Հայաստանի քաղաքական գործիչներ եւ իրաւապաշտպաններ կ՛արձագանգեն Լափշինի արտայանձնման

10 de febrero de 2017

Arpine_ministroՊիելոռուսիոյ կողմէ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի Ազրպէյճանին արտայանձնումին անդրադարձան հայրենի քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ:

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ 8 փետրուարի առաւօտեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  բանբերին միջոցով նախարարութիւնը արձագանգած է այդ հարցին, իսկ անկէ առաջ ալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հարցը որակած է  խայտառակութիւն` ըսելով, որ ատիկա կը վնասէ Պիելոռուսիոյ  վարկանիշին:

Նախարարին խօսքով` հասկնալի է Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վրդովումը, զոր ցուցաբերեց հասարակութիւնը Լափշինի արտայանձնումին առիթով:

Ըստ Նալբանդեանի, Ազրպէյճան այդ քայլերուն կը դիմէ, որպէսզի մարդիկ չայցելեն Արցախ: «Արդեօ՞ք ատիկա կը կանգնեցնէ օտարերկրեայ գործիչներու այցելութիւնները Արցախ, վստահաբար ոչ, այցելութիւնները  պիտի շարունակուին: Այդ ուղղութեամբ քայլեր առնուած են ու պիտի առնուին, բայց չեմ կարծեր, որ այդ գործողութիւններուն մասին մենք պէտք է յայտարարենք», ըսաւ նախարարը:

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան (Նկար) յայտնեց, որ Լափշինի արտայանձնումը իրաւական ոչ մէկ հիմք ունի` հաստատելով, որ ան յատկապէս Պիելոռուսիոյ մէջ ոչ մէկ յանցանք գործած է, ուստի պլոկըրին դէմ դատ բանալու դրդապատճառ չկայ, այլ անիկա խախտում է ո՛չ միայն միջազգային մակարդակով ընդունուած սկզբունքներուն, այլ նաեւ Պիելոռուսիոյ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին ու քրէական օրէնսգիրքին:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Պրիւքսէլի մէջ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է այս հարցին` զայն անթոյլատրելի նկատելով եւ շեշտելով, որ հիմա աւելի պէտք է աշխուժացնել այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարութեամբ մը դատապարտած է պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի Ազրպէյճանին արտայանձնումը: «Լափշինը քրէական հետապնդման ենթարկելով Ազրպէյճան մտադիր է նախընթաց մը ստեղծել եւ Արցախի ազատ խօսքը լռեցնել ու սպառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Արցախ այցելել:

«Բայց եւ այնպէս, Ազրպէյճան պիտի չյաջողի Լափշինի դատը իրաւական նախընթացի վերածելու մէջ, քանի որ անոր իբրեւ հիմք նկատի առնող պատճառաբանութիւնը ժողովրդական բնոյթ կրող որեւէ պետութեան կամ հաստատութեան համար մերժելի է:

«Աւելի՛ն, Լափշինի բողոքարկումը դրդապատճառ պիտի հանդիսանայ` աւելցնելով մարդու իրաւունքներու գաղափարախօսութեան ազնուութեամբ նուիրեալ իրաւապաշտպաններուն, խօսքի ազատութեան ամենայն ազնուութեամբ նուիրեալ լրագրողներուն հետաքրքրութիւնը Արցախի նկատմամբ: Սփիւռքի կառոյցներուն, հայկական իրաւապաշտպան ու լրագրական շրջանակներուն կոչ կ՛ուղղեմ` ներգրաւուելու Լափշինի գործին հակառակ ազդուութիւն տալու մէջ եւ հակադարձութեան մղիչ ուժի վերածելու զայն»: