Թուրք ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րը քա­րե­րով յար­ձա­կած են ե­կե­ղե­ցիէն դուրս ե­կող հա­յե­րու դէմ

21 de septiembre de 2017

churchՊոլ­սոյ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կու մուտ­քին մօտ, խումբ մը թուրք ազ­գայ­նա­մոլ­ներ քա­րե­րով յար­ձա­կած են ե­կե­ղե­ցիէն դուրս ե­կող հա­յե­րու դէմ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ թրքա­կան «Ար­թի­կե­րե­ճեք» կայ­քը:

Լ­րա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն այս մա­սին յայտ­նած է պոլ­սա­հայ գոր­ծիչ Ե­րո­ւանդ Էօ­զու­զուն` ­Թուր­քիոյ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր Հան­րա­պե­տա­կան-­Ժո­ղովր­դա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան հայ ե­րես­փո­խան ­Սե­լի­նա ­Տո­ղա­նի հայ­րը: ­

Պոլ­սոյ Ս. ­Յով­հան­նէս հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին մօտ քար­կո­ծո­ւած պոլ­սա­հա­յե­րը ե­կե­ղե­ցի ե­կած էին՝ ­Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նին ա­ռի­թով ե­րե­կո­յեան կազ­մա­կեր­պուած պա­տա­րա­գին:

Յայտ­նի է, որ դրան մօտ սպա­սած ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րը քա­րեր նե­տած են հա­յե­րուն վրայ եւ բա­ցա­գան­չած.- «­Մա՛հ ձե­զի»: «­Սո­վո­րա­բար կի­րակ­նօ­րեայ ­Պա­տա­րագ­նե­րու ժա­մա­նակ մին­չեւ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տը հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մուտ­քին մօտ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը պա­հա­կու­թիւն կ­՛ը­նեն:

Պե­տու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ա­պա­հո­վել քա­ղա­քա­ցիի ան­ձին եւ ու­նե­ցո­ւած­քին անվ­տան­գու­թիւ­նը: Ա­սի­կա մեզ կ­՛ու­րա­խաց­նէ` ի՜նչ խօսք: ­Սա­կայն այլ հարց, թէ ին­չո՛ւ ի­րա­վի­ճա­կը այն­պի­սին է, որ ա­ռանց ոս­տի­կա­նի պա­հա­կու­թեան մեր իսկ հո­ղե­րուն վրայ չենք կրնար հան­գիստ սրտով ե­կե­ղե­ցա­կան ­Պա­տա­րագ ը­նել»,- «Ար­թի­կե­րե­ճեք»ի հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին նշած է Էօ­զու­զուն: