ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Եւրոպական Ֆորումի տեղեկահաւաք պատուիրակութեան հետ

30 de marzo de 2019

Buro_EuropaՀՅԴ Բիւրոյի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի Երեւանի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատուիրակութեան հանդիպումը Համերաշխութեան եւ ժողովրդավարութեան եւրոպական ֆորումի նախաձեռնած այցելութեան պատուիրակութեան հետ, որուն մէջ ընդգրկուած էին գիտնականներ եւ եւրոպական հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ: Տեղեկահաւաք այցելութիւնը մաս կը կազմէ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարութեան զարգացումները ուսումնասիրելու ծրագիրին, որուն կ՛աջակցի  Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան ողջունեց հիւրերը` կարեւոր նկատելով անոնց առաքելութիւնը շրջանի եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ` միտուած ժողովրդավարութեան զարգացումներու ուսումնասիրութեան: Արմէն Ռուստամեան  ներկայացուց Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական զարգացումները, հասարակութեան տրամադրութիւնները, երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ այլն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ  Դաշնակցութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն, իբրեւ  արտախորհրդարանական ուժ` թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ դերակատարութեան մասին: Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ Ֆորումի պատուիրակութեան տեղեկացուց, որ Գերագոյն մարմինի կողմէ կեանքի կոչուած որորտային յանձնախումբերը մեծ ծաւալի աշխատանքներ կ՛իրականացնեն` կառավարութեան գործունէութիւնը միշտ պահելով ուշադրութեան կեդրոնի մէջ:

Համերաշխութեան եւ ժողովրդավարութեան եւրոպական ֆորումը հիմնադրուած է 1993-ին, Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու եւ հիմնադրամներու կողմէ, նպատակ ունենալով տարբեր երկիրներու եւ աշխարհամասերու մէջ խթանել ընկերվարական եւ ժողովրդավարական արժէքներու զարգացումը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը անդամ է Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան: