Մօնթէվիտէո, Ուրուկուայ

Զապէլ Գէցէմանեան. Թանկագին դաստիարակի մը մահուան Ա. տարելիցի առթիւ

05 de febrero de 2018

Zabel-K.Հայ լեզուի մշակներու պակասը սփիւռքի տարածքին, տարուէ տարի աւելիով կը շեշտաւորուի, տերեւաթափովը հայեցի դաստիարակներու, այն նուիրեալներուն, որոնք իրենց պատրաստուածութեամբ մեր մատղաշ և նորահասակ սերունդին, երկար տարիներու ընթացքին, ոչ միայն հայ լեզու և գրականութիւն ջամբեցին այլև հայկականութեան և հայակերտումի դժուար առաքելութեան ճամբու վրայ, արմատաւորէցին սէրը հանդէպ մեր ազգին ու Հայրենիքին։

Զապէլ Գէցէմանեան անունը, Ուրուկուահայ գաղութի մէջ, մնաց իբրև նախակարապետներէն մին որ, տասնամեակներու ընթացքին լուսաւոր աստղի նման մուտք գործեց հայ լեզուի անդաստանեն ներս, իբրև հմուտ ուսուցչուհի և դաստիարակ, մեր ոսկեղնիկը դրոշմելով իր բազմաթիւ աշակերտներու թարմ ուղեղներու մէջ։

Զապել Գէցէմանեանը ծնած էր Սուրիոյ մայրաքաղաք Տամասկոսի մէջ, ուսումը ստացած էր Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, դաստիարակուելով մեր նորագոյն պատմութեան հսկայ քաղաքական և հասարակական տիտաններ, Սիմոն Վրացեանի, Լեւոն Շանթի և Նիկոլ Աղբալեանի շունջին տակ։ Զ. Գէցէմանեանը այդ մեծ մտաւորականերու գաղափարախօսութեամբ սնած ու մեցած էր։ Մեզի հաճախ կը պատմեր իր ուսանողութեան տարիներուն, երբ Ն. Փալաճեան Ճեմարանի տնօրէնն էր մեծ հայը Սիմոն Վրացեանը, իր ունեցած ապրումներու մասին։ Զապելը կ՚ըսեր թէ այդ առաքելատիպ մեծ հայու դասաժամերը մեր մէջ կը ձգէին այնպիսի աներեւակայելի զգացում մը, որ անմոռանալիօռէն դրոշմուած մնաց իւրաքանչիւր աշակերտի մտքին մէջ, որուն բախտ ընծայուեցաւ Վրացեանի դասընթացքներուն հետեւելու։

1951-ին ընտանիօք կը հասատուի Մօնթէվիտէօ և տարի մը ետք կը նուիրուի հայեցի դաստիարակութեան գործին և երբ 1972-ին Ներսէսեան Հիմնարկութեան ճիգերով, դպրոցի նոր շէնք մը կը կառուցուի և կ՚ստանայ անոր բարերար Երջանիկ Գըսաճքեանի հօր անունը “Երուանդ Գըսաճքեան”, Զապէլը առաջին օրէն իսկ կը հանդիսանայ հայերէն լեզուի և գրականութեան ուսուցչուհի, իսկ 1984-1988 տարիներուն ալ կը նշանակուի վարժարանի տնօրէնի պաշտօնին։

Վաստակաշատ և բեղուն կեանք մը եղաւ Զապէլ Գէցէմանեանինը որ իր ուսուցչական ասպարէզէն զատ, ան նաև նուիրուեցաւ իր շատ սիրած երկու կազմակերպութիւններու, Մօնթէվիտէոյի ՀՕՄ-ի”Ռուբինա” և Համազգայինի “Լեւոն Շանթ” մասնաճիւղներու մէջ պատասխանատու դերեր վերցնելով և ժամանակի մը համար ալ, ծառայեց մեր Ս. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Ն. Շնորհալի Եկեղեցասիրաց Տիկնաց Միութեան մէջ։

Զապէլ Գէցէմանեանի պակասը ակընյայտօրէն կ՚զգացուի, անոր ստացած դաստիարակութիւնը, սերունդներուն իր փոխանցած գիտէլիքները, հայկականութիւնը, ազգայնասիրական և հայաբոյր ոգին, բոլոր անոնց, որոնք իր ձեռքի տակէն անցան, կարօտով պիտի յիշեն այս տիպար հայուհին, Զապել Գէցէմանեանը։

Յարգանք և խոնարհում իր քաղցր յիշատակին։