո­խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու դէմ ­­Պա­քո­ւին սկսած մի­ջազ­գա­յին հե­տա­խու­զու­թեան գծով նա­մակ մը յղած էին Եւ­րո­միու­թեան կա­ռոյց­նե­րուն:

Ս­տո­րեւ՝ Էն­կե­լի նա­մա­կէն ու­շագ­րաւ հա­տո­ւած­ներ. «­­Պա­րո­նա՛յք, դուք կը կար­ծէք, որ տե­ղին է մե­ղադ­րել Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ե­րեք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ այն պարզ պատ­ճա­ռով, որ ա­նոնք այ­ցե­լած են ­­Ղա­րա­բաղ:

Նախ, պէտք է յայ­տա­րա­րեմ, որ կտրա­կա­նա­պէս կը հեր­քեմ ­­Մարտ 2, 2017 թո­ւագ­րո­ւած ձեր նա­մա­կին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած պնդում­ներն ու բա­ցար­ձակ ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րը:

Ատր­պէյ­ճան­ցի եւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րը սահ­մա­նին վրայ կը մա­հա­նան՝ հոն հրահ­րո­ւող պա­տե­րազ­մին եւ ոչ թէ խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու կող­մէ այդ տա­րածք այ­ցե­լե­լուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք: Ա­նոնք կը մա­հա­նան, ո­րով­հե­տեւ մէ­կը չի յար­գեր հրա­դա­դա­րը, որ պէտք էր յար­գո­ւէր 1994ի ­­Մա­յիս 12էն սկսեալ: Ա­նոնք կը մա­հա­նան, ո­րով­հե­տեւ կայ մէ­կը, որ կը մեր­ժէ հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման հա­մար դէ­տեր տե­ղադ­րե­լու Ե.Ա.Հ.­­Կ.ի ջան­քե­րը:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­­Ղա­րա­բաղ այ­ցե­րուն, ա­պա մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղ­թի մէջ չկայ ո­րե­ւէ նշում այն մա­սին, թէ վի­ճար­կե­լի տա­րածք­ներ կա­րե­լի չէ այ­ցե­լել: ­­Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի ո­րե­ւէ սկզբունք չ­­՛ար­գի­լեր նման այ­ցեր: Ո­րե­ւէ եր­կիր՝ Ատր­պէյ­ճա­նէն բա­ցի, չի կրնար ե­րե­ւա­կա­յել նման սկզբուն­քի մը գո­յու­թեան մա­սին: Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը 2012ի Ապ­րիլ 18ին վա­ւե­րա­ցու­ցած իր բա­նա­ձե­ւով, բա­ւա­կան պարզ կեր­պով սահ­մա­նած է, որ Եւ­րո­միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բաղ եւ յա­րա­կից գրա­ւեալ շրջան­ներ ան­սահ­մա­նա­փակ մուտ­քը անհ­րա­ժեշ­տու­թի՛ւն է:

Դուք պի­տի չյա­ջո­ղի՛ք, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ մենք են­թար­կո­ւինք ձեր կամ­քին, ա­պա գի­տակ­ցա­բար դէմ գա­լով բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րուն եւ եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րուն՝ պի­տի հա­մա­ձայ­նինք մե­կու­սաց­նել ­­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դը ար­տա­քին աշ­խար­հէն ու պի­տի նպաս­տենք ձեր ան­դա­դար ջան­քե­րուն՝ ճնշե­լու ա­նոնց քա­ղա­քա­կան կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը: ­­

Մենք այդ­պի­սով նաեւ նպաս­տած պի­տի ըլ­լանք ­­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դը մո­ռա­ցու­թեան տա­լու, լքե­լու եւ ա­նոր գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լու ի­րա­ւուն­քը մեր­ժե­լու ջան­քե­րուն: ­­Մենք այդ մէ­կը չե՛նք կրնար ը­նել:

Ես աչք չեմ փա­կեր այն տա­ռա­պան­քին դի­մաց, զոր պա­տե­րազմն ու ներ­քին տե­ղա­հա­նում­նե­րը պատ­ճա­ռած են Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուր­դին: ­­Սա­կայն այդ տա­ռա­պան­քը բու­ժե­լու հա­մար, 1992-1994 տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մը՝ իր խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րով, պէտք էր յան­գեց­նէր յստակ եզ­րի, այլ ոչ թէ յա­ջորդ պա­տե­րազ­մի մը նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան: ­­Դուք յա­մա­ռօ­րէն կը շա­րու­նա­կէք զիս եւ ­­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին մէջ ներգ­րա­ւո­ւած իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րը նկա­տել յան­ցա­գործ­ներ:

Այս հան­գա­մանք­նե­րուն մէջ դուք պէտք է ըն­դու­նիք, որ ես եւ Եւ­րո­պա­կան ու ազ­գա­յին խորհր­դա­րան­նե­րու բազ­մա­թիւ գոր­ծըն­կեր­ներս, ո­րոնց հետ նոյն­պէս կը վե­րա­բե­րիք, պէտք է ձեր եւ ձեր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վար­քա­գի­ծին վրայ պատ­շաճ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեն: ­­Սա՛ է միակ ճա­նա­պար­հը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար մեզ՝ ձեր կա­մա­յա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րէն»