Կոմիտասի՝ մեծերուն մէջ մեծագոյնին ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած «Հոգեւոր Հայաստան» համանուագային հանդէսին առթիւ

28 de mayo de 2019

Մեր ազգա­յին ինքնութեան կերտողնե­րէն է Կո­մի­տաս: Ինքնութիւն, որ կը ծնի ազգին իւրա­յա­տուկ լե­զուէն ու մշա­կութա­յին ժա­ռանգէն: Ա­հա հո՛ս է, որ Մաշտոցն ու Կո­մի­տա­սը կը նոյնա­նան: Մեսրոպ Մաշտո՛ցը, մեր ինքնութեան դրոշմա­դի­րը, մեր գո­յութիւնը մեր գի­րով ու բա­նով շօ­շա­փե­լիօ­րէն ի­մաստաւո­րողն ու դարբնողն է: Կո­րիւն սքանչե­լին Մեսրոպ Մաշտո­ցը կը նմանցնէ պա­տուի­րաննե­րով երկինքնե­րէն իջնող Մովսէս մարգա­րէին, որ իր ժո­ղո­վուրդին կը բե­րէ այն՝ ինչ կը պակսէր ա­նոր. օ­րէնք եւ ա­նով ապրե­լու պատգամ: Կո­րիւնի` Մեսրոպ Մաշտո­ցին տուած պատկե­րը կը գտնենք սքանչե­լի շա­րա­կա­նի մը մէջ.
«Նը­մա­նեալ Մովսէ­սի տէր վարդա­պետ, բե­րե­լով ըզգիր օ­րի­նաց ի Հա­յաստան աշխարհս, ո­րով լուսաւո­րե­ցան ազգ որդւոց Թորգո­մայ:»
Մե­ծե­րը ա­մէն օր չեն ծնիր եւ ա­մէն օր գիւտեր չեն կա­տա­րուիր: Թէեւ մեր Մե­ծե­րը դա­րե­րու ընթացքին ե­րեւոյթներ էին, բայց Կո­մի­տա­սի կա­տա­րած հայ երգի ու ե­րաժշտութեան վե­րա­յայտնա­բե­րումը նուազ գիւտա­րա­րա­կան տա­րո­ղութիւն չունէր: «Կո­մի­տաս ե­րեւոյթը»,-կը գրէ ա­նուա­նի կո­մի­տա­սա­գէտ Արթուր Շահնա­զա­րեա­նը,- «միայն մեր ե­րաժշտութիւնը չէ. մեր բնաշխարհն է, մեր պատմութիւնը, մեր հա­զա­րա­մեակնե­րի մշա­կոյթը՝ արտա­յայտոած՝ ե­րաժշտութեան լե­զուով:»* Կո­մի­տաս վարդա­պետ, գրե­րու գիւտէն 1500 տա­րի ետք, (1913-ին), յօ­դուա­ծով մը հայ ժո­ղո­վուրդին կը վե­րա­դարձնէ այն՝ ինչ կը կարծուէր չգոյ, ինքնին՝ գրե­րու գիւտի ընձե­ռած գիր ու բա­նով ստեղծուած, ա­նով մշա­կուած մշա­կութա­յին կո­թողնե­րուն կողքին կը պակսէր ժո­ղո­վուրդի հո­գիին մէջ տուն գտած ազգա­յին ինքնուրոյն ե­րաժշտութիւնը, որ դա­րե­րու ընթացքին փո­խազդե­ցութիւննե­րով դարձեր էր թուրք-պարսիկ-քիւրտ երգե­րու խառնա­րան: Ա­հաւա­սիկ այդ վարկածներն ու թոյր կարծիքնե­րը ջրե­լու հա­մար Կո­մի­տաս յա­ջո­ղե­ցաւ գտնել մեր երգե­րու ա­կունքնե­րը ու աշխարհով մէկ յայտա­րա­րել իր 1913-ի յօ­դուա­ծով, որ հա­յը ունի ինքնուրոյն երգ ու ե­րաժշտութիւն, հաստա­տում մը, «որ կա­րե­լի է անկիւնա­դարձ մը սե­պել հայ ե­րաժշտութեան պատմութեան մէջ՝ իսկ այդ յօ­դուա­ծը կա­րե­լի է հայ ե­րաժշտութեան վե­րա­յայտնա­բերման վկա­յա­գի­րը հա­մա­րել»,- կ’ը­սէ Մելքոն Տե­մի­ճեան: **
Կո­մի­տաս, որպէս մեկնա­կէտ ունե­ցաւ այն «…տե­սութիւնը, որ կ’ը­սէ, թէ ո­րեւէ ազգա­յին ե­րաժշտութիւն իր մայրե­նի խօ­սակցա­կան լե­զուին օ­րէնքնե­րուն վրայ կը հիմնուի եւ կ’ենթարկուի ա­նոր բո­լոր լե­զուա­կան սկզբունքնե­րուն, շնչա­ռութեան զա­նա­զան ե­լեւէջնե­րուն,, ա­ռո­գա­նութեան, շեշտադրութեան, կէ­տադրա­կան օ­րէնքնե­րուն, բա­ռա­մէ­ջի լռութիւննե­րուն եւ այլ յատկա­նիշնե­րուն վրայ» (Գասպա­րեան, էջ 110) ինչ որ մաս կը կազմէ սե­փա­կան լե­զուամտա­ծո­ղութեան, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ունի ինքնուրոյն երգ ու ե­րաժշտութիւն: Ուրեմն, ե­թէ հա­յե­րէ­նը կայ, կը խօ­սուի, ունի նաեւ իր ինքնուրոյն ե­րաժշտութիւնը: Ա՛յս էր իր ե­լա­կէ­տը: Յաղթա­հա­րե­լով իր դի­մաց յո­խորտա­ցողնե­րու մերժո­ղա­կան կարծիքնե­րը, թէ՝ հա­յե­րը ոչ ինքնուրոյն երգ ունին, եւ ոչ՝ ալ ե­րաժշտութիւն, նկա­տի առնե­լով, նաեւ, որ քա­ղաքնե­րու մէջ երգուած երգե­րը ա­ղաւա­ղուած ու ա­ղարտուած են, Կո­մի­տաս կը դի­մէ ա­կունքնե­րուն՝ մեր ա­մե­նէն զուլալ աղբիւրնե­րուն՝ հայ գեղջկա­կան երգին ու բա­նին: Շա­տեր խօ­սած են այս մա­սին, բայց կը մէջբե­րեմ Զահրա­տէն «Կո­մի­տաս» բա­նաստեղծութիւնը, որ աւե­լի քան խօ­սուն է:

Վարդի Դա­նիէ­լեան