Զարիֆ. “Հայաստանը Իրանին համար միշտ շատ լաւ դրացի եղած է”

29 de noviembre de 2017

Serge-Zariff-IranՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց  նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը:

Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ  խօսած է երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի աշխուժ  փոխադարձ այցելութիւններուն մասին եւ ընդգծած, որ անոնք կարելիութիւն կու տան աւելի մեծ հոգատարութեամբ զարգացնելու երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան հիմքին վրայ կառուցուած միջպետական յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպումին առիթով անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնած է Իրանի բարեկամ ժողովուրդին աւերիչ երկրաշարժին պատճառով կրած վնասներուն առիթով` վստահութիւն յայտնելով, որ Իրանը կարճ ժամանակի մը ընթացքին  պիտի վերացնէ աղէտին հետեւանքները:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ հայ-իրանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք անցած 25 տարիներուն երկու երկիրները կառուցած են բարեկամական եւ փոխըմբռնման ու յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ այդ յարաբերութիւնները նոյն ոգիով պիտի շարունակուին նաեւ ապագային: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը իրանցի գործընկերներուն հետ միշտ կը վարէ անկեղծ ու բաց երկխօսութիւն եւ շահագրգռուած է բարեկամ Իրանի զարգացումով եւ շրջանի կայունութեամբ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` արտաքին գործոց նախարար Զարիֆ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի ջերմ ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած թէ՛ նախագահ Ռուհանիի երդմնակալութեան ներկայ գտնուելուն, թէ՛ ալ աւերիչ երկրաշարժին առիթով ցաւակցական հեռագիր յղելուն համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ իր երկրին համար դրացի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն է, եւ Հայաստանը Իրանի համար միշտ եղած է շատ լաւ դրացի: Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի համաձայն, հակառակ անոր հայ-իրանական միջպետական յարաբերութիւնները  արդէն 25 տարեկան են` ամրապնդուած քաղաքական սերտ կապերով, սակայն երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները դարաւոր են: Նախարար Զարիֆ ընդգծած է, որ Իրանի ժողովուրդը յատուկ յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին եւ Իրանի հայ համայնքին նկատմամբ:

Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են տնտեսական կապերու ամրապնդումն ու տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը: Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի գնահատումով` հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւնները յարիր չեն երկու բարեկամ երկիրներու ներկայ քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման ուղղուած է նաեւ Երեւանի մէջ որեւէ հայ-իրանական գործարար համաժողով:

Հանդիպումին նախագահ Սարգսեան եւ նախարար Զարիֆ գոհունակութեամբ խօսած են նաեւ միջազգային կառոյցներուն մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան մասին: