Յովսէփ Պարազեան

Հանրապետութիւնը կը փորձէ վերադառնալ հայրենի կեանքին

31 de diciembre de 2017

Bandera y escudo1918 թո­ւա­կա­նը լու­սա­ւոր փա­րոս մը ե­ղաւ հայ ազ­գի պատ­մու­թեան մէջ։ Ե­թէ մէ­կը կը կար­ծէ, թէ սխալ բան մը կ­’ը­սենք, կամ սո­վո­րա­կան քա­րոզ­չու­թիւն կը կա­տա­րենք, թո՛ղ խօ­սի, թո՛ղ գրէ։ ­Թե­րեւս հան­րա­պե­տու­թիւ­նը քիչ մը ա­ւե­լի կը պաշտ­պա­նո­ւի։


Ըն­թա­ցիկ հա­մա­րո­ւող հար­ցադ­րու­մը՝ ազ­գա­յին կամ քա­ղա­քա­կան եր­կընտ­րանք ստեղ­ծե­լու մի­տում չու­նի բնաւ։ Անձ­նա­պէս հա­մո­զո­ւած եմ, որ բո­լոր հա­յե­րը միեւ­նոյն ձե­ւով կը մտա­ծեն, միեւ­նոյն ձե­ւով կը զգան մեր պատ­մու­թեան մէջ ստեղ­ծո­ւած՝ Հա­յաս­տա­նի ա­զատ ու ան­կախ Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար։ Կ’ը­սենք այս, պար­զա­պէս ընդգ­ծե­լու հա­մար, որ 1918ի հան­րա­պե­տու­թիւ­նը քի­չե­րու հայ­րե­նիք մը չե­ղաւ, այլ՝ բո­լո՜ր հա­յե­րու հայ­րե­նի­քը, բո­լո՜ր հա­յե­րու հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Վս­տա­հա­բար, ա՛յս է պատ­ճա­ռը, որ այ­սօր հո­գե­կան ան­սայ­թաք հպար­տու­թեամբ, հայ­րե­նիք եւ սփիւռք կ­’ո­գե­կո­չենք, կը տօ­նա­կա­տա­րենք, կը պան­ծաց­նենք ա­նոր հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կը։

Ե­կէք ըն­դու­նինք. ինչ որ 1918ին հրամ­ցո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին, այ­սօր՝ մեր 26ա­մեայ նո­րա­գոյն հան­րա­պե­տու­թեան՝ ան­կա­խու­թեան պար­տադ­րած թմրու­թեան ու բնա­կան թէ ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու անբ­նա­կան հա­մա­րո­ւող ազ­գա­յին ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան մը ար­գա­սիքն է։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­դար գո­հու­նա­կու­թեամբ կ­’ըմ­բոշխ­նէ լիո­վին իր հե­րոս զա­ւակ­նե­րու ա­րեամբ ստեղ­ծո­ւած, պահ­պա­նո­ւած ու ամ­րա­կա­յո­ւած այս փոք­րիկ հո­ղա­տա­րած­քը, մին­չեւ որ հաս­նինք մեր ցան­կա­ցած դա­րա­ւոր ե­րա­զին՝ ա­զատ, ան­կախ հայ­րե­նի­քը հա­մալ­րե­լու հայ նոր սե­րունդ­նե­րու տես­լա­կա­նը հան­դի­սա­ցող միա­ցեալ ու ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի կազ­մա­ւո­րու­մին։

Ա­ւե­լի վեր, հար­ցադ­րում մը կը կա­տա­րէի, 1918ին ստեղ­ծո­ւած մեր Ա­ռա­ջին Հանր­պաե­տու­թեան մա­սին։ Ակ­նար­կու­թիւ­նը՝ ա­ռանց հին եւ տխուր վկա­յա­կո­չող ժա­մա­նակ­նե­րը թե­րա­հա­ւա­տու­թեան մատ­նե­լու, կը մի­տէր պարզ­ապէս յի­շեց­նե­լու, որ մեր հան­րա­պե­տու­թեան ան­կու­մէն ու խորհր­դա­յին կար­գե­րու բռնա­հաս­տա­տու­մէն 70 տա­րի շա­րու­նա­կա­բար, լռու­թեան պա­ռակ­տիչ պատ մը բարձ­րա­ցաւ, իր տե­սա­կի, ո­ճի, բնոյ­թի բա­ցա­սա­կա­նօ­րէն սպա­սե­լի թէ անս­պա­սե­լի՝ բո­լո­րին ծա­նօթ հե­տե­ւանք­նե­րով։ Ա­մէն ին­չի հա­մար բո­լորս հա­մա­ձայն չենք կրնար ըլ­լալ։

Լ­ռու­թեան պա­տե­րը պատ­մու­թեան մէջ, միշտ ալ ժխտա­կան շար­ժա­ռիթ­նե­րու պատ­ճառ ու հե­տե­ւանք կ­’ըլ­լան, եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին, չեն կրնար գի­տակ­ցա­կա­նօ­րէն քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յար­գան­քին ու գնա­հա­տան­քին ար­ժա­նա­նալ։ Ալ, ո՜ւր մնաց որ…

Ազ­գե­րու պատ­մու­թեան մէջ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նադ­րու­թիւ­նը ա­ռիթ է վե­րագ­նա­հա­տե­լու եւ վե­րար­ժե­ւո­րե­լու հայ­րե­նիք­նե­րու ան­ցեա­լի, ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի ի­րա­վի­ճա­կը եւ ան­կէ ծնունդ առ­նող տես­լա­կա­նա­յին հե­ռան­կար­ներ եւ գո­յու­թե­նա­կան հրա­մա­յա­կան­ներ, ո­րոնք մեր առ­ջեւ ճնշիչ ձե­ւով կը բա­նան հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան նո­րա­նոր ու յու­սա­լի տե­սա­դաշ­տեր ու նո­ւա­ճո­ղա­կան հո­րի­զոն­նե­րու յան­գե­լու ակն­կա­լու­թիւն­ներ։

Այ­սօր, ան­կա­խա­ցած հայ­րե­նի­քի եւ մա­սամբ՝ ժա­մա­նա­կա­կից ոս­տում­նե­րով ինք­զինք վե­րա­հաս­տա­տել փոր­ձող,- միա­ժա­մա­նակ այլ մար­զե­րու մէջ նա­հան­ջո­ղա­կա­նու­թիւն պար­տադ­րող՝ դիւ­րին, յա­րակ­ցօ­րէն նաեւ բարդ, ան­հա­կակշ­ռե­լի կա­ցու­թիւն­ներ ստեղ­ծո­ւած են, որ հետզ­հե­տէ կը բազ­մա­նան ու կը դժո­ւա­րաց­նեն հա­յու ներ­քին թէ ար­տա­քին հա­մա­րո­ւող կեան­քի հոսքն ու գո­յա­տեւ­ման հէն­քը։
Տես­նե՛նք ի­րա­պաշ­տու­թեամբ ա­ռօ­րեա­յով ապ­րող ժա­մա­նակ­նե­րէն բխող հրա­մա­յա­կան­ներ, ո­րոնք պէտք է են­թար­կո­ւին հա­սա­րա­կաց ու ըն­դու­նե­լի տրա­մա­բա­նու­թեան մը։
Անց­նող 100 տա­րո­ւան ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան-քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան-մշա­կու­թա­յին բնո­րո­շիչ թէ տա­տա­նող ո­լորտ­նե­րու հա­մընկ­նող հա­յաշ­խար­հի ի­րա­ւա­պատ­կե­րը՝ ա­մէն ժա­մա­նա­կի չափ ու ա­մէն ժա­մա­նա­կէ ա­ւե­լի՝ կու­գայ իր հրա­մա­յա­կան պա­հանջ­նե­րէն բխող հար­ցա­կան­ներ ստեղ­ծե­լու հա­յու­թեան գո­յու­թեան, ա­ւե­լի ճիշդ՝ հա­յու­թեան ինչ­պի­սի՞ բիւ­րեղ գո­յու­թեան ի­րա­պաշտ տե­սա­դաշ­տի մը կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ի­րօ՛ք. ինչ­պի­սի՞ եր­կիր կը ստեղ­ծենք, կամ՝ ինչ­պի­սի՞ եր­կիր կ­’ու­զենք ստեղ­ծել։
Ի­րօ՛ք. ինչ­պի­սի՞ հայ կը ստեղ­ծենք, կամ՝ ինչ­պի­սի՞ հայ կ­’ու­զենք ստեղ­ծել, երբ անհ­րա­ժեշտ չա­փով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տեն­դով չենք զար­գաց­ներ նոր մար­դոց ե­րազ­նե­րը։

Փաս­տօ­րէն կը խու­սա­փինք խաբ­կանք­նե­րու, կամ հի­նէն որ­դեգ­րո­ւած, նո­ւի­րա­կա­նա­ցած ու մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն ըն­դե­լու­զո­ւած ան­ցեա­լի ու­րո­ւա­կան­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լու, վի­ճե­լու, հիմ­նա­ւո­րում­ներ թէ հաս­տա­տում­ներ կա­տա­րե­լու փոր­ձու­թե­նէն։ ­Հոս ան­ձե­րու, ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու թէ կա­ցու­թիւն­նե­րու փութ­կոտ գո­վա­սանք­ներ շռայ­լե­լու, կամ մաս­նա­կի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ջա­տա­գո­վում­ներ կա­տա­րե­լու ե­կած չենք, ոչ ալ ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան սխալ­ներ ու ձա­խո­ղու­թիւն­ներ գոր­ծած մար­դոց քննե­լու, դա­տե­լու, պատ­ժե­լու։ Ե­կած ենք, մա­քուր ու ան­կեղծ սրտով մեզ տա­ռա­պեց­նող խնդիր­նե­րուն լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու։

Տե­սէ՛ք. հա­յը մեր օ­րե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի պո­ղո­տա­նե­րու վրայ ա­զատ ու հա­մար­ձակ կը քա­լէ, կը խօ­սի, կը վի­ճի, կը քննա­դա­տէ։ ­Միան­գա­մայն՝ կ­’ե­րա­զէ նոր ու ա­ւե­լի բար­գա­ւաճ ա­պա­գա­յի մը մա­սին։
Մ­տա­բե­րա՞ծ ենք եր­բեք, թէ ա­զատ ու ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան յա­ջոր­դող ե­րա­զը ինչ­պէ՞ս կ­’ըլ­լայ. ը­սել կ­’ու­զեմ՝ ինչ­պէ՞ս կը բնո­րո­շո­ւի. մին­չեւ ո՞ւր կը հաս­նի։ Ո՞րն է ե­րա­զո­ւած հայ­րե­նի­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեան սահ­մա­նին ըմբռ­նու­մը։

Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան չար­չա­րո­ւած ի­մաս­տին մա­սին քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լով ի՞նչ կը հասկ­նանք. նո՞յն բա­նը կը հասկ­նանք։ Ո՞ւր կը յան­գինք. ո՞ւր կրնանք յան­գիլ։ Ար­դեօ՞ք «հան­րա­պե­տա­կան պե­տու­թիւն» ը­սե­լով զա­նա­զան ու տար­բեր ըմբռ­նում­նե՞ր կան մեր մի­ջեւ, կամ մեզ­մէ դուրս, մեր ներ­քին շրջա­պա­տէն, թէ պե­տա­կան շրջա­պա­տէն ներս, ուր մե­զի չափ, կամ մեզ­մէ ա­ւե­լի լուրջ ու խո­հուն մտա­ծող հա­սա­րա­կու­թիւն­ներ կան։

Պե­տա­կա­նու­թեան ըն­դու­նե­լի ո­րա­կի ըմբռ­նու­մը ա­ւե­լի քան հրա­մա­յա­կան էր նո­րան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու դաս­տիա­րակ­չա­կան ըն­կալ­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար։

Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ նո­րան­կախ­նե­րը, պար­տին ե­րեւ­ցող վե­րա­նո­րոգ տա­րա­զի մը ցու­ցա­նի­շը տալ՝ գործ­նա­կան ձե­ւով, ա­մէն օր, ա­մէ՛ն ժամ, դա­տի տակ ե­ղող «ամ­բաս­տա­նեա­լին» պէս։
Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը միայն ո­գե­շնչող ճա­ռեր, ի­րար կրկնո­ւող լո­զունգ­ներ ու արբ­շիռ հռե­տո­րու­թեամբ յա­գե­ցած նշա­նա­խօս­քեր չեն։ Վս­տա­հա­բար ա­ւե­լին, կամ ա­ւե­լի ճիշդ՝ խոր­քա­յին ու­րիշ բա­ներ ալ են։
Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կա­նա­ցու­մը ա­ւե­լի քան կա­րե­ւոր է Ս­փիւռ­քի հա­մար մա­նա­ւանդ, յատ­կա­պէս ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին, երբ Ս­փիւռ­քը դի­մա­գիծ կը փո­խէ, նոր ինք­նու­թիւն կը ստա­նայ։ Իսկ ե­թէ չի փո­խեր, պէտք է ա­ճա­պա­րէ փո­խո­ւե­լու, իր ա­պա­գայ գո­յու­թեան ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար հա­մաշ­խար­հա­յին հա­սա­րա­կու­թեան կա­նոն­նե­րուն «հե­տե­ւե­լով»։

***
1918ի պա­տե­րազ­մը եւ Ար­ցա­խի այ­սօ­րո­ւան պա­տե­րազ­մը էու­թեան մէջ նոյն, թէ նոյ­նան­ման նպա­տակ­նե­րու թե­լադ­րա­կա­նու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով հան­դերձ, ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն տե­ղի կ­’ու­նե­նայ ըն­կե­րա­յին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ յե­ղա­փո­խա­կա­նու­թեան մը տար­բեր պայ­ման­նե­րէ ու պա­հանջ­նե­րէ բխող մեկ­նա­կէտ­նե­րով։ Ան­ցեա­լի ճա­կա­տա­մար­տը այ­սօ­րո­ւան նպա­տա­կը չու­նէր, բայց ու­նէր նոյն ի­մաս­տը։

1918ին ստեղ­ծո­ւած հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ ­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ պե­տա­կա­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը տե­ղի կ­’ու­նե­նայ տար­բեր ու տար­բե­րա­կո­ւած պայ­ման­նե­րու տակ։
Հա­յե­րուն հա­մար պա­տե­րազ­մը, նոյն­քան մըն ալ խա­ղա­ղու­թիւ­նը միշտ ալ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ։

Մար­դիկ թէ պե­տու­թիւն­ներ, ի մաս­նա­ւո­րի հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ կ­’ը­սեն, թէ աշ­խար­հի սահ­ման­նե­րը կը բաժ­նեն եր­կիր­նե­րը. ու­րիշ­ներ ալ կը պնդեն թէ՝ կը միաց­նեն։ Ո­մանք հա­մո­զո­ւած են, որ միա­ցու­մը աս­կէ կը սկսի, ու­րիշ­ներ ալ, թէ ան­կէ կը սկսի՝ բա­ժա­նու­մը։
Այս­պի­սի գա­ղա­փար­նե­րու տար­բե­րա­կա­նու­թիւ­նը ո՞ւր կրնայ յան­գիլ, ո՞ւր կրնայ ա­պաս­տան գտնել։ Այս յան­կեր­գի ի­րա­կա­նու­թեան ու կեղ­ծի­քի ըմբռ­նո­ղու­թեան սահ­մա­նը ուր­կէ՞ կը սկսի, ո՞ւր կը յան­գի…։

***
Աշ­խար­հի հան­րա­պե­տա­կա­նա­ցած եր­կիր­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ի­րենց սկզբուն­քա­յին ո­րո­շում­նե­րը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պատ­մու­ճա­նով զի­նե­լու հա­մար յա­ճախ՝ տկար, սխալ, բա­ցար­ձակ ու հա­կա­հան­րա­պե­տա­կան մի­ջոց­ներ ալ կը կի­րար­կեն, տագ­նա­պի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու եւ ու­ժե­րու (ան)հա­ւա­սա­րու­թեան մա­կար­դակ­նե­րով շփո­թե­լով ու շփո­թեց­նե­լով։

Հան­րա­պե­տու­թիւն­ներ եւ հան­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց­ներ՝ նախ եւ ա­ռաջ ի­րենց ա­նու­նը պէտք է ու­նե­նան։ Ա­ռանց ա­ռա­քի­նի ա­նու­նի եւ համ­բա­ւի, ա­ռա­քի­նա­ցած հան­րա­պե­տու­թիւն չ­’ըլ­լար, ինչ­պէս ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հայ­րե­նիք­ներ, ա­ռանց ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նա­ցած գոր­ծե­լա­կեր­պի չեն ըլ­լար։ ­Մար­դիկ ա­զատ պէտք է ծնին, ա­զատ պէտք է մեռ­նին։ Այս եր­կուքն ալ փխրուն մա­տի­տով կա­րե­լի չէ ար­ձա­նագ­րել։
Ա­զա­տու­թիւ­նը միայն պա­տե­րազմ­նե­րու խորհր­դա­նիշ չէ, այլ նաեւ՝ հո­գեմ­տա­ւոր խա­ղա­ղու­թեան ար­ժէք­նե­րու եւ չա­փա­նի­շե­րու։ Ա­զա­տու­թեան ար­ժէ­քը զայն իւ­րաց­նե­լու մէջ կը կա­յա­նայ, ոչ միայն ձե­ւին, այլ էու­թեան հետ կա­պո­ւած է, իսկ ա­նոր խոր­քա­յին կի­րար­կումն ալ՝ դաս­տիա­րա­կու­թեան։

Մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն, մեզ­մէ ո՞վ խիղ­ճի ա­մե­նայն հանգս­տու­թեամբ կրնայ ը­սել, թէ աշ­խար­հի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ծուռ բա­ներ չի տես­ներ, չի հասկ­նար։ ­Պե­տու­թիւն­ներ ու կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ տար­բեր-տար­բեր հա­կա­ժո­ղովր­դա­վար ու կո­տո­շա­ւոր ա­նար­դա­րու­թեան մի­ջոց­նե­րով գոր­ծեր կը տես­նեն, յա­նուն հան­րա­պե­տու­թեան, յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, երբ մա­նա­ւանդ փակ դուռ­նե­րու ե­տին ո­րո­շում­ներ կը կա­յաց­նեն։

Պար­զենք մեր մտա­ծում­նե­րը քա­նի մը խօ­սուն, իւ­րա­յա­տուկ ու մերթ զար­մանք պատ­ճա­ռող օ­րի­նակ­նե­րով.-
Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան շնոր­հուե­ցաւ խա­ղա­ղու­թեան ամ­բող­ջա­կան մրցա­նակ։ Անձ­նա­պէս չհասկ­ցայ եր­բեք, թէ այդ մրցա­նա­կը ի­մաս­տուն, քա­ղա­քակր­թա­կան, մար­դա­սի­րա­կան ո՞ր խա­ղա­ղու­թեան հա­մար ար­ժա­նի հա­մա­րո­ւե­ցաւ.- ­Սեր­պիոյ ռմբա­կո­ծում­նե­րու կտրուկ ու խստա­գոյն ո­րոշ­մա՞ն հա­մար. Աֆ­ղա­նիս­տա­նի, ­Լի­պիոյ, ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի, ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ, Լի­բա­նա­նի եւ Ե­մէ­նի, Ա­րա­բա­կան ­Գար­նան դի­մաց հան­դի­սադ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեա՞ն, Ուք­րա­նիոյ, Խ­րի­մի թէ ­Թուր­քիոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած հան­դուր­ժո­ղու­թեա՞ն հա­մար։ Յս­տակ թո՛ղ ըլ­լայ. քսան տա­րիէ ա­ւե­լի կը գրեմ այս մէ­կը. Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն չկայ. եւ­րո­պա­կան շա­հեր կան, շատ յա­ճախ՝ շատ սխալ շա­հեր, հաս­տա­տե­լով որ քա­ղա­քա­կան ար­ժէք­նե­րը միշտ ալ ա­մէ­նէն ընտ­րեալ­նե­րը չեն ըլ­լար։

Ար­ժա­նըն­տիր ­Նո­պէ­լեան մրցա­նակ շնոր­հե­լու միեւ­նոյն թիւր մղում­նե­րով՝ 2012ին չի­նա­ցիի մը գրա­կա­նու­թեան ­Նո­պէլ շնոր­հո­ւե­ցաւ։ Են­թա­կան մրցա­պար­գե­ւը ստա­ցած մի­ջո­ցին ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ՝ ո՛չ իսկ մէկ բառ դրսե­ւո­րեց իր­մէ ա­ռաջ՝ ստեղ­ծա­րար մտքի ու գոր­ծի ան­կաշ­կանդ ար­տա­յայ­տու­թեան հա­մար ­Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած իր մէկ հա­մա­քա­ղա­քա­ցի չի­նա­ցիի մը մա­սին, որ տա­րա­խո­հի հան­գա­ման­քին հա­մար իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ բան­տար­կո­ւած կը պա­հո­ւի։
Ժա­մա­նա­կա­կից ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան նոյ­նան­ման (ան)սկզբունք­նե­րէ թե­լադ­րո­ւած՝ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ­Ճորճ ­Պու­շը, ­Հօ ­Շի ­Մի­նը, ­Հեն­րի ­Քի­շին­ճը­րը։ Նախ­կին Եու­կոս­լա­ւիոյ ­Սեր­պրէ­նի­ցա­յի մէջ, սերպ զօ­րա­վար Մ­լա­տի­չի գոր­ծադ­րած ջար­դը գիւ­ղի մը մահ­մե­տա­կան բնակ­չու­թեան դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնո­րո­շո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի, Ա­մե­րի­կա­յի ու Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ, իսկ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ կան­խամ­տա­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ամ­բողջ մարդ­կու­թեան կող­մէ չի դա­տա­պար­տո­ւիր, եւ զայն գոր­ծադ­րող պե­տու­թիւ­նը դեռ կ’ու­րա­նայ, կը ժխտէ ու ան­պա­տիժ կը մնայ։

Կ’ե­րե­ւի ար­դա­րու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր յա­ջոր­դող քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը բա­ցա­սա­կան մրցակ­ցու­թեան մը բաղ­դա­տա­կան ու յու­սա­հա­տեց­նող նոր եզ­րեր սկսած են բնո­րո­շել։ Իսկ 1932ին, Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Է­լէֆ­թե­րիոս ­Վե­նի­զե­լո­սը՝ ­Փոքր Ա­սիոյ Ա­ղէ­տէն տաս­նա­մեակ մը ետք (1922), ուր հայ եւ հել­լէն բնակ­չու­թիւ­նը ա­րեան մէջ խեղ­դուե­ցաւ, իր ժա­մա­նա­կի քա­ղա­քա­կան նկա­տում­նե­րով ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լը խա­ղա­ղու­թեան ­Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րեց։

Կ’ե­րե­ւի այն ա­տեն ալ ցե­ղաս­պան­նե­րուն քա­ղա­քա­կան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն կը յայտ­նո­ւէր օ­րո­ւան քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րը կշռե­լով՝ չհա­շո­ւե­լով, որ այդ­պի­սի ա­ռա­ջար­կի մը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բե­ռը որ­քան ծանր կը կշռէ։

Տե­սէ՛ք տար­բե­րու­թիւ­նը։ ­Նիւ­րէմ­պէր­կի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին հան­դի­սադ­րո­ւե­ցան 60.000 էջ կազ­մող վա­ւե­րա­կան փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կը պար­զէին դե­ղա­գոր­ծա­կան քար­թէլ­նե­րու կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած հա­կա­մարդ­կա­յին ու մար­դաս­պա­նա­կան վնաս­ներ պատ­ճա­ռող շի­ճուկ­նե­րու հսկա­յա­կան տո­ւեալ­ներ, ո­րոնք ապսպ­րո­ւած էին նա­ցիա­կան վար­չա­կազ­մին կող­մէ՝ մար­դիկ ոչն­չաց­նե­լու, ի­րենց մար­դա­կազ­մա­կան ջղա­յին դրու­թիւ­նը ջլա­տե­լու, ու­ղեղ­նե­րու կեն­սա­բա­նա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը խախ­տե­լու ու ա­նոր փո­խա­րէն ա­րիա­կան ցե­ղի ծի­նա­յին բջիջ­նե­րու ան­հա­մե­մատ ու «ո­րա­կա­յին» բարձ­րաց­ման ակն­կա­լու­թեամբ։

Ո՛չ դե­ղա­գոր­ծա­կան քար­թէլ­նե­րը դա­տա­պար­տո­ւե­ցան, ոչ ալ այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը յայտ­նա­բե­րող­նե­րը մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցան։

Այս բա­նե­րը, ա­ւե­լին՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներն ու ող­ջա­կի­զում­նե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի ջնջո­ւին մարդ­կա­յին յի­շո­ղու­թե­նէն, երբ մրցա­նակ­նե­րը քի­լո­յով կը տրա­մադ­րո­ւին ա­տոր դի­մաց չնչին ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցած մար­դոց։ ­Մինչ­դեռ մրցա­նակ­նե­րու գե­րար­ժա­նի հե­րոս­ներ ա­նա­նուն կը շա­րու­նա­կեն մնալ։ ­Խա­ւա­րամ­տու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար դա­րեր կ­’ու­զէ։


Եզ­րա­փա­կենք. 1918ին նա­հա­տա­կուած հա­զա­րա­ւոր հե­րոս­ներ ո՛չ ա­նու­նի, ո՛չ շքան­շա­նի, ո՛չ ար­ձա­նի կամ կի­սանդ­րիի ար­ժա­նա­ցան։ Ա­նոր կա­րի­քը չու­նէին ար­դէն։ Ի­րենց միտ­քէն ալ այդ­պի­սի բան չէր անց­ներ։

Ի­րա­կան հե­րոս­նե­րը ազ­գե­րու գո­յա­տեւ­ման ե­րաշ­խի­քը կու­տան, իսկ կեղծ ղե­կա­վար­ներ կը փճաց­նեն հայ­րե­նիք­նե­րը։

Ա­սոնք են մեր կեան­քի մեծ պա­հե­րը։ ­Հան­րա­պե­տա­կան կար­գեր ան­տե­սող պե­տու­թիւն­ներ եր­կար կեանք չեն կրնար ու­նե­նալ։

Ան­կա­խու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը իր դե­րը եր­բեք պէտք չէ վեր­ջաց­նէ, մին­չեւ որ կա­ւէ ոտ­քե­րով հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը պող­պա­տեայ ոտ­քե­րով օժ­տո­ւին…։