Թուրքիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի ընթացքին քննարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը

03 de diciembre de 2019

26 նո­յեմբե­րին, Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էրտո­ղա­նի գլխաւո­րութեամբ տե­ղի ունե­ցաւ Թուրքիոյ Ազգա­յին անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:
«Էրմե­նի­հա­պեր» կը հա­ղորդէ, որ չորս ժամ տեւած նիստի աւարտին հրա­պա­րա­կուած է արդիւնքնե­րը ամփո­փող յայտա­րա­րութիւն, որմէ յստակ դարձած է, որ նիստին քննարկուած է նաեւ տարբեր երկիրնե­րու օ­րէնսդիր մարմիննե­րուն կողմէն Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան ճա­նա­չումնե­րու նիւթը:
Յայտա­րա­րութեան` Ցե­ղասպա­նութեան նիւթին վե­րա­բե­րող հա­տուա­ծին մէջ մասնաւո­րա­բար կ՛ը­սուի.
«Խստօ­րէն դա­տա­պարտուած են 1915-ի ի­րա­դարձութիւննե­րուն վե­րա­բե­րեալ որդեգրուած այն ո­րո­շումնե­րը, ո­րոնց հա­մար հիմք հանդի­սա­ցած են պատմա­կան ու ի­րաւա­կան հիմքէ զուրկ, անհիմն պնդումնե­րը: Մի­ջազգա­յին ընտա­նի­քի ուշադրութիւնը հրաւի­րուած է այն բա­նի վրայ, որ ի­րա­կա­նութիւնը բա­ցա­յայտե­լու ժա­մա­նակն է»:
Նիստի ընթացքին քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ հիւսի­սը Թուրքիոյ կողմէ ի­րա­կա­նա­ցուող «Խա­ղա­ղութեան աղբիւր» գործո­ղութեան, անվտանգութեան գօ­տիի ստեղծման առնչուած հարցեր:
Նշուած էր, որ «ա­հա­բե­կիչնե­րը ոչնչացնե­լու եւ տե­ղա­հա­նուած սուրիա­ցի­նե­րու վե­րա­դարձի հա­մար յարմար պայմաններ ստեղծե­լու նպա­տա­կով սկսած» գործո­ղութիւնը պի­տի շա­րունա­կուի, մինչեւ որ հասնի իր նպա­տա­կին: