Լեռնիկ Յովհաննիսեան. Արցախի մէջ զբօսաշրջային կեդրոն պիտի ստեղծուի

13 de febrero de 2019

artsakh-turismo2018-ին Արցախ այցելած է 28,588 զբօսաշրջիկ, որ 23 տոկոսով աւելի է, քան 2017-ի համապատասխան ցուցանիշը:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Փետրուար 12-ին կայացած մամուլի ասուլիսի մ  ժամանակ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, որ 2019 Յունուար ամսուան տուեալներով՝ մօտ 710 զբօսաշրջիկ այցելած է Արցախ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 676-ի համեմատ:

«2018 թուականի զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրը մեծ մասամբ ուղղուած էր շուկայագիտական քաղաքականութեան իրականացման: Մայրաքաղաքի եւ Շուշիի մէջ գործող տեղեկատուական չորս կեդրոնները շարունակած են անվճար սպասարկել Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն` վերջիններուս տրամադրելով հաւաստի եւ անվճար տեղեկութիւններ: Նշուած ժամանակահատուածին Ստեփանակերտի եւ Շուշիի տեղեկատուական կեդրոններ այցելած են աւելի քան 800 զբօսաշրջիկներ՝ 52 երկրէ: Տարուան ընթացքին` հաշուառուած են եւս 18 նորաբաց հիւրանոցային տնտեսութեան կեդրոններ: Ներկայիս Արցախի տարածքին կը գործէ 64 հիւրանոցային տնտեսութեան կեդրոն` 1532 մահճակալով»,- նշած է Լ. Յովհաննիսեան:

Նախարարի խօսքով՝ 2019-ին պիտի շարունակուի ընդլայնել Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու ծագման աշխարհագրութիւնը:

«2019 թուականին պիտի գործարկուի artsakh.travel եւ karabakh.travel domain-ներով (ազդեցութեան դաշտերով) վերստին մակնիշուած զբօսաշրջային պաշտօնական կայքը: Շուկայագիտութեան ծրագիրներու իրականացման ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի թուային շուկայագիտութեան արշաւ՝ մեծ թիւով օգտատէրերու ընդգրկումով: Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շահագործումը հնարաւորութիւն ստեղծած է միացնելու Արցախի եւ Հայաստանի զբօսաշրջային երթուղիները Արցախի հիւսիս-արեւմտեան տարածաշրջանին վրայ, որ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ Երեւան-Գորիս-Ստեփանակերտ-Մարտակերտ-Վարդենիս օղակաձեւ զբօսաշրջային երթուղիի զարգացման համար: Կանոնաւոր եւ նիւթական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ «Արցախեան գինի»ի վեցերորդ փառատօնին, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած այլ փառատօններու եւ ձեռնարկներու կազմակերպման: Պիտի ստեղծուի Զբօսաշրջիկներու աջակցութեան կեդրոնը՝ Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն համապարփակ տեղեկատւութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով»,- ընդգծած է Լ. Յովհաննիսեան: