ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի աջակցի Արցախի միջազգային ճանաչման

01 de febrero de 2018

Tavit-Ishjanian126-էն 28 յունուարին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է երկու տարին անգամ մը գումարուող` ՀՅԴ Արցախի կառոյցի Շրջանային ժողովը: ՀՅԴ Արցախի կառոյցի 2018-2020 թուականներու գլխաւոր ընելիքներուն մասին «Ապառաժ»-ը զրուցած է Կեդրոնական կոմիտէի վերընտրուած ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին հետ:

«Իբրեւ ռազմավարական նպատակ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր համահայկական կառոյցներուն միջոցով պէտք է աջակցի Արցախի միջազգային ճանաչման, Արցախի քաղաքական անկախութեան եւ տնտեսական ինքնաբաւութեան, բարեկամական խումբերու եւ շրջանակներու ընդլայնման եւ երկրի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման», ընդգծած է Դաւիթ Իշխանեան:

Ներքին քաղաքական իմաստով` կարեւոր նկատուած է Արցախի քաղաքական դաշտի կայացումը եւ քաղաքական ուժերու հետ փոխյարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը: «Ապագայ երկամեակին  լուրջ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք «Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մասին» եւ «Վարչատարածքային բաժանման մասին»  օրէնքներու ընդունման, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութենէն բխող շարք մը օրէնքներու», նշած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչը:

Շրջանային ժողովը ուշադրութեան արժանացուց նաեւ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման միտուած քայլերը: «Կեդրոնական կոմիտէին յանձնարարուեցաւ միացեալ աշխատանք տանիլ իշխանութիւններուն հետ եւ մշակել համապատասխան ռազմավարական ծրագիրներ` ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման, վերաբնակեցման եւ հայրենադարձութեան նպատակով»,  նշած է Դ. Իշխանեան:

Օրակարգային կարեւոր հարցերէն էին նաեւ 2020-ին տեղի ունենալիք  համապետական ընտրութիւնները: Քննարկուեցան «որոշակի առաջարկներ», իսկ ընտրութիւններուն ՀՅԴ Արցախի կառոյցի մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը պիտի յստականայ ապագայ  քննարկումներուն ընթացքին: