Լափշին 2018-ն յայտարարած է Ազրպէյճանը պատժելու տարի

28 de diciembre de 2017

Lapshin-2017Արցախ այցելելու համար Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած լրագրող-պլոկըր, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանդր Լափշին գալիք 2018 թուականը յայտարարած է Ազրպէյճանը պատժելու տարի:

Այս մասին ան գրած է դիմատետրի իր էջին մէջ` ակնարկելով նաեւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ իր դէմ անարդար կերպով դատական գործ յարուցելու ու դատապարտելու հարցով պիտի դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

«Հայ ընկերներս հրէական անեկդոտը ժամանակակից տեսքի բերած են. «Լափշին կը սիրէր Ազրպէյճանը եւ անոր ու իշխանութիւններուն միջեւ միակ տարակարծութիւնը գիւղատնտեսութեան հարցով էր: Ի՞նչ կապ ունի գիւղատնտեսութիւնը: Անոնք կը ցանկային, որ Լափշին պառկի իրենց հողին վրայ, իսկ Լափշին կը ցանկար, որ անոնք այդտեղ պառկէին»: Սակայն ես իմ հայ ընկերներուս ճշդեցի` ըսելով, որ ինծի համար բաւական կ՛ըլլայ Սթրազպուրկի դատարանին միջոցով գումար ստանալ Ազրպէյճանէն, իսկ հողը անոնք իրենք իրենց արդէն դրած են:

2018 թուականը կը հռչակեմ Ազրպէյճանը պատժելու տարի», նշած է Լափշին:

Լափշին ձերբակալուած էր 2016 թուականին Պիելոռուսիոյ մէջ. Ազրպէյճանի պահանջով պաշտօնական Պաքուն զայն «Սեւ ցուցակ»-ին մէջ ներառած էր առանց իրենց հետ համաձայնեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելու պատճառով: 11 սեպտեմբեր 2017-ին Իլհամ Ալիեւը ներում շնորհեց Լափշինին: