«­Թու­մօ»՝ «Եւ­րո­պա ­Նոսթ­րա 2019»ի մրցա­նա­կա­կիր

05 de junio de 2019

­Մա­յիս 21ին ­Լա ­Հէ­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «Եւ­րո­պա ­Նոսթ­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին «­Թու­մօ» յաղ­թա­կան ճանչ­ցո­ւած է՝ կրթու­թեան, վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ ի­րա­զեկ­ման բարձ­րաց­ման ա­նո­ւա­նա­կար­գին մէջ։

Եւ­րո­պա­յի ա­մէ­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր այս մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը կը կազ­մա­կեր­պո­ւի Եւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ու եւ­րո­պա­կան ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման նշա­նա­ւոր ցան­ցի` Եւ­րո­պա ­Նոսթ­րա­յի կող­մէ, գան­ձատ­րու­թեամբ՝ Ե.Մ.ի «Ս­տեղ­ծա­րար Եւ­րո­պա» ծրագ­րին։

«­Լաւ օ­րի­նակ կը հան­դի­սա­նայ Ս­միթ­սո­նեան հիմ­նար­կու­թեան եւ CyArkի հետ միաս­նա­բար կազ­մա­կե­պո­ւած նա­խա­գի­ծը, ո­րու ըն­թաց­քին խումբ մը ու­սա­նող­ներ ի­րա­գոր­ծե­ցին ­Նո­րա­վան­քի եւ Ա­րե­նիի քա­րան­ձա­ւա­յին հա­մա­լի­րին թո­ւայ­նա­ցու­մը»,- նշած է Եւ­րո­պա ­Նոսթ­րա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

­Հարկ է նշել, թէ այս տա­րի յա­տուկ մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած են նաեւ ­Փա­րի­զի հրշէջ­նե­րը, ո­րոնք Ապ­րիլ 15ին կրցան ամ­բող­ջա­կան փլու­զու­մէ փրկել ­Նոթ­րը-­Տամ տա­ճա­րի հիմ­նա­կան կա­ռոյ­ցը եւ ներ­սը գտնո­ւող նմոյշ­նե­րը։

­Յաղ­թա­կան­նե­րը պի­տի պար­գե­ւատ­րո­ւին յա­ռա­ջի­կայ ­Հոկ­տեմ­բեր 29ին՝ ­Փա­րի­զի մէջ նա­խա­տե­սո­ւած Եւ­րո­պա­կան ­Ժա­ռան­գու­թեան Մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։