Նիւ Եորք

Հայ մշակոյթը “Մեթրոփոլիթըն” թանգարանին մէջ

06 de noviembre de 2017

MetropolitanՀա­յոց պատ­մու­թեան ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշրջան մը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի հա­մաշ­խար­հա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կուն՝ ­Նիւ Եոր­քի «­Մեթ­րո­փո­լի­թըն» թան­գա­րա­նին մէջ: 4-17րդ ­դա­րե­րու հայ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող բա­ցա­ռիկ ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը նա­խա­տե­սո­ւած է 2018ի Սեպ­տեմ­բե­րի 21ին, Հ.Հ. ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման օ­րը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին մա­սին ման­րա­մաս­ներ, «Ա­րա­րատ-Էս­քի­ճեան» թան­գա­րա­նին մէջ, Հոկ­տեմ­բե­րի 22ին ներ­կա­յա­ցուց «­Մեթ­րո­փո­լի­թըն»ի միջ­նա­դա­րեան ա­րո­ւես­տի եւ վան­քե­րու վար­չու­թեան ­Բիւ­զան­դա­կան բաժ­նի հա­մա­կար­գող ­Հե­լեն Է­ւան­սը:

«­Ցու­ցա­հան­դէ­սում կը ներ­կա­յա­ցո­ւեն վաղ միջ­նա­դա­րից մին­չեւ 17րդ ­դար հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը եւ մշա­կոյ­թը՝ քրիս­տո­նէու­թեան ըն­դուն­ման, ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի կող­մից հայ գրե­րի ստեղծ­ման ու դրա ազ­դե­ցու­թեան, ­Կի­լի­կիա­յի հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան տա­րի­նե­րի մա­սին ցու­ցան­մոյշ­ներ, տար­բեր դա­րե­րի ձե­ռագ­րեր, հա­յե­րէն ա­ռա­ջին տպա­գիր գրքեր»,- տե­ղե­կա­ցուց ­Հե­լեն Է­ւանս:

Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նին մէջ կազ­մո­ւած պի­տի ըլ­լայ ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի թան­գա­րա­նին, ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի եւ ­Պատ­մու­թեան ­Թան­գա­րա­նի նմոյշ­նե­րէն, նաեւ՝ պի­տի նե­րա­ռուին Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Սուրբ ­Յա­կո­բեանց ե­կե­ղե­ցիի, ­Մե­ծի Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան մօտ պա­հո­ւող հայ միջ­նա­դա­րեան մշա­կոյ­թի ո­րոշ գան­ձե­րէն նմոյշ­ներ՝ տրա­մադ­րո­ւած «­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին եւ ո­րոշ ոչ-հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու կող­մէ:

Հե­լեն Է­ւանս նշեց, որ բա­ցա­ռիկ ա­ռիթ կ­՚ըն­ձե­ռուի՝ աշ­խար­հի հնա­մե­նի մշա­կոյթ­նե­րէն մէ­կը կրող ժո­ղո­վուր­դին պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­կից ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լու: «­Մենք յոյս ու­նենք, որ ցու­ցադ­րու­թիւ­նը հա­յե­րին հպար­տու­թեան տե­ղիք կը տայ, երբ տես­նեն, թէ ­Հա­յաս­տա­նը ինչ­պէս է ըստ պատ­շա­ճի ներ­կա­յա­ցո­ւած: Միա­ժա­մա­նակ, ակն­կա­լում ենք աշ­խար­հին ա­ռա­ւել ճա­նա­չե­լի եւ ըն­դու­նե­լի դարձ­նել հայ մշա­կոյ­թը՝ որ­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին ա­րո­ւես­տի ներ­կա­յա­նա­լի մաս»,- նշեց Է­ւանս՝ պա­տիւ հա­մա­րե­լով իր ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին մէջ:

Բա­նա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րու մաս­նա­գէտ Է­ւանս խօ­սե­ցաւ հա­յոց պատ­մու­թեան տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թեանց մա­սին, ներ­կա­յա­ցուց հա­զուա­գիւտ ձե­ռա­գիր­ներ:

Պա­տաս­խա­նե­լով ներ­կա­նե­րէն մէ­կու հար­ցին, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է լու­ծել աշ­խար­հի տար­բեր թան­գա­րան­նե­րու մէջ, այդ կար­գին՝ «­Մեթ­րո­փո­լի­թըն»ի մէջ, այլ եր­կիր­նե­րու ա­նու­նին ներ­քոյ ներ­կա­յա­ցո­ւած հայ մշա­կոյ­թի գան­ձե­րը որ­պէս հայ­կա­կան ներ­կա­յաց­նե­լու հար­ցը, ­Հե­լեն Է­ւանս դի­տել տո­ւաւ, թէ այս­պի­սի՛ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը կրնան ըլ­լալ: