Վաչէ Բրուտեան

Լրատուութիւնը նաեւ իբրեւ զէնք

15 de mayo de 2017

armaՄին­չեւ մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւ­րա­մեակ մը ա­ռաջ, մա­մուլ հաս­կա­ցու­թիւ­նը կ’առն­չո­ւէր տպա­գիր թեր­թին. թէեւ մու­նե­տիկ­ներն ալ «հա­ղոր­դակ­ցու­թեան» մի­ջոց էին՝ լու­րեր, յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­լու ի­մաս­տով։ Այ­սու­հան­դերձ՝ մա­մու­լը տպա­գիրն էր։

Մար­քո­նիի գիւ­տը նոր ի­րա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծեց մա­մու­լի աշ­խար­հէն ներս։ Տ­պա­գիր մա­մու­լին, թեր­թին կող­քին, մար­դիկ սկսան տե­ղե­կա­ցո­ւիլ ձայ­նաս­փիւ­ռով նաեւ։ Խն­դի­րը «բար­դա­ցաւ» ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. ­Պա­տե­րազ­մէն ետք, երբ հե­ռա­տե­սի­լը, հրե­լով-հրմշտկե­լով, սկսաւ լայն տեղ գրա­ւել տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Ու­րեմն տպա­գիր թերթ, ձայ­նաս­փիւռ եւ հի­մա ալ՝ հե­ռա­տե­սիլ։Կը կար­ծո­ւէր, որ վերջ, վեր­ջա­կէտ, սա՛ է ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Սա­կայն է­լեկտ­րո­նիկ, հա­մա­կարգ­չա­յին գի­տու­թիւ­նը յե­ղաշր­ջեց այս կա­ցու­թիւ­նը եւս, ան­ցեալ դա­րու 90ա­կան տա­րի­նե­րուն՝ հա­մա­ցան­ցի ստեղ­ծու­մով։

Այս ան­գամ մէջ­տեղ ե­կան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բազ­մա­շերտ դաշ­տեր։ Տ­պա­գիր մա­մու­լը չբա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ տպա­րա­նով. ու­նե­ցաւ իր կայ­քէ­ջը։ ­Նոյ­նը ը­րին նաեւ ձայ­նաս­փիւ­ռի եւ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րը։ ­Հի­մա թէ՛ կա­րե­լի է տպո­ւած թերթ մը ձեռ­քիդ մէջ բռնել ու կար­դալ, եւ թէ՛ հա­մա­կար­գի­չի մկնի­կի մէկ հպու­մով նոյն թեր­թը պաս­տա­ռի վրայ կար­դալ (ա­յո՛, ճիշդ էք՝ նոյն «հա­մը չու­նի»…)։ ­Կա­րե­լի է նաեւ պաս­տա­ռին վրայ թէ՛ կար­դալ եւ թէ՛ դի­տել հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նի մը լու­րը։

Սա­կայն, ի վեր­ջոյ, այս բո­լո­րը ու­նէին տէր-տի­րա­կան մը, պա­տաս­խա­նա­տու մը։ Իւ­րա­քան­չիւր թերթ, կայ­քէջ, ձայ­նաս­փիւ­ռի կամ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան ու­նի խմբա­գիր մը, տնօ­րէն մը, որ կը ղե­կա­վա­րէ ի­րեն յանձ­նո­ւած լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցը։ Այս վեր­ջին­նե­րուն տէ­րե­րը, ան­հատ­ներ կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, կը նշա­նա­կեն ի­րենց յար­մար տե­սած ան­ձը՝ ըստ ա­նոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ ­Մէկ խօս­քով՝ «քա­ռա­դաշտ» դար­ձած մա­մու­լը (տպա­գիր, ձայ­նաս­փիւռ, հե­ռա­տե­սիլ եւ կայ­քէջ) ու­նի աշ­խա­տան­քա­յին կա­ռոյց մը, բաղ­կա­ցած գլխա­ւո­րա­բար լրագ­րող­նե­րէն եւ խմբա­գիր-տնօ­րէ­նէն (վար­չա­կան աշ­խա­տող­նե­րու կող­քին)։

Լ­րա­տո­ւա­կան աշ­խա­տան­քի բե­ռը, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը դրո­ւած է լրագ­րող-խմբա­գիր հա­մա­կար­գի ու­սե­րուն։ Ոչ միայն ծանր է այս բե­ռը, այլ նաեւ՝ բարդ։ ­Դէպ­քի մը մա­սին եր­կու տար­բեր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ եր­կու տար­բեր ձե­ւով հա­ղոր­դում կը կա­տա­րեն։ ­Նա­յած թէ լրա­տու աղ­բիւ­րը ի՞նչ տե­սան­կիւ­նէ կը դի­տէ տո­ւեալ պա­տա­հա­րը, նա­յած՝ թէ տո­ւեալ լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցը ո­րո՞ւ, կամ ո­րո՞նց շա­հե­րը կը պաշտ­պա­նէ։ Այ­սինքն՝ կը խօ­սինք ոչ միայն ե­ղե­լու­թեան մը մա­սին չոր լրա­տո­ւու­թեան, այլ՝ մեկ­նա­բա­նա­կա՛ն լրա­տո­ւու­թեան մա­սին։ ­Կա­տա­րեալ խառ­նաշ­փոթ, ուր յայտ­նի չէ, թէ ո՞ւր կը սկսի լրա­տո­ւու­թիւ­նը, ո՞ւր կը սկսի մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը։

Տանք քա­նի մը թարմ օ­րի­նակ­ներ։ ­Նա­խա­գահ ­Ճորճ ­Պու­շի (հայր) հրա­հան­գով՝ ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րը գրա­ւե­ցին ­Փա­նա­ման եւ ձեր­բա­կա­լե­ցին նա­խա­գահ ­Նո­րիե­կան։ Այդ օ­րե­րուն, ա­մե­րի­կեան մա­մու­լին մէջ լայ­նօ­րէն հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ նաեւ, թէ ­Նո­րիե­կա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի նկուղ­նե­րուն մէջ տոպ­րակ­նե­րով քո­քա­յին յայտ­նա­բե­րո­ւած է. այ­սինքն՝ «­Տե­սա՞ք, ձե­զի չը­սի՞նք, որ այս մար­դը ի՜նչ տե­սակ չա­րիք է»։ ­Վեց ա­միս ան­ցաւ, մին­չեւ որ բրի­տա­նա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան «Ի­քո­նո­միսթ» շա­բա­թա­թեր­թի մեկ­նա­բա­նա­կան յօ­դո­ւա­ծի մը խո­րե­րը թա­ղո­ւած տող մը կար­դա­ցինք, ուր կ’ը­սո­ւէր, թէ այդ տոպ­րակ­նե­րը կը պա­րու­նա­կէին…­կո­րե­կի ա­լիւր։

2003ի Ի­րաք ներ­խուժ­ման նա­խօ­րեա­կին, ա­մե­րի­կեան մա­մու­լը, գլխա­ւո­րա­բար «­Նիւ Եորք ­Թայմզ»ը, պա­տե­րազ­մի թմբուկ­նե­րը ա­միս­նե­րով զար­կաւ. այդ ալ ի՜նչ կշռոյ­թով եւ ուժգ­նու­թեամբ…։ Գլ­խա­ւոր թմբկա­հարն էր նոյն թեր­թի լրագ­րող ­Ճիւ­տիթ ­Մի­լը­րը։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի «ա­նա­նուն աղ­բիւր­ներ»ու վրայ յե­նե­լով, ան կը պնդէր, թէ Ի­րա­քը զան­գո­ւա­ծա­յին ոչն­չաց­ման զէն­քեր ու­նի, զորս պէտք է «չէ­զո­քաց­նել» ա­մէն գնով։ Իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ, ի­րենց կար­գին, ի­րենց ռազ­մա­շունչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը հիմ­նէին… ­Ճիւ­տիթ ­Մի­լը­րի «տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան» վրայ։ ­Հե­տե­ւան­քը գի­տենք. Ի­րա­քը գրա­ւո­ւե­ցաւ, պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը քան­դո­ւե­ցան. նաեւ՝ մի­լիո­նա­ւոր զո­հեր, վի­րա­ւոր­ներ, գաղ­թա­կան­ներ եւ ա­հա­ւա­սիկ այ­սօր, Մ. Ա­րե­ւել­քի Ար­գա­ւանդ ­Մա­հի­կի տա­րա­ծաշր­ջա­նը ին­կած է ա­ղէ­տի ո­լո­րապ­տոյ­տի մը մէջ, ո­րուն ել­քը յայտ­նի չէ։

Լ­րագ­րո­ղա­կան ան­պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեա՞ն, թէ՞ սա­տա­նա­յա­կան ինչ-ինչ հա­շիւ­նե­րով էր միայն, որ հե­ռա­տե­սի­լի ռու­սա­կան RT (Russia Today) կա­յա­նի խօս­նա­կը Քե­սա­պի տե­ղա­հան­ման լու­րը հա­ղոր­դեց… 10 օր ետք։

Նո­րա­գոյն օ­րի­նա­կը քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ ­Սու­րիոյ ­Խան ­Շէյ­խուն ա­ւա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպքն էր. թու­նա­ւոր կազ գոր­ծա­ծո­ւե­ցաւ ու քա­ղա­քա­յին ան­մեղ զո­հեր ին­կան։ Ա­րեւմ­տեան մա­մու­լը, լա­ւա­պէս ղե­կա­վա­րո­ւած երգ­չա­խում­բի նման, ան­մի­ջա­պէս ամ­բաս­տա­նեց սու­րիա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը՝ ա­ռանց սա­կայն տո­ւեալ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու։ Ինչ որ մեզ կը բե­րէ ու­րիշ յղաց­քի մը։ Այդ ալ Ե­ղե­լու­թիւնն է (գլխա­գիր), Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Բայց այս Ի­րա­կա­նու­թիւն հաս­կա­ցու­թիւ­նը եւս խե­ղա­թիւ­րե­լու փորձն ալ կը կա­տա­րո­ւի այ­սօր, երբ նա­խա­գահ Թ­րամ­փի վար­չա­կազ­մը սկսաւ խօ­սե­լու… «այ­լընտ­րան­քա­յին ի­րո­ղու­թիւն» ը­սո­ւած եւ ցարդ աշ­խար­հին ան­ծա­նօթ բա­նի մը մա­սին (alternative facts)։ Կա­տա­րեալ խառ­նաշ­փոթ։

Կը կար­ծո­ւէր, թէ վե­րոն­շեալ աշ­խա­տան­քա­յին բուրգն է լրա­տու դաշ­տին տէրն ու տի­րա­կա­նը։ Այդ­պէս կը կար­ծո­ւէր մին­չեւ մօ­տա­ւո­րա­պէս տաս­նա­մեակ մը ա­ռաջ, երբ Մարք ­Զիւ­քըր­պըրկ ա­նու­նով մէ­կը ը­սաւ՝ «­Հէ՛յ, ժո­ղո­վո՛ւրդ, ես ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րիդ այն­պի­սի գոր­ծիք մը պի­տի տամ, այդ ալ՝ ձրի, որ ձեզ­մէ ա­մէն մէ­կը պի­տի կա­րե­նայ ինք իր լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցը ու­նե­նալ. իւ­րա­քան­չիւրդ թէ՛ լրագ­րող էք, թէ՛ մեկ­նա­բան եւ թէ՛ խմբա­գիր»։ Եւ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ դի­մա­տետ­րը։

Տիե­զե­րա­կան ճշմար­տու­թիւն է, որ տե­ղե­կու­թիւն կամ լուր ը­սո­ւած բա­նը զէնք է։ Այդ տե­ղե­կու­թիւ­նը կրնայ նաեւ ան­ճիշդ ըլ­լալ. կրնայ միայն մա­սա՛մբ ճիշդ ըլ­լալ։ Հե­տե­ւա­բար, այս «զէնք»ի գոր­ծա­ծու­թեան հմտու­թիւ­նը նոյն­քան անհ­րա­ժեշտ է, ո­րով­հե­տեւ զէն­քը գոր­ծա­ծե­լէ ա­ռաջ, անհ­րա­ժեշտ է նախ «մար­զո­ւիլ» այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Իսկ ե­թէ «մար­զում» չկայ, ար­դիւն­քը կրնայ ա­ղէ­տի հա­մա­զօր ըլ­լալ։
Հա­սանք բուն խնդրին։

Ա­մէն մարդ, կողմ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն կամ պե­տու­թիւն, վե­րոն­շեալ զէն­քը կը գոր­ծա­ծէ այն­պէս, ինչ­պէս կը պա­հան­ջեն իր շա­հե­րը։ Աշ­խար­հի օ­րէնքն է սա։ ­Չենք կրնար փո­խել։ Ար­դա՞ր, թէ՞ ա­նար­դար օ­րէնք է, ու­րիշ խնդիր է ա­տի­կա։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ա՛յս է։ Եւ մենք, իբ­րեւ հայ­կա­կան պե­տու­թիւն եւ ժո­ղո­վուրդ, հա­շո­ւի պի­տի առ­նենք միայն ու միայն ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը։

Այս հա­մաշ­խար­հա­յին խառ­նաշ­փո­թին մէջ, հայ­կա­կան լրա­տո­ւա­կան դաշ­տին պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝: Ա­ռա­ջին հեր­թին պաշտ­պա­նել մեր ժո­ղո­վուր­դը օ­տար լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու հզօր քա­րոզ­չու­թե­նէն, CNN ըլ­լայ ա­տի­կա, թէ RT (օ­րի­նա­կի հա­մար), «Ա­զա­տու­թիւն» ըլ­լայ, թէ «Ս­փութ­նիք»։ ­Կա­րե­լի չէ այս (իբ­րեւ թէ) լրա­տու աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րը հա­լած իւ­ղի նման կուլ տալ, կամ տա­րա­ծել հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէն ներս, սփիւռք ըլ­լայ ա­տի­կա, թէ ­Հա­յաս­տան։

Երկ­րորդ, տո­ւեալ դէպ­քի մը, կամ ե­րե­ւոյ­թի մը մա­սին լրա­տո­ւու­թիւ­նը կամ մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը պէտք է յե­նի բա­ցա­ռա­պէս ու միայն այն տրա­մա­բա­նու­թեան վրայ, թէ հա­յու­թեան ու ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար որ­քա­նո՞վ օգ­տա­կար է այդ մէ­կը։

Եր­րորդ, ներ-հայ­կա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մա­սին եւս, նոյն ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ մեր կողմ­նա­ցոյ­ցը։ Այ­սինքն, հա­մա­հայ­կա­կան շա­հե­րու, գլխա­ւո­րա­բար մեր պե­տա­կա՛ն շա­հե­րու տե­սան­կիւ­նէն դի­տել, հա­ղոր­դել կամ վեր­լու­ծել տուեալ դէպ­քը, կամ զար­գա­ցու­մը։

Չոր­րորդ. ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը այ­սօր ու­նին պատ­մա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման խնդիր։ Ա­սի սոս­կա­կան «խնդիր» չէ. ա­սի այ­լեւս կռիւ է, պա­տե­րազմ է։ Գո­յու­թեան կռիւ մըն է, ուր պար­տա­ւոր ենք հա­մաշ­խար­հա­յին լրա­տո­ւա­դաշ­տէն ներս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բո­լոր տե­սա­կի զէն­քե­րը գոր­ծա­ծե­լու, ըստ յար­մա­րու­թեան։ «Չ­’ըլ­լար ճա­նըմ, ա­մօթ է, հա­մաշ­խար­հա­յին այ­սինչ կամ այ­նինչ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ի՞նչ կ’ը­սէ մեր մա­սին. հա­պա՞ ե­թէ մե­զի խոս­տա­ցո­ւած մե­տա­լը չտան»… ­Նե­րե­ցէք, բայց այս մօ­տե­ցու­մին տե­ղը միայն աղ­բա­նոցն է։

Եւ վեր­ջա­պէս, հին­գե­րորդ, դի­մա­տետր գոր­ծա­ծող իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դի պար­տա­կա­նու­թիւն պէտք է նկա­տէ տա­րա­ծել միայն այն լու­րե­րը, ո­րոնք նպաս­տա­ւոր են հա­յու­թեան հա­մար։ ­Պար­զա­պէս «հե­տաքրք­րա­կան է» ը­սե­լով, կա­րե­լի չէ հա­յու­թեան հա­մար անն­պաստ հա­ղոր­դում­ներ տա­րա­ծե­լը։ Անձ­նա­պէս, այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը խնդիր չու­նի, թէ դի­մա­տետ­րի իւ­րա­քան­չիւր օգ­տա­տէր ի՞նչ կ’ը­նէ այ­սինչ կամ այ­նինչ ճա­շա­րա­նին մէջ, ո՞ւր կ’այ­ցե­լէ իր ըն­կեր­նե­րուն հետ, իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն հետ։ ­

Խօս­քը այդ մա­սին չէ։ ­Միւս կող­մէ, հայ­կա­կան մա­մու­լին (տպա­գիր, ե­թե­րա­յին կամ է­լեկտ­րո­նիկ) պար­տա­կա­նու­թիւնն է հան­րու­թեան հա­մար կողմ­նա­ցոյց հան­դի­սա­նալ այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս։
Բարդ օ­րե­րու մէջ կ’ապ­րինք, բայց ոչ՝ ա­նե­լի, այն­քան ա­տեն, որ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան շա­հե­րուն կողմ­նա­ցոյ­ցը մեր ձեռ­քե­րուն մէջ կը պա­հենք։