«Թող մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ծառայութիւնը զանազան ձեւերով դառնայ մնայուն արժէք ու ճշմարիտ ճանապարհ» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

28 de diciembre de 2017

Aram-I-AntiliasՆախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 24 դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը` Ս. պատարագով: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ առաջին նահատակը ըլլալու կողքին կարեւորագոյն մարտիրոսներէն մէկն է` շնորհիւ իր աստուածատուր կամքի հզօրութեան ու շնորհքին:

Ակնարկելով «Գործք առաքելոց» գիրքին` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոս ընտրուած էր Յիսուսի առաքեալներուն կողմէ իբրեւ քրիստոնէութեան քարոզիչ ու ձեռնադրուած էր սարկաւագ, որուն համար ան քարկոծուելով նահատակուած էր: Թէեւ այս դէպքը տեղի ունեցած է անցեալին, սակայն ժամանակակից է, որովհետեւ մեզի կը լիցքաւորէ սուրբին կամքով ու հաւատքով, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքին փոթորիկներուն առջեւ տոկանք Ս. Ստեփանոսին նման, նշեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ այս տօնով մեր եկեղեցին ոչ թէ Ս. Ստեփանոսին անձը կը փառաբանէ, այլ անոր օրինակը կենդանի պահելով հաւատք ու կամք կը ներշնչէ:

Պատարագի աւարտին, միաբանութիւնը, սարկաւագաց դասը, դպրեվանեցիները եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած` ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը: Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց Ս. Ստեփանոսի նուիրուած փունջ մը շարականներ, ինչպէս նաեւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ու Աւետարանէն հատուածներ կարդացուեցան: Այս առիթով, յանուն սարկաւագաց դասին, Պետրոս սրկ. Տէր Կարապետեան կարդաց ուղերձ մը:

Յայտագիրի աւարտին վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Վկայակոչելով օրուան տօնը` Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Ս. Ստեփանոսը նահատակութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ է, իսկ անոր կեանքէն ճառագայթող պատգամը կը վկայէ, որ ճշմարիտ ծառայութիւնը կենդանի նահատակութիւն է: Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հոգեւորական եւ ազգային գործունէութեան մէջ ծառայութեան ու անձնուիրութեան կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ հայ հոգեւորականին միակ սկզբունքը եւ կոչումը հայ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ եւ ատիկա բարձր է բոլոր տիտղոսներէն եւ մակդիրներէն, իսկ հայ հոգեւորականը այս առաքելութեան պատրաստող դարբնոցը դպրեվանքն է: