Կարօ Փայլանը Տինքի սպանութեան ուսումնասիրման հարցով Խորհրդարանին առաջարկ ներկայացուցած է

18 de enero de 2018

Garó paylanԹուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը՝ Հրանտ Տինքի սպանութեան 11–րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցող զարգացումները ուսումանասիրելու ու նմանատիպ հնարաւոր սպանութիւնները կանխելուն ուղղուած գրաւոր առաջարկ:

Վկայակոչելով HDP–ի պաշտօնական կայքը՝ News.am-ը կը հաղորդէ, թէ Կարօ Փայլան իր առաջարկին մէջ շեշտած է, որ Հրանդ Տինքը ջանքեր կը գործադրէր Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ու ժողովուրդներու համերաշխութեան ու խաղաղութեան համար:

Առաջարկին մէջ յիշատակուած է, որ Հրանդ Տինքը Աթաթուրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէոքչենի մասին յօդուած գրելէն ետք թիրախ դարձած է ազգայնականներու կողմէ, իսկ 2005-ին անոր դէմ 301–րդ յօդուածով թիւրքականութիւնը վիրաւորելու մեղադրանքով դատ բացուած է:

«Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովը պէտք է ուսումնասիրէ Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցող զարգացումները եւ նմանատիպ սպանութիւնները կանխելու համար կամք դրսեւորէ: Այս ծիրէն ներս՝ կը պահանջենք, որ խորհրդարանը ուսումնասիրութիւններ սկսի յիշեալ թեմայով»,- նշած է Կարօ Փայլան: