Հրանդ Մարգարեան. “Եթէ մեր դիմադրութեան բերդը չգրաւեն ներսէն, անկարելի է, որ գրաւուի դուրսէն”

09 de julio de 2018
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 յուլիսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան  Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:

Քննարկուած են հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:

Երկրին ղեկավարը նկատել տուած է, որ պահանջուած են նման քննարկումներ, որոնք դարձած են աւանդական:

Հանդիպումին կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:

Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան լրագրողներուն ըսած է. «Ղարաբաղը երբեք այսքան զգայուն, այսքան նուրբ, այսքան դիւրաբեկ վիճակի մէջ չէ յայտնուած: Մենք ունինք անվտանգութեան խնդիր, մենք խնդիր ունինք` այս փուլին ընելու ամէն ինչ, որպէսզի չէզոքանան արտաքին վտանգները: Այդ պատճառով պէտք է միասնականութիւն, ներքին միութիւն, կայունութիւն:

Ասիկա լուրջ հարց է, ասիկա Ղարաբաղի անվտանգութեան հետ կապուած խնդիր է: Ես պիտի ըսէի` անկէ աւելին ալ է: Հայ ժողովուրդը այսօր կրնայ լուրջ կորուստ ունենալ: Այդ կորուստը կը սկսի Ղարաբաղով եւ կը վերջանայ Հայաստանի անկախութեան կորուստով, եթէ մենք չզգաստանանք, եթէ չանդրադառնանք, որ համախմբուածութիւնը այսօր ամէնէն կարեւոր հարցն է:

Ամէնէն վտանգաւորը այս պահուն ներքին պառակտումն է, ներքին աթոռակռիւն է, որ պէտք է բացառել ամբողջութեամբ: Ղարաբաղը անցած 30 տարուան ընթացքին մեր այն ձեռքբերումն է, որ մենք իրաւունք չունինք որեւէ ձեւով վտանգելու: Վտանգել Արցախի ապագան` ազգային դաւաճանութիւն է: Եւ անկէ պէտք է խուսափիլ: Հարցը այն է, որ այս դիմադրութեան բերդը չեն կրնար գրաւել, եթէ ներսը` բերդին մէջ պառակտում չըլլայ: Եթէ բերդը չգրաւեն ներսէն, անկարելի է, որ կարենան դուրսէն գրաւել»:

Հանդիպում ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակին Մէջ

7 յուլիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ազգային ժողովի  «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Քննարկուած են Արցախի անվտանգութեան հետ կապուած, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան  վերաբերող հարցեր:

Ընկերներուն տեղեկութիւններ փոխանցուած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի մանրամասնութիւններէն:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են նաեւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ընելիքները եւ դերակատարութեան ապահովումը ներքին միասնութեան պահպանման ուղղութեամբ: