Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան «1915-ի Ողբերգութեան ճանաչումը կը բխի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի շահերէն»

20 de noviembre de 2014

5_Bas-KirkԹուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճոն Պաս «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններու լիակատար եւ անկեղծ ճանաչումը կը բխի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի շահերէն:

«Մենք, ինչպէս նախապէս, կը կարծենք, որ այդ ցաւալի իրադարձութիւններուն, զանգուածային սպանութիւններուն եւ ողբերգութիւններուն լիակատար եւ անկեղծ ճանաչումը կը բխի թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Հայաստանի եւ մեր հասարակաց շահերէն` շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման եւ ամրապնդման համար», ըսած է ան:

Դեսպանը աւելցուցած է, որ վերջին 20 տարիներուն 1915-ի իրադարձութիւններու հարցը սկսած է քննարկուիլ թուրք հասարակութեան մէջ, ինչ որ դրական տեղաշարժ է:

Պաս կարեւոր նկատած է նաեւ այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ապրիլին` վարչապետ եղած ժամանակ, ցաւակցած էր 1915-ին զոհուած հայերու ժառանգորդներուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի՞ն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, դեսպանը ըսած է. «Այն, ինչ որ կրնամ ըսել այսօր, հետեւեալն է. մեր կառավարութեան տեսակէտը 1915-ին սկսած ողբերգական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յստակ է, եւ դուք զայն կը տեսնէք նախորդ տարիներուն Զոհերու յիշատակի օրը կատարուած մեր յայտարարութիւններուն մէջ»