Լոս Անճելըսի քաղաքապետը կը ծրագրէ Արցախ եւ Հայաստան այցելել

13 de noviembre de 2017

Los angelesԼոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի կը ծրագրէ այցելել Հայաստան եւ Արցախ: Այցելութեան ընթացքին ան մտադիր է քննարկել Հայաստանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան եւ մշակութային փոխանակման կարելիութիւնները: Ան այս մասին խօսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան թեւի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին:

Քաղաքապետն ու Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ հայկական մեծ համայնքին կապերը Լոս Անճելըսի իշխանութիւններուն հետ:

Լոս Անճելըսի խորհուրդի անդամ եղած ժամանակ` Կարսեթի 2005-ի աշնան այցելած էր Հայաստան: