Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եղբայրները այցելեցին ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

13 de octubre de 2018

Homent_Nersés-BedrósՀ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանին այցելեցին ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին։

Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր միութեան 100ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր ներկայացուցիչը առաքելուն ուղղութեամբ։ Ապա, Պատրիարք Հօր փոխանցուեցաւ 100ամեակի ժամացոյցն ու100ամեակի նուիրուած դրոշմաթուղթի յատուկ օրինակը։

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը դրուատեց միութեան 100ամեակի իրականացած ձեռնարկներն ու տարողութիւնը, յաջողութիւն մաղթելով յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն ուղղութեամբ։