11 ­Մա­յիս 1905

ԴՐՕ գոր­ծադ­րեց ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէն ա­հա­բե­կե­լու Դաշնակցութեան ո­րո­շու­մը

13 de mayo de 2017

Tro112 տա­րի ա­ռաջ՝ 1905ին, ­Մա­յիս 11ի օ­րը, Անդրկով­կա­սի նաւ­թա­յին մայ­րա­քա­ղաք Բա­գո­ւի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րէն Պա­րա­պե­տի վրայ, 21ա­մեայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան մը ռում­բի հա­րո­ւա­ծով ա­հա­բե­կեց ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ իշ­խան Նա­կա­շի­ձէն։

Ե­րի­տա­սարդ այդ յե­ղա­փո­խա­կա­նը Դ­րաս­տա­մատ ­Կա­նա­յեան կը կո­չո­ւէր, որ կո­չո­ւած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ ան­մա­հա­նա­լու խիտ ու կտրուկ ԴՐՕ ա­նու­նով։

Այդ­պէ՛ս, 11 ­Մա­յիս 1905ի օր-ցե­րե­կով եւ բա­նուկ հրա­պա­րա­կի մը վրայ, ան­զու­գա­կան ԴՐՕ իր դաշ­նակ­ցա­կան յան­դուգն յե­ղա­փո­խա­կա­նի կրա­կի մկրտու­թիւ­նը ստա­ցաւ՝ 21 տա­րե­կա­նին ան­վե­հեր գոր­ծադ­րե­լով Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին տո­ւած մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը հա­րիւ­րա­ւոր ան­մեղ հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը հրահ­րած ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէին դէմ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման եւ, ընդ­հան­րա­պէս, հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն ու­շագ­րաւ եւ ու­սա­նե­լի է­ջե­րէն է ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը։ ­Սե­րունդ­նե­րուն հա­մար նշա­նա­կա­լի դա­սեր փո­խան­ցող դրո­ւագ մըն է, որ մէ­կէ ա­ւե­լի զու­գա­հեռ­նե­րով լոյս կը սփռէ ո­րո­շա­պէս հա­յե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան մե­րօ­րեայ հա­կադ­րու­թեան ար­մատ­նե­րուն վրայ։
Ո՞վ էր ­Նա­կա­շի­ձէ եւ ի՞նչ ը­րած էր, որ ար­ժա­նա­ցաւ նման դա­ժան դա­տաս­տա­նի։
Ին­չո՞ւ ­Բա­գուն թա­տե­րա­բեմ հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան այ­դ օ­րի­նակ հա­տու հա­րո­ւա­ծին։
Բա­գուն 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին դար­ձած էր ոչ միայն Անդր­կով­կա­սի, այ­լեւ՝ ամ­բողջ Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան նաւ­թա­յին կեդ­րոնն ու ա­մէ­նէն ճար­տա­րա­րուես­տա­կան քա­ղա­քը, ուր անխ­նայ մրցակ­ցու­թեան մէջ էին ռու­սա­կան թէ անգ­լիա­կան, հայ թէ թա­թա­րա­կան դրա­մագ­լուխ­ներն ու գոր­ծա­տէ­րե­րը։

Իսկ 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան խառն ժա­մա­նակ­ներն էին։ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը, ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ, ծայ­րա­գոյն ա­րե­ւել­քի մէջ պա­տե­րազմ կը մղէր ­Ճա­փո­նի դէմ, իսկ ներ­քին ճա­կա­տի վրայ կը դի­մագ­րա­ւէր Ս. ­Փե­թերս­պուր­կէն սկսած եւ կայս­րու­թեան ողջ տա­րած­քը ա­լե­կո­ծած ըն­կե­րա­յին յե­ղա­փո­խու­թեան բուռն պայ­թու­մը։

Յատ­կա­պէս Անդր­կով­կա­սը յե­ղա­փո­խա­կան ա­լե­կո­ծու­մի մէջ էր եւ յե­ղա­փո­խա­կան տար­րե­րը, ա­ռանց ազ­գա­յին խտրու­թեան, միաս­նա­բար ծա­ռա­ցած էին ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ։

Բազ­մազ­գեան մեծ խառ­նա­րան մըն էր Անդր­կով­կա­սը, յատ­կա­պէս նաւ­թա­հո­րե­րով հա­րուստ ­Բա­գուն, ուր հայն ու ռու­սը, վրա­ցին եւ թա­թա­րը մէկ կող­մէ, ազ­գա­մի­ջեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ճա­կա­տին վրայ, սուր մրցա­պայ­քա­րի մէջ էին ի­րա­րու հետ, իսկ միւս կող­մէ՝ ըն­կե­րա­յին չա­րա­շա­հում­նե­րու եւ կե­ղե­քում­նե­րու ա­ռու­մով, միա­ցեալ ու­ժե­րով ծա­ռա­ցած էին կայ­սե­րա­պե­տա­կան ճնշու­մի գոր­ծիք­նե­րուն՝ խա­ւա­րա­միտ ու յե­տա­դի­մա­կան տար­րե­րուն դէմ, շար­քա­յին պաշ­տօ­նեա­ներ ըլ­լա­յին ա­նոնք թէ ստրկա­միտ ոս­տի­կան­ներ։

Հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­լի­քը հասկնա­լիօ­րէն լայն ար­ձա­գանգ գտած էր Բա­գո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան մէջ, ան­կախ ա­նոնց՝ նաւ­թա­հո­րե­րու կամ ճար­տա­րա­րո­ւես­տա­կան մար­զի բա­նո­ւոր­նե­րու ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն։ Ի տես յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու այ­դօ­րի­նակ սաստ­կա­ցու­մին ու ծա­ւա­լու­մին՝ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն կար­գի դաւ ու սադ­րանք կ­’ո­րո­ճա­յին, հա­կակշ­ռե­լու հա­մար յե­ղա­փո­խու­թեան վա­րա­կիչ մա­կըն­թա­ցու­թեան ա­հագ­նա­ցող ա­լի­քը։

Ա­հա՛ պատ­մա­կան այս են­թա­հո­ղին վրայ, խռո­վա­յոյզ ­Բա­գուի նա­հան­գա­պե­տի իր դիր­քէն, թա­թա­րա­կան ծա­գու­մով ­Նա­կա­շի­ձէն ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու յե­նա­րա­նը հան­դի­սա­ցող ­Բա­գո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին հո­ղի վրայ պա­ռակ­տե­լու, ի­րա­րու դէմ զի­նեալ թշնա­ման­քի մղե­լու եւ, այդ­պի­սով, յեղա­փո­խա­կան ու­ժե­րու ժո­ղովր­դա­յին յե­նա­րա­նը ջլա­տե­լու դա­ւադ­րու­թեան։

Իսկ նման սադ­րան­քի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար պատ­րաս­տի հող էր թուրք-թա­թար զան­գո­ւա­ծը, բա­նո­ւո­րու­թեամբ հան­դերձ, իր խա­ւա­րամ­տու­թեան ու կրօ­նա­մո­լու­թեան հե­տե­ւան­քով։

Մա­նա­ւանդ որ ինչ­պէս Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ, նոյն­պէս եւ ­Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան հո­վա­նիին տակ հրահ­րո­ւած էր թա­թար­նե­րու (ի դէպ՝ նաե՛ւ վրա­ցի­նե­րու) ամ­բո­խա­յին այն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, թէ իբր հա­յե­րը՝ սա­կա­ւա­թիւ ըլ­լա­լով հան­դերձ, ե՛ւ մեծ կշիռ ու­նէին մե­ծա­հա­րուստ­նե­րու շար­քին, ե՛ւ բա­րե­կե­ցիկ կեանք ա­պա­հո­ված էին ի­րենց բա­նո­ւոր­նե­րուն…

Նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն նեն­գամ­տու­թեամբ իւղ թա­փեց հայ-թա­թա­րա­կան հա­կադ­րու­թեանց ու թշնա­ման­քի այդ դրսեկ կայ­ծե­րուն վրայ՝ գաղտ­նա­բար զի­նե­լով նաեւ թա­թար ազ­գայ­նա­մո­լա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւո­րու­թեամբ 6 ­Փետ­րո­ւար 1905ին, ­Բա­գո­ւի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ, թա­թար խու­ժա­նը յար­ձա­կե­ցաւ հա­յե­րու եւ ա­նոնց խա­նութ­նե­րուն ու հաս­տա­տու­թեանց վրայ՝ քան­դե­լով, կո­ղոպ­տե­լով եւ սպան­նե­լով…

­Թուրք-թա­թար ամ­բո­խին կա­տա­ղու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ե­րեք օր՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­ռա­ջին օ­րը ա­նակն­կա­լի ե­կած հա­յու­թիւ­նը շատ ա­րագ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի դի­մեց՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ա­նոր յաղթ բռունց­քը մարմ­նա­ւո­րող հայ­դու­կա­պետ ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։

Թէեւ թուրք-թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց սանձ դրո­ւե­ցաւ, բայց եր­կուս­տեք հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր ու վի­րա­ւոր­ներ ին­կան, իսկ ­Բա­գո­ւի հա­յու­թիւ­նը են­թար­կո­ւե­ցաւ նիւ­թա­կան հսկա­յա­կան կո­րուստ­նե­րու։
Այս աս­տի­ճան ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն էր նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէն։ Ա­նոր սադ­րան­քը ան­պա­տիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյ­նինքն յան­ցա­գոր­ծը ար­դար դա­տաս­տա­նի ար­ժա­նաց­նե­լու հա­մար, թէ՛ նման սադ­րանք­նե­րու եւ յան­ցա­գոր­ծու­թեանց կրկնու­մը կան­խար­գի­լե­լու նպա­տա­կով։

Եւ նա­հան­գա­պե­տին դէմ մա­հա­պա­տիժ ո­րո­շեց ոչ միայն ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ յան­ձին Բա­գո­ւի Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէի, այ­լեւ՝ ռուս ըն­կեր­վա­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց կար­գին մա­հա­պա­տի­ժի վճիռ ար­ձա­կե­ցին ­Նա­կա­շի­ձէի դէմ։ Մին­չեւ ան­գամ ­Ռուս ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը դի­մե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան այն խնդրան­քով, որ ռու­սա­կան կու­սակ­ցու­թեան վե­րա­պա­հո­ւի պա­տի­ւը բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը վա­յե­լող ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման այդ ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թեան։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջեց ­Ռուս ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու դի­մու­մին, բայց այս վեր­ջի­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ան­յա­ջող ան­ցաւ։

Ցա­րիզ­մի նենգ պաշ­տօ­նա­տա­րը ան­պայ­ման պէտք է պատ­ժո­ւէր եւ, ի վեր­ջոյ, պատ­ժո­ւե­ցա՛ւ ­Դաշ­նա­ցու­թեան ան­կեղծ զի­նո­ւոր ԴՐՕի ձե­ռամբ։

ԴՐՕ այդ շրջա­նին կը ծա­ռա­յէր ռու­սա­կան բա­նա­կին մէջ, բայց հա­զիւ լսած ­Փետ­րո­ւար 6ի թուրք-թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց լու­րը՝ փու­թա­ցած էր ­Բա­գու ու ինք­զինք տրա­մադ­րած ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէին։

ԴՐՕ նաեւ կա­մա­ւոր իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կեց ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մի գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար, երբ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին փոր­ձը ձա­խո­ղե­ցաւ։ Դու­ման իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տո­ւաւ ԴՐՕի դի­մու­մին։

Գոր­ծո­ղու­թեան կազ­մա­կերպ­ման պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը վստա­հո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բա­գո­ւի Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րէն Աբ­րա­համ ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նի, իսկ ան­փորձ ա­հա­բե­կի­չին՝ Դ­րո­յին պի­տի ա­ջակ­ցէր ­Գան­ձա­կե­ցի Կ­ռօ ա­նու­նով նոյն­պէս ե­րի­տա­սարդ յե­ղա­փո­խա­կան մը։ Եւ 11 ­Մա­յիս 1905ին ­Նա­կա­շի­ձէ ստա­ցաւ իր ար­ժա­նի պա­տի­ժը։

Նա­կա­շի­ձէն նա­հան­գա­պե­տա­րան փո­խադ­րող ձիա­կառ­քը, շրջա­պա­տո­ւած ձիա­ւոր թիկ­նա­պահ­նե­րով, ա­մէն օր կ­’անց­նէր ­Պա­րա­պե­տի հրա­պա­րա­կէն։ ­Գոր­ծո­ղու­թեան հա­մար ճշդո­ւած օ­րը՝ ­Մա­յիս 11ին, Կ­ռօ դիրք բռնած պէտք է ըլ­լար հրա­պա­րակ տա­նող փո­ղո­ցին ծայ­րը, իսկ Դ­րօ՝ իբ­րեւ հրա­պա­րա­կին վրայ զբօս­նող ան­ցորդ, տոպ­րա­կի մը մէջ դրած մա­հար­կու ռում­բը, պի­տի սպա­սէր Կ­ռո­յի ազ­դան­շա­նին՝ թէ նա­կա­շի­ձէի կառ­քը կը մօ­տե­նար։

­Բայց այդ օր Կ­ռօ ընդ­հան­րա­պէս չէր ե­րեւ­ցած, իսկ Ա. ­Գիւլ­խան­դա­նեան պահ մը ե­րեւ­ցած ու ան­հե­տա­ցած էր։ Դ­րօ ա­ռան­ձին մնա­ցած էր… հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող թուրք-թա­թար պտղա­վա­ճառ մը, մայ­թին վրայ շա­րած էր իր վա­ճա­ռած միր­գե­րը. թարմ կե­ռաս ու­նէր. Դ­րօ պտղա­վա­ճա­ռին ապսպ­րեց տոպ­րակ մը կե­ռաս եւ մինչ վա­ճա­ռոր­դը կը լեց­նէր տոպ­րա­կը, յան­կարծ լսո­ւե­ցան ձիա­կառ­քի եւ ձիա­ւոր­նե­րու ձայ­ներ։

Ա­ռանց այ­լայ­լե­լու, Դ­րօ իր ձեռ­քի տոպ­րա­կէն հա­նեց պատ­րաս­տի ռում­բը, ա­րա­գօ­րէն վա­զեց յա­ռա­ջա­ցող կառ­քի ուղ­ղու­թեամբ եւ նե­տեց ռում­բը։ Ա­հա­ւոր պայ­թիւ­նին հե­տե­ւե­ցաւ հրա­պա­րա­կի խու­ճա­պա­հար ան­ցորդ­նե­րու մեծ ի­րա­րան­ցու­մը։ Դ­րօ խառ­նո­ւե­ցաւ ամ­բո­խին եւ ան­հե­տա­ցաւ…

Նա­կա­շի­ձէ, ա­նոր սպա­սա­ւո­րը, թիկ­նա­պահ­ներ եւ կե­ռա­սի պտղա­վա­ճա­ռը տեղն ու տե­ղը մա­հա­ցան։
Ահ ու սար­սա­փը պա­տեց կայ­սե­րա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն եւ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան։

Բա­գուի Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէն, հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ընդ­հան­րա­պէս Անդր­կով­կա­սի հան­րա­յին կար­ծի­քին ուղ­ղո­ւած եր­կու ան­ջատ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ստանձ­նեց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ­Նա­կա­շի­ձէի մա­հա­պա­տի­ժին։ Իսկ Հ.Յ.Դ. Կով­կա­սեան ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մի­նը, յատ­կա­պէս ցա­րա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան ուղ­ղո­ւած եր­րորդ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, ազ­դա­րա­րեց ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման ի պա­տաս­խան հա­կա­հայ նոր դա­ւեր սադ­րող ու­ժե­րուն, թէ ա­ւե­լի հա­տու պի­տի ըլ­լայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու յա­ջորդ հա­րո­ւա­ծը։

Ան­շուշտ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի հա­մար զգաս­տա­ցան ռուս պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, նոյն­պէս եւ թուրք-թա­թար ազ­գայ­նա­մոլ շար­ժում­նե­րու պա­րագ­լուխ­նե­րը։

Բայց հրձի­գու­թիւ­նը գոր­ծո­ւած էր ար­դէն եւ ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թիւնն ու թշնա­ման­քը մէ­կան­գա­մընդ­միշտ սան­ձա­զեր­ծո­ւած էին՝ ան­դարձ դուրս մղուած էին զի­րենք սան­ձող կա­խար­դա­կան սրո­ւա­կէն…

Ան­տա­ռի Օ­րէն­քով՝ փոքր ազ­գե­րը պէտք է զո­հա­բե­րո­ւէին, իբ­րեւ պարզ խա­ղա­քա­րեր, մե­ծա­պե­տա­կան ինչ-ինչ շա­հե­րու ձեռք­բեր­ման եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ծա­ռա­յե­լու հա­մար…

11 ­Մա­յիս 1905ին ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­տու պա­տաս­խանն էր թէ՛ փոքր ազ­գե­րը զո­հա­բե­րե­լու պատ­րաստ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն, թէ՛ ա­նոնց ձեռ­քը կոյր գոր­ծի­քի վե­րա­ծո­ւած ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րուն։

Իսկ ԴՐՕի յան­դուգն քայլն ու ընդ­հան­րա­պէս Անդրկով­կա­սի հա­յոց ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րը ամ­րապն­դե­լու ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը ա­հա­զանգ, մղիչ ուժ եւ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն, որ­պէս­զի միշտ պատ­րաստ գտնո­ւին մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի սադ­րա­լի հա­րո­ւած­նե­րուն եւ ազ­գա­մի­ջեան ա­րիւ­նա­լի ցնցում­նե­րու հրահ­րու­մին։