Հ.Մ.Ը.Մ. Մոնթէվիտէօ ֆութսալի ախոյեան

17 de julio de 2017

plantel-Futsal-Montevideo-Homenetmen-1Նկատի ունենալով Ուրուկուայի մէջ տիրապետող մշակոյթը, ֆութպոլը եղած է միշտ ամենազորաւիգ մարզախաղը: Մեր մասնաճիւղը իր կեանքի 30 տարիներու ընթացքին տարբեր մրցումներու մասնակցած է, ներմուծելով աւանդական ֆութպոլը մինջեւ սրահի ֆութպոլը:

Պատմութեան ընթացքին ստացած են մարզական տարբեր արդիւնքեր ոմանք լաւեր, ուրիշներ ոչ այնքան, բայց միշտ նշան ունեցած է որ ֆութպոլի միջոցաւ հասնինք ՀՄԸՄ-ի նպատակներուն, որոնք ինչպէս բոլորիս ծանոթ է ճշգրիտ մարզական ծիրէն անդին ուղեգիծ ունի:

Անցեալ տարուայ պէս, այս տարի ալ մեր երիտասարդները կը մասնակցին Ֆութսալի Ազգային միութեան: 2016-ին խմբակը կարողացաւ ձեռք բերել ամենապակաս յաղթուած դարպասի մրցանակը եւ յայտնուեցաւ իբր փոխ ախոյեան, միասնաբար կազմուեցաւ տարուան ընթացքին խաղցող խմբակը:

Երիտասարդներով  ուժեղացած այս յանձնակազմը 2017-ը սկսաւ դրական ձեով: քանի մը խաղերէ ետք կարողացաւ Արծաթեայ Բաժակին վերջին յանգրուանին հասնիլ: Կիրակի 2 Յուլիսին իրարու մէջ խաղացին ՀՄԸՄ-ի եւ Խուվէնդուտ Ունիտա (միացած երիտասարդութիւն): Շատ դժուար խաղ մը եղաւ որուն ընթացքին հակառակորդին դէմ բանեցուցած ճնշումին առթիւ ՀՄԸՄ-ը կարողացաւ, քանի մը վայրկեան սկսած, Միքայէլ Տեմիրճեանի կատարած կոլով յառաջացած դիրք ունենալ: Յետոյ խաղը վերջանալէ քանի մը վայրկեան առաջ Միսաք Փանոսեանի կատարած կոլով ՀՄԸՄ-ը շահեցաւ 2-0 արդիւնքով:

plantel-Futsal-Montevideo-HomenetmenՅուլիս 5-ին կատարուած մրցանակաբաշխութեան ատենը ախոյեանութեան բաժակէն զատ ՀՄԸՄ-ը ստացաւ ֆէր բլէյի բաժակը:  Այս բաժակը հպարտութեամբ կը լեցնէ մեզ քանի ցոյց կու տայ մեր մարզիկներու պատասխանատւութիւնը, մարզանգի արդարութեան եւ հաւատարմութեան արժեքներով եւ արժեքաւորելով որ խաղալէ զատ մրցիլը, հայութեան եւ ՀՄԸՄ-ի անունը բարձր պահելը աւելի կարեւոր են:

Մեր շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք Մասնաճիւղի վարչւոթեան կողմէ մեր ախոյեաններուն մաղթելով յառաջիկայ մրցումներուն նորանոր յաղթական դիրքեր:

Անձնակազմը.վերի կարգ ձախէն աջ. Միսաք Տէրտէրեան, Ալէխօ Մոզեան, Խէրարտօ Փոլատեան, Ժաննի Թրիփօտի, Քիան Գապէզաս, Գարլօս Պիանչի (Coach): Վարի կարգ ձախէ նաջ. Միքայէլ Տէմիրճեան, Տիէկօ Գույումճեան, Միսաք Փանոսեան, Արամ Վարժապետեան, Անդրանիկ Փանոսեան, Կապրիէլ Պարսամեան, կը պակսին Րաֆֆի Տէմիրճեանի եւ ԳարլոսՄարգարեանի նկարները:

Կը հրաւիրենք հետեւիլ մեր խմբակին Facebook-ի միջոցաւ ՀՄԸՄ Homenetmen Montevideo  էջին Likeընելով:

Կեցցէ ՀՄԸՄ-ը

Մոնթէվիտէօ-ի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութիւն