Հայաստան բարելաւած է իր դիրքը աշխարհի “Հզօր Անձնագիրներ” ու վարկանիշային ցուցակին մէջ

27 de marzo de 2019

pasaporte armenioՀայաստան աշխարհի անձնագիրներու հերթական վարկանիշային ցուցակին մէջ, որ կազմած է բրիտանական Henley & Partners ընկերութիւնը, կը զբաղեցնէ 78–րդ տեղը:

Հայկական անձնագիրով կարելի է ազատ այցելել աշխարհի 62 երկիրներ առանց մուտքի արտօնագիրի, տեղւոյն վրայ կամ ելեկտրոնային ձեւով վիզա ստանալով:

Անձնագիրներու ցուցակը կ՛արտացոլէ աշխարհի երկիրներու առանց վիզայի փոփոխութիւնները մինչեւ 2019–ի երկրորդ եռամսեակի սկիզբը:

Այսպիսով, Հայաստան անցեալ տարուան համեմատ բարելաւած է իր դիրքերը` ցուցակին մէջ բարձրանալով մէկ հորիզոնականով: Հայաստանի հետ 78–րդ տեղի վրայ է նաեւ Սիերա Լէոնէն:

Հայաստանի քաղաքացիներուն համար բացուած է լրացուցիչ առանց վիզայի ուղղութիւն:

Այսպիսով, հայկական անձնագիրով առանց վիզայի կարելի է մեկնել ԱՊՀ երկիրներ եւ Վրաստան, Իրան, Պրազիլ, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Մալայզիա, Ինտոնեզիա, Հնդկաստան եւ Վիեթնամ, ինչպէս նաեւ ուրիշ, աւելի փոքր երկիրներ. ընդամէնը 62 երկիր:

Վարկանիշով առաջին տեղի վրայ է Ճափոնը: Ճափոնական անձնագիրով կարելի է ազատ մուտք գործել Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի բոլոր երկիրներ, բացի Քուպայէն, բոլոր եւրոպական երկիրներ, բացի Ռուսիայէն, ինչպէս նաեւ ասիական երկիրներու մեծամասնութիւն, ներառեալ Չինաստան եւ Հնդկաստան: