Հրանդ Տինք եւ Մեսրոպ Պատրիարք

30 de julio de 2019

1996ի այն օ­րէն ասդին, երբ սկսաւ հրա­տա­րա­կուիլ «Ա­կօս» թրքա­լե­զու շա­բա­թա­թերթը (ունի հա­յե­րէն մասնա­կի է­ջեր), ո՛չ միայն պոլսա­հայ հրա­պա­րա­կագրութեան, այլեւ բո­վանդակ Թուրքիոյ մամլոյ կեանքին մէջ հետզհե­տէ տի­րա­պե­տող ա­նուն մը դարձաւ ա­նոր խմբա­գի­րը՝ Հրանդ Տինք:
Հրանդ Տինք իր թերթին Ա. է­ջին վրայ ստո­րագրած ա­ռաջնորդող յօ­դուածնե­րով ու վերլուծա­կան գրութիւննե­րով Ե­րեւոյթ մը դարձաւ շուտով: Իր յանդուգն ու սրտա­բուխ արտա­յայտութիւննե­րը եւ «թա­պու»ներ քանդե­լու պատրաստա­կա­մութիւնը նո­րութիւններ կը բե­րէին ընթերցո­ղին, բազմութիւններ կը հաւա­քէին իր շուրջ:
Քի­չեր գի­տեն սա­կայն, որ «Ա­կօս»ի հիմնադրութեան մէջ էա­կան ու կա­րեւոր դեր ունե­ցած էր նաեւ Մեսրոպ ե­պիսկո­պոս Մութաֆեան, որ արդէն, սկզբնա­կան շրջա­նին, յօ­դուածնե­րով կ՛աշխա­տակցէր թերթին:
Երկուքն ալ, Մեսրոպ ե­պիսկ. եւ Հրանդ Տինք, հա­մա­կարծիք էին այն գա­ղա­փա­րին՝ թէ հարկ էր դուրս բե­րել պոլսա­հայ հա­մայնքը իր աւանդա­կան նե­րամփոփ ու մե­կուսա­ցեալ վի­ճա­կէն ու զայն բա­նալ դէ­պի թուրք հանրութիւնը, դէ­պի արտա­քին աշխարհ:
Օգտա­կար ու բա­րե­րա՞ր էր այսպի­սի ա­ռա­ջադրանք մը, չեմ գի­տեր: Ստոյգ է սա­կայն, որ ա՛յդ նպա­տա­կով կը հիմնուէր «Ա­կօս»ը, որ ա­ռաւե­լա­բար թրքե­րէն հրա­տա­րա­կութիւն մըն էր ու խօ­սա­կից պի­տի ունե­նար թրքա­լե­զու այլա­զան բազմութիւններ (հայ, թուրք, քիւրտ), ա­նոնց պատմէր հա0000Sharoyan2յուն երգերն ու վէրքե­րը…:
Պատրիարքա­կան ընտրութիւննե­րէն ետք, 90ա­կան թուա­կաննե­րու վերջե­րը, նկա­տե­լի սկսաւ դառնալ ա­մէ­նուն, թէ հետզհե­տէ խրա­մատ մը կը բա­ցուէր ընդմէջ նո­րընտիր պատրիարքին ու «Ա­կօս»ի խմբա­գի­րին: Գա­ղա­փա­րա­կից նախկին գործընկերնե­րը տա­կաւ առ տա­կաւ կը հե­ռա­նա­յին ի­րարմէ, սլաքներ կ՛արձա­կէին ի­րա­րու, ալ չէին հանդուրժեր զի­րար…:
Յա­ջորդող տա­րի­նե­րը հաշտութեան կամ բա­րե­կա­մութեան վե­րա­հաստատման հո­րի­զոններ չբա­ցին բնաւ: Հրանդ Տինք ու Մեսրոպ պատրիարք մնա­ցին հա­մայնքին ա­մէ­նէն ե­րեւե­լի երկու անհաշտ դէմքե­րը…: Մեսրոպ պատրիարք «Ա­կօս»ի մէջ շա­րունակ թի­րախ դարձաւ Տինքի ծանր եւ կծու քննա­դա­տութիւննե­րուն: 2005ին, մեր այս սի­րե­լի երկու դէմքե­րուն հա­կադրութիւնը հա­սեր էր արդէն անբաղձա­լի հա­մե­մա­տութիւննե­րու: Հրանդ Տինք տեւա­բար կը մե­ղադրէր պատրիարքը հա­մայնքին վրայ «մե­նա­տի­րութիւն» հաստա­տե­լու յանցանքով, կը պնդէր որ ան շրջա­պա­տուիլ կ՛ուզէ մի­միայն ի­րեն հլու-հնա­զանդ ե­ղող «մանկլաւիկներ»ով…: «Մենք պատրիարքին հե­տեւորդնե­րը ըլլալ չենք ուզեր», կը գրէր Հրանդ: Այս սուր հա­կադրութիւնը բնա­կա­նա­բար արձա­գանգ կը գտնէր նաեւ թուրք մա­մուլին մէջ: Եւ պատրիարքն ալ, «Հիւրրիէթ» թերթին տրուած հարցազրոյցով մը կը յայտա­րա­րէր, թէ «Հրանդ Տինք հայ հա­մայնքը կը վարկա­բե­կէ»…:
Ա­հա՛ այսպի­սի ձգտեալ ու վա­տա­ռողջ պայքա­րի մը տաք մթնո­լորտին մէջ, յանկարծ, Մեսրոպ պատրիարք «Ա­կօս»ի (նաեւ հա­յա­տառ «Ժա­մա­նակ» օ­րա­թերթին) դէմ ի գործ կը դնէր անսո­վոր պա­տիժ մը. կ՛արգի­լէր Ազգ. Պատրիարքա­րա­նի ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կողմէ ա­մէն տե­սակ ծա­նուցումնե­րու հրա­տա­րա­կումը յի­շեալ երկու թերթե­րուն մէջ:
Այս քայլը ուրիշ բան չէր նշա­նա­կեր, ե­թէ ոչ տնտե­սա­պէս «խեղդել» երկու թերթե­րը…:
Այս անբաղձա­լի վի­ճա­կը պի­տի շա­րունա­կուէր ընդերկա՜ր, մինչեւ Հրանդ Տինքի ցնցիչ սպա­նութիւնը՝ 2007 Յունուա­րին:
Հրանդ Տինք դի­տա­պաստ գե­տին փռուե­ցաւ «Ա­կօս»ի խմբագրա­տան առջեւ: Այդ պատկե­րը չե՛նք կրնար մոռնալ:
Բայց չենք կրնար մոռնալ նաեւ Մեսրոպ պատրիարքին արցունքնե­րը՝ երբ ան կը դամբա­նա­խօ­սէր Հրանդին յուղարկաւո­րութեան օ­րը, ա­նոր դա­գա­ղին վե­րեւ…:
Հրանդ Տինքի անմո­ռա­նա­լի ու ամբողջ Պո­լի­սը ոտքի հա­նող արտա­սո­վոր յուղարկաւո­րութեան այդ օ­րը, ո՛չ ոք կրնար ե­րեւա­կա­յել, թէ Մեսրոպ պատրիարքին աչքե­րէն հո­սող արցունքնե­րը, ի­րա­կա­նութեան մէջ, նա­խանշաններն էին վե­րա­հաս տա­րօ­րի­նակ հիւանդութեան մը:
Ա­յո՛, պատրիարք սրբա­զա­նին այդ արցունքնե­րը միայն ծայրա­յեղ յուզումի կամ խո­րունկ վիշտի հե­տեւանք չէին: Իր ներսի­դին արդէն իսկ սո­ղոսկած էր անտե­սա­նա­լի ու թա­քուն ախտ մը, որ մէկ-մէ­կուկէս տա­րուան ընթացքին՝ հետզհե­տէ պի­տի քանդէր ո՛չ միայն իր ֆի­զի­քա­կան ա­մուր կազմուածքը, այլեւ պի­տի մա­շեցնէր զինք մտա­պէս ու հո­գե­պէս:
Պատրիարքին այս դառնա­ղէտ վի­ճա­կը ինծի կը յի­շեցնէր պա­ղեստինցի հռչա­կա­նուն ղե­կա­վար Եա­սըր Ա­րաֆա­թի ո­դի­սա­կա­նը: Ան ալ խորհրդաւոր ախտի մը զոհ չէ՞ր գա­ցած 2004ին:
2007ի ամբողջ տեւո­ղութեան, ա­մէն ոք պի­տի սկսէր նշմա­րել, թէ հա­յոց պատրիարքը այլեւս նախկի­նը չէր: Քա­րո­զե­լու, խօ­սե­լու, զրուցե­լու իր երբեմնի կա­րո­ղութիւնը կը նա­հանջէր ա­րագ թա­փով: Այլեւս շուտ կը յուզուէր, աչքե­րը յա­ճախ կը տամկա­նա­յին, յի­շո­ղութեան լուրջ կո­րուստներ կ՛ունե­նար, մե­կուսա­նա­լու անբնա­կան հա­կա­մի­տութիւն ցոյց կու տար: Ե՛ս ալ ա­կա­նա­տես ե­ղած էի, թէ ան ինչպէ՛ս փղձկե­ցաւ յանկարծ ու իր խօսքը ա­նաւարտ թո­ղուց՝ երբ հրաւի­րուած էր արտա­սա­նե­լու գրա­գէտ Ռ. Հատտէ­ճեա­նի 80ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան հանդէ­սին հուսկ բանքը (Մա­յիս 2007):
Յա­ջորդող ա­միսնե­րը բա­րի լուրեր չբե­րին մե­զի: Պատրիարք սրբա­զա­նին հիւանդութիւնը անդառնա­լիօ­րէն մտա­հո­գիչ բնոյթ ստա­ցաւ: 2008ին ա՛լ ա­ներկբա­յօ­րէն կը հաստա­տուէր, որ պոլսա­հա­յոց հո­վուա­պե­տը մտած էր դէ­պի մա­հա­քուն ա­ռաջնորդող դժխեմ ճամբու մը մէջ, տա­կաւ կազմա­լուծուե­լով ֆի­զի­քա­պէս ու կորսնցնե­լով նոյնիսկ քա­լե­լու, շարժե­լու կամ կլլե­լու իր բնազդա­յին կա­րո­ղութիւննե­րը…: Ան մնա­յուն դարմա­նումի ու խնամքի տակ կ՛առնուէր Պոլսոյ հա­յոց գթութեան տան՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդա­նո­ցին մէջ. տա՜սը տա­րի՝ անկողնոյ ծա­ռա­յութիւն, անգի­տա­կից վի­ճա­կով եւ Բուսա­կան «վհա­տե­ցուցիչ» կեանք մը:
Իր այնքա՜ն փայփա­յած ե­րազնե­րէն մէկ քա­նին (Աղթա­մա­րի Ս. Պա­տա­րա­գը, Տիգրա­նա­կերտի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցիին վե­րա­նո­րո­գութիւնը եւ այլն) կ՛ի­րա­կա­նա­նա­յին՝ ա­ռանց որ ինք տե­ղեակ ըլլար ա­նոնց:
Տա­րա­բախտ պատրիարքը իր վերջին շունչը փչեց 8 Մարտ 2019ին, իր նա­խորդ Գա­զանճեան Գա­րե­գին պատրիարքին վախճա­նումէն ճի՛շդ 21 տա­րի ետք (10 Մարտ 1998) ու իր «հո­գեւոր ծնող» Շնորհք պատրիարքին արկա­ծա­հար վախճա­նումէն ճի՛շդ 29 տա­րի ետք (7 Մարտ 1990):
Խունկ, մոմ եւ թարմ ծա­ղիկներ՝ իր հո­ղա­կոյտին վրայ: