«Գանձասար»-ի խմբագրական

Մարդասիրական օժանդակութեան մէկ այլ արտայայտութիւն

15 de febrero de 2019

Contigente-humanitarioՕրերս Հայաստանի Հանրապետութենէն Սուրիա ժամանեց մարդասիրական օժանդակութեան մասնագէտներու խումբը, որուն մաս կը կազմեն բժիշկներ, ականազերծման մասնագէտներ եւ անոնց ապահովութեան հսկող ուժեր:

Խումբը հասաւ Հալէպ, աղիտալի այս քաղաքին զինեալ բախումներէ բացառապէս զերծ շրջաններուն մէջ մարդասիրական ու խաղաղասիրական աշխատանք տանելու՝ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու պատերազմէն տուժած տեղւոյն բնակչութեան, որպէսզի ան յետպատերազմեան այս շրջանին աղէտին հետքերը թօթափէ, ականներէն պաշտպանուելու եւ նախազգուշութիւն ձեռք բերելու համար մասնագիտական օժանդակութիւն ստանայ:

Մասնագէտներու այս խումբը կը ծրագրէ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան եւս իրազեկ դարձնել ականներէ պաշտպանուելու միջոցներուն, նախազգուշական դասընթացքներ կազմակերպելով անոնց համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ միջեւ պետական համաձայնութեան հիման վրայ առաքուած մարդասիրական այս օժանդակութիւնը ողջունելի է քանի մը նկատառումներով.
Ա) Նման օժանդակութիւն, իրականութեան մէջ, խաղաղասիրական քայլ է, որովհետեւ պատերազմէն ահաւոր վնասներ կրած ու հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդը կը նախապատրաստէ խաղաղ կեանք վարելու՝ բարոյապէս նեցուկ կանգնելով անոր ու նպաստելով, որ ան հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս թօթափէ պատերազմին դժուարութիւնները, անապահովութեան վախը եւ կորուստներուն առթած ցաւը:

Բ) Սա Հայաստանի Հանրապետութեան երախտագիտութեան մէկ արտայայտութիւնն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ պատմութեան ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ անվերապահօրէն նեցուկ կանգնած ու օգնութեան ձեռք երկարած է հայ ժողովուրդին՝ աղիտալի իր օրերուն:

Գ) Օժանդակութիւնը Հայաստան-Սուրիա բարեկամական, պատմական յարաբերութիւներուն ամրագրման նպաստող քայլ մըն է նաեւ: Այս երկիրները, պատմութեան ընթացքին ճակատագրակից եղած են թէ՛ իրենց գերիշխանութեան պահպանման նկրտումներուն մէջ եւ թէ տարածաշրջանի գաղութատիրական ախորժակներ ունեցող երկիրներուն սադրանքները դիմադրելու իմաստով:

Դ) Հայաստանի մարդասիրական այս օժանդակութիւնը ուղղուած է յատկապէս Սուրիոյ ժողովուրդին, որուն անբաժանելի մէկ մասն է սուրիահայ համայնքը՝ անոր հետ մաքառած, պատերազմի միեւնոյն դառն բաժակէն ըմպած եւ հակառակ այս բոլորին, կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ ազգերու համերաշխ գոյակցութեան մեծագոյն օրինակը հանդիսացած:

Հայաստանն ու հայութիւնը, ընդհանրապէս, խաղաղութեան, տագնապներու քաղաքական լուծման ջատագովը եղած են: Անոնք մշտապէս հաւատացած են, որ խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ կը թելադրէ երկխօսութիւն եւ պետութիւններու գերիշխանութեան իրաւունքի պահպանում:

Այս իմաստով Հայաստանն ու հայութիւնը Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններու տագնապներու յաղթահարման մէջ դրական ներգործութիւն ունեցած են, մին՝ իբրեւ պետութիւն, միւսը՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ կառուցողական ներկայութիւն ունեցող փոքրամասնութիւն:

Այս բոլորին լոյսին տակ պէտք է արժեւորել Հայաստանի մարդասիրական օժանդակութեան խիզախ քայլը: Քայլ մը , որ առաջինը չէր, այլ շարունակութիւնն էր սուրիական տագնապի ողջ ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցութեան եւ Սուրիա առաքած օժանդակութիւններուն: Փաստօրէն Հայաստան այն միակ երկիրն էր, որ պատերազմի տարիներուն Հալէպի մէջ բաց պահեց իր հիւպատոսարանը, այնպէս ինչպէս Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը, գրկաբաց ընդունեց Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը եւ իր կարելին ըրաւ պարբերաբար օժանդակութիւններ ուղարկելու պատերազմի քուրային մէջ յայտնուած Սուրիոյ տագնապահար ժողովուրդին: