«Հայ ժողովուրդի տառապանքը, որոշ չափով, Յիսուսի տանջանքներուն շարունակութիւնն էր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

11 de abril de 2015

4-10-15_pope«Վատիկանի ձայնասփիւռ»-ը կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը ընդունած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայրապետական սինոտի արքեպիսկոպոսները, որոնք վաղը պապին հետ միասին պատարագ պիտի մատուցեն Ս. Պետրոս տաճարին մէջ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

«Մենք Աստուծոյ ողորմութիւնը կ՛աղերսենք, որպէսզի ան մեզի օգնէ ամոքելու ամէն վէրք սիրոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան ոգիով եւ մօտեցնէ ժողովուրդներուն միջեւ հաշտեցման ու խաղաղութեան շօշափելի գործողութիւնները, որոնք մինչեւ օրս չեն կրնար խելամիտ համաձայնութեան հասնիլ այդ տխուր իրադարձութիւններու գնահատման հարցին մէջ», ըսած է պապը` դիմելով հայ եպիսկոպոսներուն:

«Ես խորապէս մտահոգ եմ իրավիճակին համար այն շրջաններուն, ներառեալ` Հալէպի… որոնք 100 տարի առաջ յուսալի հանգրուան դարձան փոքրաթիւ վերապրածներու համար: Այդ շրջանները վերջերս վտանգաւոր դարձած են այդտեղ բնակող քրիստոնեաներուն համար եւ ոչ միայն հայ», ըսած է պապը:

Ան ըսած է, որ հայ ժողովուրդը, որ ըստ աւանդութեան, առաջինն էր, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց 301-ին, երկու հազարամեակի պատմութիւն ունի եւ կը պահպանէ հոգեւոր եւ մշակութային փառահեղ ժառանգութիւնը` միաժամանակ ունակ ըլլալով տակաւին յարութիւն առնել բազմաթիւ հալածանքներէ եւ փորձութիւններէ ետք: Ան հայերուն յորդորած է «միշտ հաւատարիմ մնալ Տիրոջ երախտագիտութեան զգացումին` նոյնիսկ ծանրագոյն ժամանակներու մէջ անոր հաւատարիմ մնալու այդ ունակութեան համար: Բացի ատկէ, կարեւոր է սրտի իմաստութիւն հայցել Աստուծմէ. 100-ամեայ վաղեմութեան զոհերու մասին յիշատակը ի յայտ կը բերէ «միսթերիում ինիքուիթաթիս»-ի խաւարը»:

Հռոմի քահանայապետը նաեւ յիշատակած է բոլոր անոնք, որոնք ջանքեր գործադրած են մեղմացնելու հայ ժողովուրդիտառապանքները, նախ եւ առաջ Պենետիկտոս ԺԵ. պապին, որ բանակցած է սուլթան Մեհմետ Ե.-ի հետ` հայերու չարչարանքներուն վերջ տալու համար: Պենետիկտոս ԺԵ.-ը «քրիստոնեայ Արեւելքի մեծ բարեկամը եղած է», յիշեցուցած է պապը:

Վաղը «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետներ»-ու շարքին պիտի դասուի Ս.Գրիգոր Նարեկացին:

Վատիկանի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի պատարագը համայն աշխարհին պիտի հեռարձակուի

12 ապրիլին, Հռոմի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս պապը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պիտի մատուցէ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին պիտի շնորհուի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» տիտղոսը: Համապատարագիչն է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:

Վատիկանի ձայնասփիւռը կը յայտնէ, որ աշխարհի տարբեր կայաններ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակեն Ս. պատարագը, իսկ ձայնասփիւռի հայկական բաժինը Հռոմի սրբազան քահանայապետին լատիներէնով պատարագը պիտի հեռարձակէ հայերէն մեկնաբանութեամբ`www.radiovaticana.va կայքով:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները, աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիները ներկայացնող հոգեւորականներ: