Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Գրառումի Հեղինակ Թուրք Ընդդիմադիր Գործիչի Բանտարկուիլը Կը Պահանջուի

28 de mayo de 2019

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդի­մա­դիր, քե­մա­լա­կան Հանրա­պե­տա­կան ժո­ղո­վուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ նա­հանգա­յին վարչութեան նա­խա­գահ Ճա­նան Քաֆթանճըօղլուի շուրջ հե­տաքննութիւնը սկսած էր 1,5 տա­րի ա­ռաջ: Ան կը մե­ղադրուէր «հրա­պա­րա­կաւ ա­տե­լութեան եւ թշնա­մանքի հրահրման», «ա­հա­բեկչա­կան կազմա­կերպութեան քա­րո­զը կա­տա­րե­լու», «նա­խա­գա­հին վի­րաւո­րե­լու», «հա­սա­րա­կա­կան աշխա­տո­ղին վա­րած պաշտօ­նին հա­մար վի­րաւո­րե­լու», «Թուրքիոյ հանրա­պե­տութիւնը հրա­պա­րա­կաւ նուաստացնե­լու» յանցանքով:
Պոլսոյ հանրա­պե­տա­կան ընդհա­նուր դա­տա­խա­զութեան ա­հա­բեկչութեան եւ կազմա­կերպուած յանցա­գործութիւննե­րու դէմ պայքա­րի գրա­սե­նեա­կին կողմէ 15 յունուար 2018-ին սկսած հե­տաքննութեան իբրեւ արդիւնք պատրաստուած մե­ղադրա­կան եզրա­կա­ցութեան մէջ կը պա­հանջուէր 2 տա­րի 9 ա­մի­սէն մինչեւ 11 տա­րի բանտարկութիւն: Այս մա­սին կը հա­ղորդէ թրքա­կան «Սա­պահ» օ­րա­թերթի կայքը:
Ա­ռա­ջադրուած մե­ղադրանքնե­րուն հա­մար հիմք ծա­ռա­յած է 2012-2017 թուա­կաննե­րուն Քաֆթանճըօղլուի` ընկե­րա­յին ցանցե­րուն վրայ կա­տա­րած հրա­պա­րա­կումնե­րը, ո­րոնց մէջ ան կը քննա­դա­տէր Էրտո­ղա­նը եւ Թուրքիոյ վա­րած ներքին քա­ղա­քա­կա­նութիւնը:
Քաֆթանճըօղլուի գրա­ռումնե­րուն մէջ տեղ գտած էին նաեւ Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան վե­րա­բե­րեալ ակնարկութիւններ: Մասնաւո­րա­բար` մե­ղադրա­կա­նին մէջ տեղ գտած էր հե­տեւեալ գրա­ռումը. «Պատմութեան մէջ այսօ­րուան պէս սկսաւ Հա­յոց ցե­ղասպա­նութիւնը: Կը յի­շենք սպաննուած մեր հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը: 1915-ին: Թաքսի­մի մէջ»: Սա­կայն ցուցմունքնե­րու ժա­մա­նակ Քաֆթանճըօղլու յայտա­րա­րած է, թէ Ցե­ղասպա­նութեան նիւթով հրա­պա­րա­կումը ի­րեն չի պատկա­նիր, նոյն ա­տեն ընդունած է, որ մե­ղադրանքնե­րուն հա­մար հիմք ծա­ռա­յած միւս բո­լոր հրա­պա­րա­կումնե­րուն հե­ղի­նա­կը ինքն է:
Բա­ցի ատկէ, Քաֆթանճըօղլու 2013-ին Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան յի­շա­տա­կի օ­րը` 24 ապրի­լին, անգամ մը եւս գրա­ռում կա­տա­րած էր «Թուի­թըր»-ի վրայ. «Ապրի­լի 23-ի յա­ջորդ օ­րը ի՞նչ օր էր: Ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք չեն ուզեր գիտնալ, յի­շե­ցում. 1915 թուա­կան»: