Ժիրայր Սէֆիլեանն ու ընկերները ազատութեան մէջ

14 de junio de 2018

Sefilian_libertadԵրէկ` չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ քրէական դատարանը որոշեց ազատ արձակել Ժիրայր Սէֆիլեանի գործով բոլոր մեղադրեալները` Ժիրայր Սէֆիլեանը ու Գէորգ Սաֆարեանը, Ներսէս Պօղոսեանը, Սասունիկ Կիրակոսեանը, Գալուստ Գրիգորեանը եւ Հրայր Թոփչեանը:

Նախորդ դատական երկու նիստերուն պաշտպան փաստաբանները ամբաստանեալներու բանտարկութեան վճիռը փոխելու վերաբերեալ միջնորդութիւններ ներկայացուցած էին: Երէկուան նիստին Վերաքննիչ դատարանը որոշած է դատավճիռները մասնակիօրէն բեկանել:

Դատարանը որոշած է Ժիրայր Սէֆիլեանը մեղաւոր ճանչնալ եւ պատիժ նշանակել 5 տարի 5 ամիս ժամկէտով, նաեւ բաւարարել Ժիրայր Սէֆիլեանի պաշտպան Տիգրան Եգորեանի միջնորդութիւնը` խափանման միջոցը փոխարինելու վերաբերեալ: Սէֆիլեանը ազատ արձակուեցաւ դատարանի դահլիճէն` երկրէն չհեռանալու ստորագրութեամբ, հաշուի առնելով նաեւ Ազգային ժողովի  պատգամաւորներուն երաշխաւորութիւնը: